Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 31

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Սուրբ Գիրքի գլխաւոր նիւթը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Եհովան այդ Թագաւորութեան միջոցաւ, երկրին նկատմամբ իր բուն նպատակը պիտի իրականացնէ։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ հիմա կ’իշխէ։ Արդէն ինչե՞ր ըրած է։ Եւ ապագային ինչե՞ր պիտի ընէ։ Այս դասը եւ յաջորդ երկու դասերը պիտի պատասխանեն այս հարցումներուն։

1. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ո՞վ է անոր Թագաւորը

Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է, որ Եհովա Աստուած հաստատած է։ Անոր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, երկինքէն կ’իշխէ (Մատթէոս 4։17. Յովհաննէս 18։36)։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսի մասին կ’ըսէ, որ «յաւիտեան պիտի թագաւորէ» (Ղուկաս 1։32, 33)։ Ան երկրի բոլո՛ր մարդոց վրայ պիտի իշխէ։

2. Որո՞նք Յիսուսին հետ կ’իշխեն

Յիսուս մինակը չ’իշխեր։ Անհատներ ‘ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ. . . պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10)։ Քրիստոսին հետ քանի՞ հոգի պիտի իշխէ։ Յիսուս երկիր գալէ ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ իր հետեւորդները դարձած են։ Բայց այդ ճշմարիտ քրիստոնեաներէն միայն 144,000 անհատներ երկինք կ’երթան՝ Յիսուսին հետ թագաւորելու (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1-4)։ Իսկ մնացեալ բոլոր իր հետեւորդները երկրի վրայ Թագաւորութեան հպատակները պիտի ըլլան (Սաղմոս 37։29

3. Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն աւելի լաւ է

Նոյնիսկ երբ մարդկային կառավարիչները ջանք կ’ընեն որ լաւ բաներ ընեն, չեն կրնար իրենց ամէն ուզածը ընել։ Ի վերջոյ, անոնց տեղը կ’առնեն ուրիշ կառավարիչներ, որոնք կրնան անձնասէր ըլլալ եւ չուզել մարդոց օգնել։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչին՝ Յիսուսին, տեղը բնա՛ւ մէկը պիտի չգայ։ Աստուած ‘թագաւորութիւն մը հանած է, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի’ (Դանիէլ 2։44)։ Յիսուս ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ մարդոց միջեւ զատողութիւն պիտի չդնէ։ Ան մարդոց հանդէպ գուրգուրանք ունի, ազնիւ եւ արդար է, եւ մարդոց պիտի սորվեցնէ, որ իրարու հետ նոյն կերպով վարուին՝ սիրով, ազնուութեամբ եւ արդարութեամբ (կարդա՛ Եսայի 11։9

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ յաւելեալ կէտեր, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՛ւ որեւէ մարդկային կառավարութենէ աւելի լաւ է։

4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ

Յիսուս Քրիստոս աւելի մեծ իշխանութիւն ունի, քան պատմութեան մէջ ոեւէ կառավարիչ։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 28։18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ է տարբերութիւնը Յիսուսին իշխանութեան եւ ոեւէ մարդկային կառավարիչի իշխանութեան միջեւ։

Մարդկային կառավարութիւնները յաճախ կը փոխուին եւ ամէն մէկ կառավարութիւն երկրագունդին միայն մէկ մասին վրայ կ’իշխէ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Կարդացէ՛ք Դանիէլ 7։14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ լաւ է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «պիտի չաւերուի»։

  • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ լաւ է որ անիկա ամբո՛ղջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։

5. Մարդկային իշխանութիւնը պէ՛տք է վերջ գտնէ

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պէ՛տք է մարդկային կառավարութիւններուն տեղը առնէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Մարդկային իշխանութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 8։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կը կարծե՞ս որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն տեղը պէ՛տք է առնէ։ Ինչո՞ւ։

6. Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանները մեզ կը հասկնան

Որովհետեւ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս, որպէս մարդ ապրած է, կրնայ մեր «տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբրայեցիս 4։15)։ 144,000 հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները, որոնք Յիսուսին հետ պիտի իշխեն, Եհովայի կողմէ ընտրուած են «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» (Յայտնութիւն 5։9

  • Կը մխիթարուի՞ս գիտնալով, որ Յիսուս եւ իր իշխանակիցները որպէս մարդ ապրած են։ Ինչո՞ւ։

Եհովան ամէն տեսակ տղամարդիկ ու կիներ ընտրած է՝ Յիսուսին հետ իշխելու համար

7. Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքները շա՜տ աւելի լաւ են

Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, որոնք իրենց հպատակներուն օգտակար կ’ըլլան եւ զիրենք կը պաշտպանեն։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ օրէնքներ ունի, եւ իր հպատակները անոնց պէտք է հնազանդին։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ հետեւի վարուելակերպի նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքներուն a։

  • Կը կարծե՞ս որ տրամաբանական է, որ Եհովան Թագաւորութեան հպատակներէն պահանջէ այդ օրէնքները յարգել։ Ինչո՞ւ։

  • Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ մարդիկ, որոնք այդ օրէնքներուն չեն հնազանդիր, կրնա՛ն փոխուիլ (տե՛ս համար 11

Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, իրենց հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար։ Իսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛լ աւելի լաւ օրէնքներ ունի, իր հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիս մէջ է»։

  • Ի՞նչ պատասխան կրնաս տալ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքին մէջ իսկական կառավարութիւն մըն է, որ պիտի իշխէ ամբողջ երկրի վրայ։

Վերաքաղ

  • Որո՞նք են Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխողները։

  • Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն աւելի լաւ է։

  • Եհովան ի՞նչ կարգ մը բաներ կը պահանջէ Թագաւորութեան հպատակներէն։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Թագաւորութեան ո՛ւր ըլլալուն մասին։

«Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներուն համար աւելի կարեւոր է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ ըլլան, քան՝ մարդկային իշխանութեան։

Միայն Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը դիրք կը բռնենք (1։44)

Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը յայտնէ 144,000–ի մասին, որոնք Եհովան կ’ընտրէ, որպէսզի Յիսուսին հետ իշխեն։

«Որո՞նք երկինք կ’երթան» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Բանտին մէջ, կին մը ինչպէ՞ս համոզուեցաւ որ միայն Աստուած կրնայ արդար աշխարհ մը բերել։

«Սորվեցայ որ ինչո՛ւ անարդարութիւն կայ» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ, արաբ.)

a Այդ օրէնքներէն ոմանք նկատի պիտի առնուին Մաս 3–ին մէջ։