Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 52

Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են

Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են

Ամէն մարդ հագուելու եւ շքուելու նկատմամբ իր ճաշակը ունի։ Սուրբ Գիրքի քանի մը պարզ սկզբունքներ մեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ մեր ճաշակով հագուինք եւ թէ Եհովան հաճեցնենք։ Նկատի առնենք այդ սկզբունքներէն ոմանք։

1. Ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է ազդեն մեր հագուելակերպին ու տեսքին

Պէտք է զատենք ‘վայելուչ հագուստ, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ [«համեստութեամբ եւ ողջմտութեամբ», ՆԱ]’, եւ միշտ մաքուր տեսք ունենանք, որպէսզի ուրիշները տեսնեն մեր «աստուածպաշտութիւնը» (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ Նկատի առ այս չորս սկզբունքները. 1) Մեր հագուստը պէտք է «վայելուչ» ըլլայ։ Ինչպէս ժողովներուն նկատած ես, Եհովայի ծառաները տարբեր ճաշակներ ունին, բայց մեր հագուելակերպը եւ սանտրուածքը Աստուծոյ հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան։ 2) «Համեստութեամբ» հագուիլ կը նշանակէ, որ չհագուինք հագուստներ որոնք ուրիշները կը գրգռեն կամ կը ձգեն որ բոլորին աչքերը մեր վրայ ըլլան։ 3) «Ողջմտութիւն» կամ խոհեմութիւն ցոյց կու տանք, երբ ամէն տեսակ նորոյթի ետեւէ չենք ըլլար։ 4) Մեր տեսքը միշտ պէտք է ցոյց տայ, որ Աստուծոյ նուիրուած ենք, որպէսզի ուրիշներուն յստակ ըլլայ, որ ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտենք (Ա. Կորնթացիս 10։31

2. Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն

Թէեւ ազատ ենք մեր ուզածը հագնելու, բայց պէտք է մտածենք թէ մեր տեսքը ուրիշներուն ինչպէ՛ս պիտի ազդէ։ Մենք ամէն ջանք կ’ընենք, որ ոեւէ մէկը չնեղացնենք, հապա ‘շինութեան համար [մեր] ընկերին հաճոյ ըլլանք’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։1, 2

3. Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշները ճշմարիտ պաշտամունքին քաշել

Մենք ջանք կ’ընենք, որ ամէն ատեն յարմար հագուստներ հագնինք։ Բայց մանաւանդ ուշադիր կ’ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը հագուինք ժողովներու եւ ծառայութեան մէջ, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը չշեղի մեր քարոզած կարեւոր բարի լուրէն եւ չկեդրոնանայ մեր տեսքին վրայ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր տեսքը ուրիշները ճշմարտութեան քաշէ եւ ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարէ’ (Տիտոս 2։10

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որ մեր հագուելակերպն ու տեսքը քրիստոնէավայել ըլլան։

Մեր տեսքը կրնայ ցոյց տալ, որ իշխանութիւն ունեցող մարդիկը կը յարգե՛նք կամ ոչ։ Ճիշդ է որ Եհովան մեր սիրտը կը տեսնէ, բայց կարեւոր է որ մեր տեսքն ալ իրեն հանդէպ յարգանք ցոյց տայ

4. Մեր լաւ տեսքով Եհովայի հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք

Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր պատճառը, որ մեր տեսքին ուշադրութիւն ընենք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 47։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիշելը որ մենք Եհովան կը ներկայացնենք, ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր հագուելակերպին։

  • Քու կարծիքովդ, իրապէս կարեւո՞ր է որ մեր տեսքին ուշադրութիւն ընենք, երբ ժողովներու կ’երթանք եւ ծառայութեան կը մասնակցինք։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

5. Մեր հագուելակերպին եւ տեսքին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարեւոր չէ թէ մեր հագածը սուղ է կամ աժան է։ Կարեւորը այն է, որ մաքուր եւ առիթին յարմար ըլլայ։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 10։24 եւ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք թէ ինչո՛ւ պէտք չէ հագնինք հագուստներ, որոնք՝

  • թափթփած կամ աղտոտ են։

  • փակած, բաց կամ ուրիշ կերպով գրգռիչ են։

Ճիշդ է որ քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին տակ չեն, բայց անիկա Եհովայի մտածելակերպը ցոյց կու տայ։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 22։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ տղամարդը կնոջ պէս հագուածք ու տեսք ունենայ, իսկ կինը՝ տղամարդու պէս։

Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 10։32, 33 եւ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչո՞ւ պէտք է հաշուի առնենք, թէ մեր տեսքը մեր շրջանակին կամ մեր ժողովքին մէջ ոմանց նեղութիւն կու տա՛յ կամ ոչ։

  • Շրջանիդ մէջ մարդիկ սովորաբար ինչպէ՞ս կը հագուին ու կը շքուին։

  • Քու կարծիքովդ, անոնց հագուելու եւ շքուելու կերպերէն ոմանք քրիստոնեային համար անյարմա՞ր են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Կրնանք տարբեր կերպերով հագուիլ ու շքուիլ եւ միեւնոյն ատեն Եհովան հաճեցնել

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես ուզածս կը հագուիմ։ Մէկու մը չի խառնուիր»։

  • Ասոր կը համաձայնի՞ս։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Երբ մեր հագուելակերպին ու տեսքին նկատմամբ լաւ որոշումներ կ’առնենք, Եհովային եւ ուրիշներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ մեր հագուելու եւ շքուելու կերպը Եհովայի համար կարեւոր է։

  • Ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է ազդեն մեր հագուելակերպին ու տեսքին։

  • Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ճշմարիտ պաշտամունքի նկատմամբ մարդոց կարծիքին։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ հագուստներդ քու մասիդ ի՛նչ գաղափար կու տան։

«Հագուստս ինչպէ՞ս է վրաս» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ թաթու ընելէ առաջ, լրջօրէն մտածել հետեւանքներուն մասին։

«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դաջուածք կամ թաթու ընելու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս ուրիշ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որոշումներ առնելու։

«Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞» (Դիտարան սեպտեմբեր 2016)

Կարդա՛ անկեղծ կնոջ մը մասին, որ սորվեցաւ հագուելակերպի նկատմամբ ուրիշներուն առած որոշումները յարգել։

«Հագուելակերպը եւ յարդարանքը ինծի արգելք կ’ըլլային որ ճշմարտութիւնը ընդունիմ» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)