Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 20

Լաւ եզրափակել

Լաւ եզրափակել

Ժողովող 12։13, 14

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Վերջին խօսքերովդ քեզի մտիկ ընողը քաջալերէ, որ սորվածը ընդունի եւ գործադրէ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Եզրափակումը ընդհանուր նիւթին հետ կապէ։ Բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը նորէն նշէ։

  • Քեզի մտիկ ընողները քաջալերէ։ Անոնց օգնէ որ գիտնան թէ ի՛նչ պէտք է ընեն եւ ինչո՛ւ պէտք է ընեն։ Ըսելիքներդ համոզումով ըսէ եւ ցոյց տուր որ կարեւոր են։

  • Եզրափակումը պարզ եւ կարճ պահէ։ Նոր կէտեր մի՛ նշեր։ Քիչ բառեր գործածելով՝ վերջին անգամ ըլլալով քեզի մտիկ ընողները գործի մղէ։