Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 19

Եհովայի վկաները իսկակա՞ն քրիստոնեաներ են

Եհովայի վկաները իսկակա՞ն քրիստոնեաներ են

Մենք՝ Եհովայի վկաներս, կը հաւատանք որ իսկական քրիստոնեաներ ենք։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ մեր հաւատալիքներուն հիմը, մեզ տարբեր ընող անունը եւ այն սէրը, որ իրարու հանդէպ ունինք։

1. Եհովայի վկաները ինչի՞ վրայ կը հիմնեն իրենց հաւատալիքները

Յիսուս Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Յիսուսին պէս, Եհովայի վկաները միշտ իրենց հաւատալիքները հիմնած են Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Օրինակ, նկատի առ Եհովայի վկաներուն պատմութիւնը, որոնք նախապէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ կը կոչուէին։ 19–րդ դարուն վերջաւորութեան, անոնք սկսան ուշի–ուշով Սուրբ Գիրքը սերտել։ Անոնք Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնեցին իրենց հաւատալիքները, նոյնիսկ երբ այդ հաւատալիքները տարբեր էին եկեղեցիներու սորվեցուցածներէն։ Ետքը, սկսան Սուրբ Գիրքի այդ ճշմարտութիւնները ուրիշներուն սորվեցնել a։

2. Ինչո՞ւ մենք մեզ Եհովայի վկաներ կը կոչենք

Եհովան զինք պաշտողներուն համար կ’ըսէ, որ իր վկաներն են, քանի որ իր մասին ճշմարտութիւնը կը խօսին (Եբրայեցիս 11։4–12։1)։ Օրինակ, հին օրերուն, Աստուած իր ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ վկաներս դուք էք» (կարդա՛ Եսայի 43։10)։ Յիսուս կը կոչուի «հաւատարիմ վկան» (Յայտնութիւն 1։5)։ Այսպէս, 1931–ին Եհովայի վկաներ անունը ընտրեցինք։ Եւ ուրախ ենք որ այդ անունը ունինք։

3. Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս Յիսուսին սէրը կ’ընդօրինակեն

Յիսուս իր աշակերտները այնքա՛ն կը սիրէր, որ անոնք իրեն համար ընտանիքի պէս էին (կարդա՛ Մարկոս 3։35)։ Նոյնպէս, Եհովայի վկաները միացած եւ համաշխարհային ընտանիք մըն են։ Անոր համար, իրարու եղբայր եւ քոյր կ’ըսենք (Փիլիմոն 1, 2)։ Նաեւ կը հնազանդինք այս պատուէրին. «Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք» (Ա. Պետրոս 2։17)։ Եհովայի վկաները այս սէրը ցոյց կու տան շատ մը կերպերով, օրինակ՝ աշխարհի չորս կողմը եղող հաւատակիցներուն օգնելով նեղութեան ժամանակ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Աւելի՛ ծանօթացիր Եհովայի վկաներուն պատմութեան եւ տե՛ս աւելի փաստեր, որ մենք իսկական քրիստոնեաներ ենք։

Իսկական քրիստոնեաները իրենց հաւատալիքները կը հիմնեն Սուրբ Գիրքին վրայ եւ անոնց մասին ուրիշներուն կը խօսին

4. Մեր հաւատալիքները կը հիմնենք Սուրբ Գիրքին վրայ

Եհովան առաջուընէ ըսաւ, որ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը պիտի գիտցուէր։ Կարդացէ՛ք Դանիէլ 12։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ բան ‘պիտի շատնար’ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, մինչ կը շարունակէին Սուրբ Գիրքը սերտել։

Նկատի առ, թէ խումբ մը Աստուածաշունչի աշակերտներ, մէջը ըլլալով Չարլզ Ռասըլ, ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքը սերտեցին։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, Չարլզ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները ինչպէ՞ս Սուրբ Գիրքը սերտեցին։

Գիտէի՞ր

Ատեն–ատեն, մեր կարգ մը հաւատալիքներուն մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած ենք։ Ինչո՞ւ։ Ճիշդ ինչպէս որ ծագող արեւը աստիճանաբար կը լուսաւորէ տեղ մը եւ անոր մանրամասնութիւնները աւելի յստակ կ’ընէ, նոյնպէս Աստուած իր Խօսքը աստիճանաբար կը հասկցնէ (կարդա՛ Առակաց 4։18)։ Ուրեմն, ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը չի փոխուիր, բայց երբ զայն աւելի լաւ կը հասկնանք, մեր հաւատալիքներուն մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնենք։

