Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 29

Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է

Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է

Արդեօք կորսնցուցա՞ծ ես մէկը, որ շա՜տ կը սիրէիր։ Այսպիսի ցաւալի ատեն թերեւս հարցնես. ‘Երբ մեռնինք, մեզի ի՞նչ կը պատահի։ Յոյս կա՞յ որ մեր սիրելիները նորէն տեսնենք’։ Այս եւ յաջորդ դասին մէջ, նկատի առ Սուրբ Գիրքին մխիթարական պատասխանները։

1. Երբ մեռնինք, մեզի ի՞նչ կը պատահի

Յիսուս մահը խոր քունի նմանցուց։ Անձ մը, որ խոր քունի մէջ է, չի գիտեր թէ իր շուրջը ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ։ Մահը ինչպէ՞ս քունի կը նմանի։ Մեռնելէ ետք, անհատը ցաւ չի զգար, կամ որեւէ կերպով չի չարչարուիր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (կարդա՛ Ժողովող 9։5

2. Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք

Շատեր մահէն եւ նոյնիսկ մեռելներէն կը վախնան։ Բայց մահուան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը կրնայ քեզ մխիթարել։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32)։ Կարգ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն, թէ անհատը անմահ հոգի ունի, եւ երբ կը մեռնի, իր հոգին կը շարունակէ ապրիլ։ Բայց Սուրբ Գիրքը ատիկա չի սորվեցներ։ Ուրեմն, ո՛չ մէկը մեռնելէ ետք կը չարչարուի։ Նաեւ, որովհետեւ մեռելները բանէ մը լուր չունին, չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել։ Ուստի, պէտք չկայ մեռելները պաշտելու կամ որոշ բաներ ընելու որ չբարկանան։ Եւ պէտք չկայ անոնց համար աղօթքներ ընելու։

Ոմանք կ’ըսեն թէ կրնան մեռելներուն հետ կապի մէջ մտնել։ Բայց ասիկա անկարելի է։ Ինչպէս որ հիմա գիտցանք, մեռելները «բան մը չեն գիտեր»։ Անոնք որոնք կը կարծեն, թէ մեռելներուն հետ կապի մէջ կը մտնեն, իրականութեան մէջ՝ կապի մէջ կը մտնեն դեւերու հետ, որոնք կը ձեւացնեն թէ մեռած սիրելիներն են։ Այսպէս, մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ դեւերէն կը պաշտպանէ։ Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ չփորձենք մեռելներուն հետ կապի մէջ մտնել, քանի որ գիտէ թէ դեւերուն հետ կապի մէջ մտնելը մեզի պիտի վնասէ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10-12

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ուրիշ ի՛նչ կը սորվեցնէ մահուան մասին, եւ հաւատքդ զօրացուր սիրալիր Աստուծոյն հանդէպ, որ մեռելները չի չարչարեր։

3. Մեռելներուն իսկական վիճակը

Աշխարհի չորս կողմը, մարդիկ տարբեր–տարբեր հաւատալիքներ ունին, թէ երբ մէկը մեռնի, իրեն ի՛նչ կը պատահի։ Անշուշտ, անկարելի է որ այդ բոլոր հաւատալիքներն ալ ճիշդ ըլլան։

  • Շրջանիդ մէջ մարդիկ ի՞նչ հաւատալիքներ ունին մեռելներու վիճակին մասին։

Տեսնելու համար թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 3։20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ըստ այս համարին, երբ մէկը մեռնի, իրեն ի՞նչ կը պատահի։

  • Մեռնելէ ետք, անհատէն մաս մը կը շարունակէ՞ ապրիլ։

Սուրբ Գիրքը կը պատմէ Յիսուսի մտերիմ բարեկամին՝ Ղազարոսին, մահուան մասին։ Մինչ կը կարդաք Յովհաննէս 11։11-14, նկատէ՛ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Ղազարոսին վիճակին մասին։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս մահը ինչի՞ հետ բաղդատեց։

  • Այս բաղդատութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ մեռելներուն վիճակին մասին։

  • Մահուան մասին Սուրբ Գիրքին այս բացատրութիւնը տրամաբանական կը գտնե՞ս։

4. Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով կ’օգտուինք

Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով, մեռելներէն չենք վախնար։ Կարդացէ՛ք Ժողովող 9։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Մեռելները կրնա՞ն մեզի վնասել։

Երբ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութեան կը հաւատանք, պիտի չհաւատանք այն սուտին, որ պէտք է որոշ բաներ ընենք որ մեռելները չբարկանան, կամ նոյնիսկ՝ պէտք է զիրենք պաշտենք։ Կարդացէ՛ք Եսայի 8։19 եւ Յայտնութիւն 4։10բ ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը մտածէ անհատի մը մասին, որ մեռել մը կը պաշտէ կամ անկէ օգնութիւն կը խնդրէ։

Մահուան մասին ճշմարտութիւնը մեզ կ’ազատէ այն սովորութիւններէն, որոնք Եհովան չ’ընդունիր

5. Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով կը մխիթարուինք

Շատեր սորված են թէ երբ մեռնին, պիտի չարչարուին իրենց ըրած գէշ բաներուն համար։ Բայց կը մխիթարուինք գիտնալով, թէ ո՛չ մէկը մահէն ետք կը չարչարուի, նոյնիսկ եթէ շա՜տ գէշ բաներ ըրած է։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 6։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եթէ, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ կարդացինք, մահը անհատը ‘մեղքէն կ’արդարացնէ’, այսինքն՝ մեղքէն կ’ազատէ, քու կարծիքովդ՝ մեռելը կը չարչարուի՞ իր անցեալի մեղքերուն համար։

Ո՛րքան աւելի Եհովան ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի կ’անդրադառնանք, որ ան բնա՛ւ մեռելները չի պատժեր։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 32։4 եւ Ա. Յովհաննէս 4։8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարներուն մէջ յիշուած յատկութիւնները ունեցող Աստուած մը պիտի ուզէ՞ր մեռելները չարչարել։

  • Կը զգա՞ս որ մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մխիթարական է։ Ինչո՞ւ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես կը վախնամ, երբ կը մտածեմ որ ինծի ի՛նչ պիտի պատահի երբ մեռնիմ»։

  • Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ մխիթարական համարներ կրնաս ցոյց տալ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Երբ մէկը մեռնի, իր կեանքը վերջ կը գտնէ։ Մեռելները ո՛չ կը չարչարուին, ոչ ալ կրնան ապրողներուն վնաս հասցնել։

Վերաքաղ

  • Մեզի ի՞նչ կը պատահի, երբ կը մեռնինք։

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով։

  • Ինչպէ՞ս կը մխիթարուինք մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչին մէջ «հոգի» բառը ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէ։

«Ի՞նչ է հոգին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ արդեօք Աստուած դժոխքը կը գործածէ՞ չարերը պատժելու համար։

Դժոխք մը կա՞յ ուր մարդիկ կը չարչարուին (3։07)

Կարդա՛ մարդու մը մասին, որ մխիթարուեցաւ երբ գիտցաւ մահուան մասին ճշմարտութիւնը։

«Աստուածաշունչի յստակ ու տրամաբանական պատասխաններով տպաւորուեցայ» (Դիտարան 1 փետրուար 2015)