Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 18

Արժէքաւոր տեղեկութիւն տալ

Արժէքաւոր տեղեկութիւն տալ

Ա. Կորնթացիս 9։19-23

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ նիւթին մասին մտածէ եւ զգայ որ շատ կարեւոր բան մը սորվեցաւ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նկատի առ թէ քեզի մտիկ ընողները ինչ գիտեն։ Փոխանակ պարզապէս կրկնելու այն ինչ որ արդէն լսած են, իրենց օգնէ որ նիւթը նոր անկիւնէ մը դիտեն։

  • Պրպտէ եւ խոկա։ Գլխաւոր գաղափարները բացատրելու համար, նիւթիդ մէջ պարփակէ հետաքրքրական եւ նոր իրողութիւններ կամ դէպքեր։ Բայց վստահ եղիր որ ատոնք նիւթին կը յարմարին։

  • Ցոյց տուր որ նիւթդ գործնական է։ Բացատրէ, թէ սուրբգրային կէտերը ինչպէ՛ս կրնան քեզի մտիկ ընողներուն օգնել իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։ Խօսէ ծանօթ պարագաներու եւ վարուելակերպերու մասին, որոնք կ’ազդեն իրենց։