5. Մենք մեր անունին համաձայն կ’ապրինք

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը ընտրեցինք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Եհովայի վկաներ անունը ինչո՞ւ յարմար է։

Եհովան ինչո՞ւ ժողովուրդ մը ընտրած է, որ իր վկաները ըլլան։ Պատճառը այն է՝ որ անոնք իր մասին իրականութիւնը պիտի ըսէին։ Եհովայի մասին շատ մը սուտեր տարածուած են։ Նկատի առ այդ սուտերէն միայն երկուքը։

Կարգ մը կրօնքներ իրենց անդամներուն կը սորվեցնեն, որ Աստուած կ’ուզէ որ նկարներ եւ արձաններ գործածեն իրենց պաշտամունքին մէջ։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Կարդացէ՛ք Ղեւտացւոց 26։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարը ի՞նչ ճշմարտութիւն մը կ’ըսէ։ Եհովան արձաններ գործածելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։

Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կը սորվեցնեն, որ Յիսուս Աստուածն է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 20։17 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարը ի՞նչ ճշմարտութիւն մը կ’ըսէ։ Աստուած եւ Յիսուս նո՞յն անձն են։

  • Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով, որ Եհովան իր Վկաները ղրկած է, որպէսզի իր եւ իր Որդիին մասին ճշմարտութիւնը քարոզեն։

6. Մենք իրար կը սիրենք

Սուրբ Գիրքը կը բաղդատէ քրիստոնեաները մարդկային մարմնին անդամներուն հետ։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 12։25, 26 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Իսկական քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը նեղութենէ կ’անցնին։

  • Ի՞նչ նկատած ես. Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս սէր ցոյց կու տան իրարու հանդէպ։

Երբ աշխարհի մէջ որեւէ տեղ Եհովայի վկաներ նեղութենէ մը կ’անցնին, ամբողջ աշխարհէն Վկաներ արագօրէն օգնութեան կը հասնին։ Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Բնական աղէտի մը ատեն, Եհովայի վկաներու ջանքերը ինչպէ՞ս կը փաստեն, որ իրար կը սիրեն։

Իսկական քրիստոնեաները սէր ցոյց կու տան անոնց հանդէպ, որոնք օգնութեան պէտք ունին

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Եհովայի վկաները պարզապէս նոր կրօնք մըն են»։

  • Եհովան զինք պաշտողները երբուընէ՞ ի վեր վկաներ կոչած է։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովայի վկաները իսկական քրիստոնեաներ են։ Անոնք Աստուծոյ ծառայող համաշխարհային ընտանիք մըն են, որոնք իրենց հաւատալիքները կը հիմնեն Սուրբ Գիրքին վրայ եւ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը կը գիտցնեն։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը ընտրեցինք։

  • Ինչպէ՞ս կը վարուինք իրարու հետ։

  • Կը կարծե՞ս որ Եհովայի վկաները իսկական քրիստոնեաներ են։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Աւելի տեղեկութիւններ առ մեր պատմութեան մասին։

Եհովայի վկաներ. կենդանի հաւատք, Մաս 1. Խաւարէն դէպի լոյս (արաբ.) (1։00։53)

Տե՛ս օրինակ մը, թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս ցոյց տուած են, որ կարգ մը ուսուցումներ սխալ են։

Աստուծոյ ժողովուրդը իր անունը կը փառաւորէ (7։08)

Պատասխանները առ այն հարցումներուն, որոնք թերեւս ունիս Եհովայի վկաներուն մասին։

«Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին» (բաժին՝ մեր կայքին վրայ)

Սթիվըն այնքա՛ն կ’ատէր ուրիշ ցեղերէ եղող մարդիկը, որ անոնց վրայ կը յարձակէր։ Տե՛ս թէ ի՛նչ բան նկատեց Եհովայի վկաներուն մէջ, որ պատճառ դարձաւ որ փոխուի։

«Կեանքս երթալով կը վատթարանար» (Դիտարան 1 յուլիս 2015)

a 1879–էն ի վեր, Եհովայի ծառաները Դիտարան պարբերաթերթը կը հրատարակեն՝ Սուրբ Գիրքին ըսածները բացատրելու համար։