Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 44

Բոլո՞ր տօները Աստուած կը հաճեցնեն

Բոլո՞ր տօները Աստուած կը հաճեցնեն

Եհովան կ’ուզէ որ կեանքէն հաճոյք առնենք եւ նոյնիսկ ուրախ առիթներ ունենանք։ Բայց արդեօք ան բոլո՞ր տօներուն կը հաճի։ Այս հարցին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրենք։

1. Ինչո՞ւ Եհովան շատ մը տօներու չի հաճիր

Թերեւս զարմանաս, երբ գիտնաս որ շատ մը տօներ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածներուն վրայ չեն հիմնուած կամ հեթանոսութենէ եկած են։ Այսպիսի տօներ կրնան կապ ունենալ սուտ կրօնքին հետ կամ ոգեհարցութեան հետ, եւ կրնան հիմնուած ըլլալ այն գաղափարին վրայ, որ հոգին անմահ է։ Կարգ մը տօներ հիմնուած են սուտ հաւատալիքներու վրայ կամ բախտի հաւատալուն վրայ (Եսայի 65։11, ստորանիշ)։ Եհովան զինք պաշտողները կը զգուշացնէ. «Զատուեցէ՛ք. . . պիղծ բանի մի՛ դպչիք» (Բ. Կորնթացիս 6։17) a։

2. Եհովան ի՞նչ կը զգայ այն տօներուն նկատմամբ, որոնք անտեղի կերպով մարդիկ կը պատուեն

Եհովան մեզ կը զգուշացնէ, որ ‘մարդու չապաւինինք’ (կարդա՛ Երեմիա 17։5)։ Կարգ մը տօներ կառավարիչներ կամ պատերազմի հերոսներ կը պատուեն։ Ուրիշ տօներ յատկացուած են երկրին անկախութեան կամ ազգային խորհրդանիշներու, օրինակ՝ դրօշակը կամ զինանշանը (Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Իսկ տօներէն ոմանք կը պատուեն քաղաքական կամ ընկերային կազմակերպութիւններ։ Եհովան ի՞նչ պիտի զգայ, եթէ անտեղի պատիւ տանք մարդու մը կամ կազմակերպութեան մը, մանաւանդ եթէ անիկա Իր նպատակին հակառակ եղող գաղափարներու թիկունք կը կանգնի։

3. Ի՞նչ վարուելակերպեր կրնան տօները անընդունելի դարձնել

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ‘գինեմոլութիւնները, անառակութիւնները եւ արբեցութիւնները’ սխալ են (Ա. Պետրոս 4։3)։ Կարգ մը տօներու ընթացքին, մարդիկ անզուսպ կերպով կը վարուին եւ անբարոյ բաներ կ’ընեն։ Եհովայի բարեկամները մնալու համար, պէտք է հեռու մնանք այդպիսի բարոյական անմաքրութենէ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովան հաճեցնել, տօներու նկատմամբ իմաստուն որոշումներ առնելով։

4. Մերժէ այն տօները, որոնք Եհովան կ’անարգեն

Կարդացէ՛ք Եփեսացիս 5։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Տօնի մը մասնակցելէ առաջ, ի՞նչ բանէ պէտք է վստահ ըլլանք։

  • Ուր որ կ’ապրիս, մարդիկ ի՞նչ տօներ կը տօնեն։

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան կը հաճի՞ այդ տօներուն։

Օրինակ, հարց տուա՞ծ ես, թէ Աստուած ծննդեան տարեդարձը ինչպէ՛ս կը նկատէ։ Սուրբ Գիրքը բնաւ չի յիշեր Եհովայի ծառայ մը, որ ծննդեան տարեդարձը տօնած է, բայց կը յիշէ երկու ծննդեան տարեդարձներ, որոնք Եհովայի չծառայող մարդիկ տօնեցին։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 40։20-22 եւ Մատթէոս 14։6-10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Երկու առիթներուն մէջ ի՞նչ նոյնանման բաներ կան։

  • Այս դէպքերը նկատի առնելով, քու կարծիքովդ՝ Եհովան ծննդեան տարեդարձներու նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։

Տակաւին, թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Եհովային համար իրապէս կարեւո՞ր է, թէ ծննդեան տարեդարձի մը կամ ոչ​–​սուրբգրային տօնի մը կը մասնակցի՛մ կամ ոչ’։ Կարդացէ՛ք Ելից 32։1-8։ Ետքը, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Ինչո՞ւ պէտք է վստահ ըլլանք, թէ ի՛նչ բան Եհովային համար ընդունելի է։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։

Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ Աստուած որոշ տօնի մը կը հաճի՛ կամ ոչ

