Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 7

Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Ղուկաս 1։3

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Ճշգրիտ եւ վստահելի տեղեկութիւններ փոխանցել, որ քեզի մտիկ ընողը կարենայ ճիշդ եզրակացութեան հասնիլ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Վստահելի տեղեկութիւններ գտիր ու գործածէ։ Ըսելիքներդ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնէ, ուղղակի անկէ կարդալով՝ երբ կարելի է։ Եթէ պիտի խօսիս գիտական իրողութեան, լուրի, փորձառութեան կամ ուրիշ կէտի մը մասին, սկիզբէն վստահ եղիր որ ատիկա վստահելի եւ արդի տեղեկութիւն է։

  • Տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով գործածէ։ Համարը կիրարկած կերպդ ներդաշնակ թող ըլլայ ատոր բովանդակութեան, Աստուածաշունչին տեսակէտին եւ մեր հրատարակութիւններուն հետ (Մատ. 24։45)։ Իսկ եթէ աշխարհիկ աղբիւրէ տեղեկութիւն պիտի տաս, վստահ եղիր որ ատիկա տաս ինչպէս որ է։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն հետ տրամաբանէ։ Համար մը կարդալէ կամ տեղեկութիւն մը մէջբերելէ ետք, փափկանկատ հարցումներ հարցուր կամ կէտին իմաստը յստակացուր, որ իրե՛նք եզրակացութեան հասնին։