ԴԱՍ 14
Մեր պաշտամունքը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուած հաճեցնել
Ինչպէս նախորդ դասին մէջ խօսեցանք, ամէն կրօնք Աստուած չի հաճեցներ։ Սակայն կրնանք մեր Ստեղծիչը պաշտել կերպով մը, որ զինք կ’ուրախացնէ։ Ի՞նչ է այն «կրօնասիրութիւնը», կամ՝ կրօնքը, որ զինք կը հաճեցնէ (Յակոբոս 1։27)։ Նկատի առ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ։
1. Մեր պաշտամունքը ինչի՞ վրայ պէտք է հիմնուի
Մեր պաշտամունքը պէտք է հիմնուի Սուրբ Գիրքին վրայ։ Յիսուս Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Կարգ մը կրօնքներ կ’անտեսեն այն ճշմարտութիւնը, որ գրուած է Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոր տեղ կը սորվեցնեն մարդկային ուսուցումներ եւ աւանդութիւններ։ Բայց Եհովան չի հաճիր անոնց, որոնք ‘կ’անարգեն իր պատուիրանքը’ (կարդա՛ Մարկոս 7։9)։ Միւս կողմէ, իր սիրտը կ’ուրախացնենք, երբ մեր պաշտամունքը կը հիմնենք Սուրբ Գիրքին վրայ եւ կը հետեւինք իր տուած խրատներուն։
2. Ինչպէ՞ս պէտք է Եհովան պաշտենք
Որովհետեւ Եհովան մեր Ստեղծիչն է, միայն ինք արժանի է մեր պաշտամունքին (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է զինք սիրենք եւ միայն զինք պաշտենք, առանց գործածելու որեւէ արձան կամ նկար (կարդա՛ Եսայի 42։8)։
Մեր պաշտամունքը պէտք է ‘սուրբ եւ Աստուծոյ հաճելի’ ըլլայ (Հռովմայեցիս 12։1)։ Ասիկա ըսել է, թէ պէտք է իր օրէնքներուն հնազանդինք։ Օրինակ, անոնք՝ որոնք կը սիրեն Եհովան, կը սիրեն ամուսնութեան նկատմամբ իր չափանիշները եւ անոնց կը հետեւին։ Եւ հեռու կը մնան վնասակար սովորութիւններէ, օրինակ՝ ծխել կամ թմրեցուցիչ գործածել կամ չափազանց խմիչք խմել a։
3. Ինչո՞ւ պէտք է հաւատակիցներու հետ Եհովան պաշտենք
Մեր շաբաթական ժողովները առիթ կու տան ‘Տէրը գովելու ժողովուրդին մէջ’, կամ՝ ժողովքին մէջ (Սաղմոս 111։1, 2)։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ երգերով Աստուած փառաբանել (կարդա՛ Սաղմոս 104։33)։ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ որ ժողովներու երթանք, քանի որ մեզ կը սիրէ եւ գիտէ որ անոնք մեզի պիտի օգնեն, որ կեանքը վայելենք յաւիտեա՛ն։ Երբ քով–քովի գանք, թէ՛ մենք կը քաջալերուինք եւ թէ ուրիշները կը քաջալերենք։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Նկատի առ թէ Եհովան ինչո՛ւ չ’ուզեր, որ իր պաշտամունքին մէջ նկարներ կամ արձաններ գործածուին։ Սորվէ՛ Աստուած փառաբանելու կարեւոր կերպեր։
4. Պէտք չէ նկարներ կամ արձաններ գործածենք մեր պաշտամունքին մէջ
Ինչպէ՞ս գիտենք որ եթէ այդպէս ընենք, Աստուած պիտի չընդունի։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
-
Սուրբ Գիրքի օրերուն, ի՞նչ եղաւ երբ Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք փորձեցին զինք պաշտել արձանի մը միջոցաւ։
Կարգ մը մարդիկ կը փորձեն Աստուծոյ աւելի՛ մօտենալ, իրենց պաշտամունքին մէջ նկարներ կամ արձաններ գործածելով։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ երբ այդպէս կ’ընեն, Աստուած իրենցմէ կը հեռանայ։ Կարդացէ՛ք Ելից 20։4-6 եւ Սաղմոս 106։35, 36 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Ի՞նչ առարկաներ, նկարներ կամ արձաններ տեսած ես, որ մարդիկ իրենց պաշտամունքին մէջ կը գործածեն։
-
Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ մարդիկ նկարներ կամ արձաններ կը գործածեն։
-
Կը կարծե՞ս թէ ընդունելի է, որ մեր պաշտամունքին մէջ նկարներ կամ արձաններ գործածենք։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։
5. Միայն Եհովան պաշտելով, սուտ գաղափարներէ կ’ազատինք
Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս սուտ գաղափարներէ կ’ազատինք, եթէ Եհովան պաշտենք ի՛ր ուզած կերպով։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։
Կարդացէ՛ք Սաղմոս 91։14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
-
Եհովան մեզի ի՞նչ կը խոստանայ, եթէ միայն զինք պաշտենք։
6. Աստուած կը պաշտենք ժողովներուն մէջ
Եհովան կը փառաբանենք եւ իրար կը քաջալերենք, երբ ժողովներուն մէջ կ’երգենք ու պատասխաններ կու տանք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 22։22 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
-
Ժողովներուն մէջ տրուած պատասխաններով ուրախացա՞ր։
-
Կ’ուզե՞ս դուն ալ պատասխան մը պատրաստել։
7. Եհովան կ’ուրախանայ երբ մեր սորվածները ուրիշներուն ալ ըսենք
Շատ մը կերպերով կրնանք Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները ուրիշներուն ըսել։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 9։1 եւ 34։1 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
-
Սուրբ Գիրքէն սորվածներէդ ո՞ր մէկը կ’ուզես մէկու մը պատմել։
ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Կարեւոր չէ Աստուած ինչպէ՛ս կը պաշտես։ Կարեւորը, որ սիրտդ բարի ըլլայ»։
-
Քու կարծիքդ ի՞նչ է։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Մեր Ստեղծիչը կը հաճեցնենք, երբ միայն զինք կը պաշտենք, ժողովներուն մէջ զինք կը փառաբանենք եւ մեր սորվածները ուրիշներուն ալ կը պատմենք։
Վերաքաղ
-
Ուրկէ՞ կրնանք սորվիլ, որ ինչպէ՛ս Աստուած պաշտենք ի՛ր ուզած կերպով։
-
Ինչո՞ւ միայն Եհովան պէտք է պաշտենք։
-
Ինչո՞ւ պէտք է Աստուած պաշտենք ուրիշներու հետ, որոնք կ’ուզեն զինք հաճեցնել։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
«Այլեւս արձաններու գերին չեմ» յօդուածը կարդալով, տես թէ ինչպէ՛ս կին մը կռապաշտութիւնը ձգեց։
Տե՛ս թէ ի՛նչ բաներ կրնան քեզի օգնել, որ ժողովներուն մէջ պատասխաններ տաս։
Տե՛ս թէ երիտասարդ մը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ ժողովներէն, հակառակ անոր որ իրեն համար դիւրին չէր անոնց ներկայ գտնուիլ։
Շատեր խաչը քրիստոնէութեան նշան կը նկատեն։ Բայց արդեօք պէ՞տք է զայն գործածենք մեր պաշտամունքին մէջ։
«Եհովայի վկաները պաշտամունքի մէջ ինչո՞ւ խաչ չեն գործածեր» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)
a Այս նիւթերուն մասին պիտի խօսուի ուրիշ դասերու մէջ։