Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 37

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ գործին եւ դրամին մասին

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ գործին եւ դրամին մասին

Երբեք գործի կամ դրամի նկատմամբ մտահոգութիւններ ունեցա՞ծ ես։ Կրնայ դժուար ըլլալ մեր պէտքերը հոգալ եւ միեւնոյն ատեն Եհովային տալ այն պաշտամունքը, որուն արժանի է։ Սուրբ Գիրքը կու տայ գործնական խրատներ, որոնք կրնան մեզի օգնել։

1. Սուրբ Գիրքը գործի մասին ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուած կ’ուզէ որ մեր գործէն հաճոյք առնենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «մարդս. . . իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (Ժողովող 2։24)։ Եհովան ծանր կ’աշխատի։ Երբ զինք ընդօրինակելով գործին մէջ աշխատասէր կ’ըլլանք, զինք կը հաճեցնենք եւ գոհունակ կը զգանք։

Գործը կարեւոր է, բայց պէտք չէ ձգենք որ Եհովայի պաշտամունքէն աւելի կարեւոր դառնայ (Յովհաննէս 6։27)։ Եհովան կը խոստանայ, որ երբ զինք մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, մեր ֆիզիքական պէտքերը պիտի հոգայ։

2. Ի՞նչ կը նշանակէ դրամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ

Սուրբ Գիրքը կ’ընդունի որ դրամը պաշտպանութիւն է, բայց կը զգուշացնէ որ դրամը չի կրնար մեզի մնայուն ուրախութիւն տալ (Ժողովող 7։12)։ Անոր համար մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ դրամը չսիրենք, հապա ‘բաւական սեպենք որչափ բան որ ձեռքերնիս կայ’ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։ Իրականութեան մէջ, երբ միշտ աւելին կ’ուզենք, ասիկա յուսախաբութեան դուռ կը բանայ։ Բայց երբ մեր ունեցածով գոհ կը մնանք, այդ յուսախաբութիւնը չենք ունենար։ Աւելորդ պարտքեր չենք ըներ (Առակաց 22։7)։ Եւ հեռու կը մնանք բախտախաղին եւ արագօրէն հարստանալու ծրագիրներուն վտանգներէն։

3. Ինչպէ՞ս կրնանք առատաձեռնութիւն ցոյց տալ

Եհովան առատաձեռն Աստուած է, եւ մենք զինք կ’ընդօրինակենք, երբ կ’ըլլանք ‘առատաձեռն եւ մեր ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ’ (Ա. Տիմոթէոս 6։18, ՆԹ)։ Կրնանք մեր դրամը գործածել, որ ժողովքին թիկունք կանգնինք եւ օգնենք պէտք ունեցողներուն, մանաւանդ՝ հաւատակիցներուն։ Եհովան ամէնէն շատ հետաքրքրուած է, ոչ թէ որքա՛ն դրամ կու տանք, հապա թէ ի՛նչ շարժառիթով կու տանք։ Երբ առատաձեռնօրէն եւ մեր սրտէն կու տանք, թէ՛ մենք կ’ուրախանանք եւ թէ Եհովան (կարդա՛ Գործք 20։35

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ի՛նչ օգուտներ ձեռք կը ձգենք, երբ գործը իր պատշաճ տեղը կը պահենք եւ երբ գոհունակ ենք։

4. Եհովան պատուէ աշխատած կերպովդ

Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պէտք է ազդէ գործի հանդէպ մեր կեցուածքին։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչ բան քեզ տպաւորեց գործի մէջ Ճէյսընին կեցուածքին եւ վարուելակերպին նկատմամբ։

  • Ճէյսընը ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի գործը իր պատշաճ տեղը պահէ։

Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։23, 24 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Գործի նկատմամբ մեր կեցուածքը ինչո՞ւ կարեւոր է։

Գործը կարեւոր է, բայց պէտք չէ ձգենք որ Եհովայի պաշտամունքէն աւելի կարեւոր դառնայ

5. Գոհունակութիւնը օգուտներ կը բերէ մեզի

Շատեր կը փորձեն իրենց կրցածին չափ շատ դրամ դիզել։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը խրատէ, որ տարբեր բան մը ընենք։ Կարդացէ՛ք Ա. Տիմոթէոս 6։6-8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընենք։

Նոյնիսկ եթէ նիւթական քիչ բաներ ունինք, կրնա՛նք ուրախ ըլլալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Հակառակ անոր որ այս ընտանիքները քիչ դրամ ունին, ինչո՞ւ ուրախ են։

Բայց ի՞նչ ընենք, եթէ մեր նիւթական վիճակը շատ լաւ է եւ դեռ աւելին կ’ուզենք։ Յիսուս առակով մը այս վտանգը բացատրեց։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 12։15-21 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուսի առակէն ի՞նչ սորվեցար (տե՛ս համար 15

Կարդացէ՛ք եւ համեմատեցէ՛ք Առակաց 10։22 եւ Ա. Տիմոթէոս 6։10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենա՞լը, թէ ոչ՝ շատ դրամ ունենալը։ Ինչո՞ւ։

  • Միշտ դրամի ետեւէ ըլլալը ի՞նչ խնդիրներ կը պատճառէ։

6. Եհովան մեր պէտքերը պիտի հոգայ

Գործի եւ դրամի վերաբերեալ խնդիրները կրնան Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը փորձի տակ դնել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս տեսակ հաւատքի փորձերու հետ գլուխ ելլել, եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, եղբայրը ի՞նչ խնդիրներ ունեցաւ։

  • Ան ի՞նչ ըրաւ, որ այդ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։

Կարդացէ՛ք Մատթէոս 6։25-34 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ ընել անոնց, որոնք զինք առաջին տեղը կը դնեն իրենց կեանքին մէջ։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Ստիպուած եմ երկար ժամեր աշխատիլ՝ ընտանիքիս ապրուստը ճարելու համար։ Չեմ կրնար ամէն շաբաթ ժողովներու երթալ»։

  • Ո՞ր համարը քեզ կը համոզէ, որ Եհովային պաշտամունքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնելը միշտ լաւագոյն որոշումն է։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Գործը եւ դրամը կարեւոր են, բայց պէտք չէ պատճառ ըլլան, որ Եհովային ծառայելը երկրորդական տեղ գրաւէ։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանես։

  • Գոհունակ ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ կը վստահիս Եհովային տուած խոստումին, որ իր ժողովուրդին պէտքերը պիտի հոգայ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ արդեօք Աստուածաշունչը կ’ըսէ՞, որ դրամը չարիք է։

«Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ ի՛նչ տեսակ տալը Աստուած կ’ուրախացնէ։

«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տալու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ ի՛նչ բան տղամարդ մը մղեց, որ դադրի բախտախաղ խաղալէ եւ գողութիւն ընելէ։

«Արշաւաձիերը շատ կը սիրէի» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)