Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 47

Պատրա՞ստ ես մկրտուելու

Պատրա՞ստ ես մկրտուելու

Սուրբ Գիրքը սերտելով, Եհովայի մասին շատ մը բաներ սորված ես։ Հաւանաբար, սորվածդ գործադրելու համար կարգ մը փոփոխութիւններ ըրած ես։ Բայց թերեւս պատճառ մը կայ, որ քեզ ետ կը պահէ Եհովային նուիրուելէ եւ մկրտուելէ։ Այս դասին մէջ նկատի պիտի առնենք կարգ մը բաներ, որոնք ընդհանրապէս արգելք կ’ըլլան, որ մէկը մկրտուի, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնք յաղթահարել։

1. Մկրտուելէ առաջ, որքա՞ն բան պէտք է գիտնաս

Մկրտուելու համար, պէտք է ‘ճշմարտութիւնը ճանչնաս’ (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Ասիկա չի նշանակեր, որ մկրտուելէ առաջ պէտք է գիտնաս ամէն մէկ սուրբգրային հարցումի պատասխանը։ Նոյնիսկ երկար տարիներէ ի վեր մկրտուած քրիստոնեաները կը շարունակեն սորվիլ (Կողոսացիս 1։9, 10)։ Բայց անշուշտ պէտք է որ Սուրբ Գիրքին հիմնական ուսուցումները հասկնաս։ Ժողովքին երէցները քեզի պիտի օգնեն, որ գիտնաս թէ բաւարար գիտելիքներ ունի՛ս կամ ոչ։

2. Մկրտուելէ առաջ, ի՞նչ կարգ մը քայլեր պէտք է առնես

Մկրտուելէ առաջ, պէտք է ‘ապաշխարես ու դարձի գաս’ (կարդա՛ Գործք 3։19)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մեղքերուդ համար խորապէս կը զղջաս եւ Եհովայէն կը խնդրես որ քեզի ներէ։ Նաեւ, կը մերժես գէշ գործերը եւ կ’որոշես Աստուծոյ հաճելի կերպով ապրիլ։ Ատկէ զատ, կը սկսիս ժողովներու ներկայ ըլլալ եւ քարոզել որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։

3. Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգես, որ վախը քեզի արգելք ըլլայ

Ոմանք կը վախնան, որ պիտի չկարենան ընել այն ինչ որ Եհովային կը խոստանան։ Այո, ատեններ սխալներ պիտի ընես, ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ ըրին։ Միտքդ պահէ որ Եհովան իր ծառաներէն կատարելութիւն չ’ակնկալեր (կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14)։ Ան կը հաճի, երբ լաւագոյնդ կ’ընես։ Քեզի պիտի օգնէ։ Ան մեզ կը վստահեցնէ, որ ո՛չ մէկ բան «կրնայ մեզ զատել [իր] սէրէն» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։38, 39

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս մկրտութեան որեւէ արգելք յաղթահարել, Եհովան աւելի լաւ ճանչնալով եւ իր օգնութիւնը ընդունելով։

4. Եհովան աւելի լաւ ճանչցիր

Մկրտուելէ առաջ, Եհովան որքա՞ն լաւ պէտք է ճանչնաս։ Պէտք է զինք ճանչնաս այնչա՛փ, որ զինք սիրես եւ ուզես զինք հաճեցնել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի չորս կողմը Սուրբ Գիրքը սերտող անհատներ այդպէս ըրած են։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչը օգնեց կարգ մը անհատներու, որ մկրտութեան պատրաստուին։

Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 12։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կասկածներ ունի՞ս Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածներուն նկատմամբ, կամ թէ ի՛նչ որ Եհովայի վկաները կը սորվեցնեն՝ ճշմարտութիւնն է։

  • Եթէ այո, ի՞նչ կրնաս ընել։

5. Յաղթահարէ մկրտութեանդ արգելք եղող որեւէ բան

Երբ կ’որոշենք Եհովային նուիրուիլ ու մկրտուիլ, բոլորս ալ դժուարութիւններ կ’ունենանք։ Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Նարանկերելը ի՞նչ արգելքներ պէտք էր յաղթահարէր, որպէսզի Եհովային ծառայէր։

  • Եհովայի հանդէպ սէրը ինչպէ՞ս իրեն օգնեց, որ այդ արգելքները յաղթահարէ։

Կարդացէ՛ք Առակաց 29։25 եւ Բ. Տիմոթէոս 1։7 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ բան մեզի քաջութիւն կու տայ, որ արգելքները յաղթահարենք։

6. Վստահէ՛ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ

Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ զինք հաճեցնես։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչ բան աշակերտը ետ կը պահէր մկրտուելէ։

  • Ան ի՞նչ բան գիտցաւ, որ իրեն օգնեց որ Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը զօրացնէ։

Կարդացէ՛ք Եսայի 41։10, 13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ նուիրումիդ ատեն տուած խոստումդ կրնաս պահել։

7. Եհովայի սիրոյն հանդէպ գնահատանքդ աւելցուր

Ո՛րքան աւելի մտածես որ Եհովան քեզ շա՜տ կը սիրէ, ա՛յնքան աւելի շնորհակալ պիտի ըլլաս եւ պիտի ուզես իրեն ծառայել յաւիտեան։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 40։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովայի ո՞ր օրհնութիւնները յատկապէս կը գնահատես։

Երեմիա մարգարէն Եհովան ու իր խօսքը կը սիրէր, եւ խորապէս կը գնահատէր, որ պատիւը ունէր Եհովայի անունով կոչուելու։ Ան ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած» (Երեմիա 15։16)։ Պատասխանէ՛ այս հարցումներուն.

  • Ինչո՞ւ Եհովայի վկայ ըլլալը մեծ պատիւ մըն է։

  • Կը փափաքի՞ս որպէս Եհովայի վկայ մկրտուիլ։

  • Բան մը քեզ կ’արգիլէ՞ ատիկա ընելէ։

  • Ի՞նչ կը կարծես պէտք է ընես, որպէսզի մկրտութեան նպատակակէտին հասնիս։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Կը վախնամ, որ մկրտուելէ ետք չկարենամ տուած խոստումս պահել»։

  • Այդպէս կը զգա՞ս։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովայի օգնութեամբ, մկրտութեան արգելք եղող որեւէ բան կրնաս յաղթահարել։

Վերաքաղ

  • Սուրբ Գիրքէն որքա՞ն բան պէտք է գիտնաս, որպէսզի մկրտուիս։

  • Մկրտուելէ առաջ, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընես։

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգես որ վախը քեզ ետ պահէ մկրտուելէ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ մկրտութեան որոշումդ ինչի՛ վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։

«Մկրտուելու պատրա՞ստ ես» (Դիտարան մարտ 2020)

Սորվէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս յաղթահարել մասնաւոր դժուարութիւններ, որոնք կրնան քեզ ետ պահել մկրտուելէ։

«Ի՞նչ բան քեզ կ’արգիլէ մկրտուելէ» (Դիտարան մարտ 2019)

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս տղամարդ մը մեծ արգելքներ յաղթահարեց, որպէսզի մկրտուի։

‘Ինչո՞ւ կ’ուշացնես մկրտութիւնդ’ (1։10)

Սկիզբը, Աթա անունով տղամարդ մը երկու միտքի վրայ էր՝ մկրտուի կամ ոչ։ Տե՛ս թէ ի՛նչ բան զինք համոզեց, որ այս կարեւոր քայլը առնէ։

Այս օրհնութիւնները կ’արժե՞մ (7։21)