Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 12

Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտել

Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտել

Սուրբ Գիրքը սերտելը օգտակար է, բայց կրնայ միշտ դիւրին չըլլալ։ Ատեններ թերեւս մտածես, թէ արդեօք պիտի կարենա՞ս շարունակել Սուրբ Գիրքը սերտել։ Լաւ, ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք ընել, որ շարունակես սերտել։ Եւ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ շարունակես սերտել հակառակ դժուարութիւններուն։

1. Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (Եբրայեցիս 4։12)։ Սուրբ Գիրքը արժէքաւոր է, քանի որ անոր միջոցաւ կը գիտնաս Աստուծոյ մտածումները եւ իր սէրը քեզի հանդէպ։ Անիկա ոչ միայն գիտելիքներ կու տայ, հապա նաեւ՝ իսկական իմաստութիւն եւ յոյս։ Ամենակարեւորը, անիկա քեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի բարեկամը ըլլաս։ Սուրբ Գիրքը սերտելով, կը ձգես որ կեանքդ լաւացնէ։

2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւններուն արժէքը գիտնանք

Սուրբ Գիրքին մէջի ճշմարտութիւնները գանձերու կը նմանին։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ճշմարտութիւնը ծախու առնենք ու չծախենք’ (Առակաց 23։23)։ Երբ միշտ յիշենք, որ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները արժէքաւոր են, ամէն ջանք կ’ընենք, որ շարունակենք սերտել, նոյնիսկ երբ արգելքներու առջեւ գտնուինք (կարդա՛ Առակաց 2։4, 5

3. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ շարունակես սերտել

Ամենակարող Ստեղծիչը եւ Բարեկամդ ըլլալով, ամէնէն շատ Եհովա՛ն քեզ կը ճանչնայ եւ կ’ուզէ քեզի օգնել, որ իր մասին գիտնաս։ Ան կրնայ ‘քեզ զօրացնել’ որ իր Խօսքը սերտես (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։ Օրինակ, եթէ ատեններ սիրտ չունիս, եւ օգնութեան պէտք ունիս, որ փափաքիս սերտել կամ սորվածդ գործադրել, ան կրնայ քեզի օգնել։ Իսկ եթէ առջեւդ ելլեն արգելքներ կամ հակառակութիւն, եւ պէտք եղած ուժը չունիս, որ անոնց հետ գլուխ ելլես, ան կրնայ քեզի ոյժ տալ։ Եհովային միշտ աղօթէ որ քեզի օգնէ, որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտել (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս շարունակել Սուրբ Գիրքը սերտել, հակառակ անոր որ խճողուած յայտագիր ունիս կամ ուրիշներ քեզի կը հակառակին։ Եւ տե՛ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։

4. Սուրբ Գիրքը սերտելը կեանքիդ մէջ կարեւոր տեղ թող ունենայ

Ատեններ մեր կեանքը այնքա՛ն խճողուած կ’ըլլայ, որ կը զգանք թէ ժամանակ չունինք Սուրբ Գիրքը սերտելու։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 1։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կեանքի մէջ ի՞նչ կարգ մը բաներ կը սեպես «լաւ», այսինքն՝ աւելի կարեւոր։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել որ Սուրբ Գիրքը սերտելը կեանքիդ մէջ կարեւոր տեղ ունենայ։

  1. Ա. Եթէ գաւաթի մը մէջ աւազ դնես եւ ետքը քարեր աւելցնես, քարերը գաւաթին մէջ պիտի չբաւեն

  2. Բ. Եթէ նա՛խ քարերը դնես, տեղ պիտի մնայ որ աւազին մեծ մասը աւելցնես։ Նոյնպէս, եթէ աւելի կարեւոր բաները կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես, պիտի կարենաս անոնք ընել, եւ ուրիշ բաներ ընելու ալ ժամանակ պիտի ունենաս

Մենք պէտք ունինք որ Աստուած ճանչնանք եւ զինք պաշտենք, եւ Սուրբ Գիրքը սերտելով այդ պէտքը կը գոհացնենք։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 4։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Սուրբ Գիրքը սերտելուն կարեւոր տեղ տանք մեր կեանքին մէջ։

5. Հակառակութիւնը թող քեզ չկեցնէ

Երբեմն ոմանք թերեւս փորձեն արգելք ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը սերտես։ Նկատի առ թէ ի՛նչ եղաւ Ֆրանչեսքոյին հետ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Ֆրանչեսքոյին ընկերները եւ ընտանիքը ի՞նչ ըրին, երբ իրենց պատմեց իր սորվածները։

  • Ան ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ, քանի որ չյանձնուեցաւ։

Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ կարծիքը ի՞նչ է սորվածներուդ մասին։

  • Այս համարներուն համաձայն, ինչպէ՞ս պէտք է վարուիս, եթէ կայ մէկը որ ուրախ չէ որ Սուրբ Գիրքը կը սերտես։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

6. Եհովային վստահէ որ քեզի օգնէ

Երբ Եհովային աւելի կը մօտենանք, զինք հաճեցնելու մեր փափաքը կ’աւելնայ։ Բայց մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ, որ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընենք, ի՛ր ուզած կերպով ապրելու համար։ Եթէ օրին մէկը այդպէս զգաս, մի՛ յանձնուիր. Եհովան քեզի պիտի օգնէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Ճիմը ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրաւ, որպէսզի Եհովան հաճեցնէ։

  • Անոր փորձառութեան մէջ ի՞նչ բան ուշադրութիւնդ կը գրաւէ։

Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 11։6 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ անոնց, որոնք «զինք կը փնտռեն», այսինքն՝ ամէն ջանք կ’ընեն որ զինք ճանչնան եւ հաճեցնեն։

  • Այս համարին համաձայն, Եհովան կ’ուրախանա՞յ, երբ կը տեսնէ Սուրբ Գիրքը սերտելու ջանքերդ։ Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես։

ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքը կը սերտես Եհովայի վկաներուն հետ»։

  • Ի՞նչ կը պատասխանես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Թէեւ Սուրբ Գիրքը սերտելը միշտ դիւրին չէ, բայց կրնայ քեզի օգնել, որ կեանքը վայելես յաւիտեան։ Շարունակէ Եհովային վստահիլ, եւ ան քեզ պիտի օրհնէ։

Վերաքաղ

  • Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները ինչո՞ւ արժէքաւոր են քեզի համար։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի կարեւոր բաները ընտրել։

  • Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն խնդրես, որ քեզի օգնէ որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ չորս կերպեր, որոնք շատ մը մարդոց օգնած են, որ իրենց ժամանակը իմաստութեամբ գործածեն։

«Ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակդ լաւ կերպով գործածել» (Զարթի՛ր փետրուար 2014, արաբ.)

Տե՛ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց կնոջ մը, որուն ամուսինը չէր հասկնար թէ ան ինչո՛ւ ջանք կ’ընէր որ Աստուած հաճեցնէր։

Եհովան մեզ կը զօրացնէ որ մեր բեռը շալկենք (5։05)

Տե՛ս թէ մարդ մը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ, քանի որ իր կինը չյանձնուեցաւ։

Ճշմարտութիւնը քննեցի (6։30)

Մարդիկ երբեմն Եհովայի վկաները կ’այպանեն, ըսելով որ ընտանիքները կը քանդեն։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։

«Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդե՞ն թէ կը շինեն» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)