  • Անիկա հիմնուա՞ծ է ոչ​–​սուրբգրային գաղափարներու վրայ։ Գիտնալու համար, պրպտէ թէ այդ տօնը ուրկէ՛ սկիզբ առած է։

  • Անտեղի պատիւ կու տա՞յ մարդոց, կազմակերպութիւններու կամ ազգային խորհրդանիշներու։ Մենք ամէնէն շատ Եհովա՛ն կը պատուենք եւ իրե՛ն կը վստահինք, որ աշխարհի խնդիրները լուծէ։

  • Անոր սովորութիւնները Սուրբ Գիրքի չափանիշներուն հակառա՞կ են։ Մենք պէտք է բարոյապէս մաքուր մնանք։

5. Ուրիշներուն դիւրացուր որ հաւատալիքներդ յարգեն

Քեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ «ո՛չ» ըսել, երբ ուրիշներ քեզ կը ճնշեն որ մասնակցիս տօներու, որոնց Եհովան չի հաճիր։ Որոշումներդ համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ բացատրէ։ Գաղափար մը առնելու համար, թէ ասիկա ինչպէ՛ս կրնաս ընել, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Մատթէոս 7։12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարին հիման վրայ, պէ՞տք է Եհովան չպաշտող ընտանիքիդ անդամներուն ըսես, թէ որոշ տօն մը պէտք չէ տօնեն։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի ընտանիքդ վստահեցնես, որ թէեւ իրենց հետ պիտի չտօնես, բայց զիրենք կը սիրես ու կը գնահատես։

6. Եհովան կ’ուզէ՛ որ ուրախ ըլլանք

Եհովան կ’ուզէ՛ որ մեր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ ուրախ առիթներ ունենանք։ Կարդացէ՛ք Ժողովող 8։15 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կ’ուզէ՛ որ ուրախ ըլլանք։

Եհովան կ’ուզէ որ իր ծառաները հաճելի ժամանակներ անցընեն եւ իրարու հետ աղուոր յիշատակներ ունենան։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ասիկա ինչպէ՛ս յայտնի եղած է մեր միջազգային համաժողովներուն մէջ։

Կարդացէ՛ք Գաղատացիս 6։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ուրիշներուն ‘բարիք ընելու’ համար, անպայման պէտք է տօնե՞ր տօնենք։

  • Ե՞րբ աւելի ուրախ կ’ըլլաս. երբ ստիպուա՞ծ ես նուէր տալ, քանի որ տօն է, թէ ոչ՝ երբ նուէր կու տաս, քանի որ կ’ուզես։

  • Շատ մը Վկաներ ատեններ իրենց պզտիկներուն համար մասնաւոր բաներ կը կազմակերպեն, եւ նոյնիսկ զանոնք անակնկալի կը բերեն նուէրներով։ Եթէ պզտիկներ ունիս, ի՞նչ յատուկ բաներ կրնաս ընել իրենց համար։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Կարեւոր չէ թէ տօն մը ուրկէ՛ եկած է։ Կարեւորը այն է, որ ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ հետ լաւ ժամանակ կ’անցընես»։

  • Ի՞նչ կը պատասխանես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կ’ուզէ որ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ հաճելի ժամանակ անցընենք, բայց չ’ուզեր որ տօնենք տօներ, որոնց չի հաճիր։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել, գիտնալու համար թէ Եհովան որոշ տօնի մը կը հաճի՛ կամ ոչ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն օգնել, որ տօներու նկատմամբ մեր որոշումները հասկնան։

  • Ինչպէ՞ս գիտես, որ Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք եւ հաճելի ժամանակներ անցընենք։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ որոշ տօներ, որոնք քրիստոնեաները չեն տօներ։

«Ինչո՞ւ Եհովայի վկաները կարգ մը տօներ չեն տօներ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս չորս պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք, որ Եհովան ծննդեան տարեդարձին չի հաճիր։

«Եհովայի վկաները ինչո՞ւ ծննդեան տարեդարձ չեն տօներ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տես թէ ինչպէ՛ս Եհովան սիրող պզտիկները կրնան իր սիրտը ուրախացնել տօներու ժամանակ։

Եհովային համար արժէքաւոր ես (11։35)

Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ որոշած են Սուրբ Ծնունդը չտօնել։ Անոնք իրենց որոշումին նկատմամբ ի՞նչ կը զգան։

«Անոնք Սուրբ Ծնունդէն աւելի արժէքաւոր բան մը գտան» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

a Տե՛ս Բացատրութիւն 5, գիտնալու համար թէ տօներու ատեն, որոշ պարագաներու նկատմամբ ինչպէ՛ս կրնաս վարուիլ։