Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 38

Գնահատէ քեզի տրուած նուէրը՝ կեանքը

Գնահատէ քեզի տրուած նուէրը՝ կեանքը

Շա՜տ աղուոր բաներ կրնանք ընել, քանի որ ողջ ենք։ Նոյնիսկ երբ խնդիրներ ունինք, կեանքը տակաւին հաճելի է։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ կեանքը կը գնահատենք։ Եւ ատիկա ընելու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՞նչ է։

1. Ինչո՞ւ պէտք է կեանքը գնահատենք

Պէտք է կեանքը գնահատենք, քանի որ անիկա մեր սիրալիր Հօրմէն՝ Եհովայէն նուէր է մեզի։ ‘Կեանքի աղբիւրը անոր քովն է’. ան ստեղծեց ամէն տեսակ կեանք (Սաղմոս 36։9)։ «Ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» (Գործք 17։25, 28)։ Եհովան մեզի պէտք եղածը կու տայ, որ ողջ մնանք։ Բայց ան ատկէ աւելին կ’ընէ. կարելի կը դարձնէ, որ կեանքէն հաճոյք առնենք (կարդա՛ Գործք 14։16

2. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցոյց տալ, որ իր տուած նուէրը՝ կեանքը, կը գնահատենք

Այն երկվայրկեանէն իսկ, որ մայրդ քեզ յղացաւ, Եհովան սկսաւ քեզմով հետաքրքրուիլ։ Սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան» (Սաղմոս 139։16, ԱԾ)։ Եհովան շա՜տ կ’արժեւորէ կեանքդ (կարդա՛ Մատթէոս 10։29-31)։ Եւ ան շատ կը վիրաւորուի, եթէ մէկը ուրիշի մը կեանքին կամ նոյնիսկ ի՛ր կեանքին վերջ դնէ (Ելից 20։13) a։ Եհովան նաեւ կը նեղուի, եթէ անտեղիօրէն մեր կեանքը վտանգենք կամ նախազգուշութիւններ չառնենք, ուրիշներու կեանքը պահպանելու համար։ Երբ մեր կեանքին հոգ կը տանինք եւ ուրիշներուն կեանքը կը յարգենք, ցոյց կու տանք որ այս սքանչելի նուէրը կը գնահատենք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ կերպեր, որոնցմով կրնաս ցոյց տալ, թէ կեանքը կը գնահատես։

3. Առողջութեանդ հոգ տար

Նուիրուած քրիստոնեաները խոստացած են Եհովային, որ ընեն ի՛նչ որ ի՛նք կ’ուզէ. անոր համար իրենց ամբողջ կեանքը կը գործածեն որ իրեն ծառայեն։ Անոնք կարծես իրենց մարմինները որպէս զոհ կը ներկայացնեն Աստուծոյ։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 12։1, 2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ բան պէտք է քեզ մղէ, որ առողջութեանդ հոգ տանիս։

  • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնաս ատիկա ընել։

4. Ամէն բանի մէջ զգոյշ եղիր, որպէսզի մէ՛կը չվիրաւորուի կամ չմեռնի

Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ վտանգաւոր բաներ չընենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կարգ մը բաներ կրնաս ընել՝ ապահով ըլլալու համար։

Կարդացէ՛ք Առակաց 22։3 եւ քննարկեցէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս դուն եւ ուրիշներ կրնաք ապահով ըլլալ՝

  • տանդ մէջ։

  • գործատեղդ։

  • երբ մարզական խաղեր կը խաղաս։

  • երբ ինքնաշարժ կամ ուրիշ բան մը կը քշես կամ անոր մէջն ես։

5. Յարգէ չծնած մանուկին կեանքը

Դաւիթ բանաստեղծական խօսքերով ըսաւ, թէ Եհովան հետաքրքրուած է չծնած մանուկին կեանքով եւ աճումով։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 139։13-17 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովայի աչքին մէկու մը կեանքը կը սկսի այն երկվայրկեանէն որ մայրը զինք կը յղանա՞յ, թէ ոչ՝ իր ծնելու ատենը։

Իսրայէլ ազգին տրուած Եհովային օրէնքները պաշտպանեցին մայրերն ու անոնց չծնած մանուկները։ Կարդացէ՛ք Ելից 21։22, 23 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէր այն անհատը, որ արկածով մը պատճառ կը դառնար, որ չծնած մանուկ մը մեռնէր։

  • Եհովան ինչպէ՞ս պիտի զգար, եթէ անհատ մը դիտմամբ այդ մէկը ընէր​ b​։

  • Ինչպէ՞ս կը նկատես Աստուծոյ այս տեսակէտը։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Նոյնիսկ կին մը, որ կեանքի արժէքը կը գնահատէ, թերեւս զգայ որ վիժում ընելէ զատ ուրիշ ճար չունի։ Կարդացէ՛ք Եսայի 41։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եթէ կին մը ճնշումի տակ է որ վիժում ընէ, որո՞ւն օգնութիւնը պէտք է խնդրէ։ Ինչո՞ւ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Երբեմն պարագանե՛րը կը ստիպեն, որ կինը վիժում ընէ»։

  • Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ, որ Եհովան կ’արժեւորէ թէ՛ մօր կեանքը եւ թէ չծնած մանուկին կեանքը։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ թէ՛ մեր կեանքը եւ թէ ուրիշին կեանքը սիրենք, յարգենք ու պաշտպանենք, քանի որ կեանքը Եհովայէն նուէր է։

Վերաքաղ

  • Մարդկային կեանքը ինչո՞ւ արժէքաւոր է Եհովային համար։

  • Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ մէկը դիտմամբ մարդկային կեանքի մը վերջ կը դնէ։

  • Ինչո՞ւ շնորհակալ ես Եհովայի տուած նուէրին՝ կեանքին՝ համար։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայէն շնորհակալ ըլլալ իր տուած նուէրին՝ կեանքին՝ համար։

Երգ 141. Կեանքը հրաշք է (արաբ.) (2։41)

Պատասխանը առ այս հարցումին. Աստուած պիտի ներէ՞ այն կնոջ, որ վիժում ըրած է։

«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վիժումի մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ինչպէ՛ս պէտք է ազդէ մեր ժամանցի ընտրութեան։

«Պէ՞տք է վտանգաւոր մարզանքներ ընել» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)

Նկատի առ թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել անհատի մը, որ անձնասպան ըլլալու վրայ է։

«Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

a Եհովան խորապէս հետաքրքրուած է անոնցմով, որոնց սիրտը կոտրած է (Սաղմոս 34։18)։ Ան կը հասկնայ անհատին խոր ցաւերը, որոնք զինք կը մղեն որ անձնասպան ըլլայ, եւ կ’ուզէ անոր օգնել։ Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս իր օգնութիւնը տարբերութիւն կ’ընէ, կարդա՛ «Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ» յօդուածը, որ այս դասին «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ յիշուած է։

b Անոնք, որոնք վիժում ըրած են, պէտք չունին յանցաւորութեան զգացումներով չարչարուելու, քանի որ Եհովան կրնա՛յ իրենց ներել։ Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վիժումի մասին» յօդուածը, որ այս դասին «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ յիշուած է։