Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 4

Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել

Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել

Մատթէոս 22։41-45

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին միտքը պատրաստել՝ համար մը կարդալէ առաջ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Մտածէ թէ ինչո՛ւ համարը կը կարդաս։ Ամէն մէկ համար այնպէս մը ներկայացուր, որ քեզի մտիկ ընողներուն օգնես գտնելու այն կէտը՝ որ կ’ուզես շեշտել։

  • Միշտ Սուրբ Գիրքէն սորվեցուր։ Մարդոց հետ խօսած ատեն ըսելիքներդ Սուրբ Գիրքէն թող ըլլան, որ տեսնեն թէ Աստուծո՛յ գաղափարները կը փոխանցես։

  • Համարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցուր։ Հարցում մը հարցուր եւ համարով պատասխանէ։ Խնդիր մը ներկայացուր եւ համարով լուծումը տուր։ Կամ սկզբունք մը նշէ եւ սուրբգրային դէպքով մը յստակացուր։