Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 53

Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ

Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ

Եհովան ուրախ Աստուած է (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Ան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք եւ կեանքէն հաճոյք առնենք։ Ան կ’ուրախանայ, երբ ժամանակ կը տրամադրենք, որպէսզի գործէն հանգստանանք։ Այս դասին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ այդ ժամանակը ինչպէ՛ս կրնանք այնպէս մը գործածել, որ ուրախանանք եւ միեւնոյն ատեն Եհովան հաճեցնենք։

1. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, երբ ժամանց կ’ընտրենք

Ազատ ժամանակիդ ի՞նչ կը սիրես ընել։ Կարգ մը մարդիկ կը նախընտրեն իրենց ազատ ժամանակը տունը անցընել, գիրք կարդալով, երաժշտութիւն մտիկ ընելով, ֆիլմ դիտելով կամ ինթըրնէթը գործածելով։ Ուրիշներ կը սիրեն բարեկամներու հետ պտոյտի երթալ, լողալ կամ խաղեր խաղալ։ Ի՛նչ ժամանց ալ ընտրենք, պէտք է վստահ ըլլանք, որ անիկա «Տէրոջը հաճելի» է (Եփեսացիս 5։10)։ Այս մէկը կարեւոր է, քանի որ շատեր կ’ընտրեն ժամանց, որ կը քաջալերէ բաներ, որոնք Եհովան կ’ատէ, օրինակ՝ վայրագութիւնը, սեռային անբարոյութիւնը կամ ոգեհարցութիւնը (կարդա՛ Սաղմոս 11։5)։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ ժամանցի նկատմամբ լաւ որոշումներ առնենք։

Եթէ զատենք ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն, անոնք կրնան մեր վրայ եւ մեր ժամանցին ընտրութեան վրայ լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Ինչպէս Դաս 48–ին մէջ սորվեցանք, «իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ»։ Միւս կողմէ, եթէ միշտ ընկերակցինք անոնց, որոնք չեն ուզեր Աստուծոյ ըսածները ընել, ‘չարիքի պիտի հանդիպինք’ (Առակաց 13։20, ստորանիշ)։

2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ որոշենք, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի տանք ժամանցին

Նոյնիսկ եթէ մեր ընտրած ժամանցը ընդունելի է, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ անոր շատ ժամանակ չտանք։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, թերեւս բաւարար ժամանակ չունենանք կարեւոր բաներու համար։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ժամանակը ծախու առնենք’, այսինքն՝ ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածենք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս ժամանցիդ նկատմամբ լաւ որոշումներ առնել։

3. Մերժէ՛ վնասակար ժամանցը

Ինչո՞ւ մեր ժամանցը ուշադրութեամբ պէտք է ընտրենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Հռոմի մէջ եղած խաղերը ինչպէ՞ս կը նմանէին ներկայ ժամանցներէն ոմանց։

  • Վիտէոյին մէջ, Րաֆֆին ի՞նչ սորվեցաւ ժամանցի մասին։

Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 12։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ լաւ ժամանց ընտրես։

Եհովայի ատած բաներէն ոմանք ի՞նչ են։ Կարդացէ՛ք Առակաց 6։16, 17 եւ Գաղատացիս 5։19-21։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարներուն մէջ յիշուած ո՞ր բաները ներկայ ժամանցներուն մէջ կան։

 Ժամանցը իմաստութեամբ ընտրէ

Դուն քեզի հարցուր.

  • Ժամանցին մէջ կա՞յ բան մը, որ Եհովան կ’ատէ։

  • Ժամանցը կը խանգարէ՞ աւելի կարեւոր գործունէութիւն մը։

  • Ժամանցը կը ձգէ՞ որ ընկերակցիմ անհատներու հետ, որոնք Եհովան չեն սիրեր։

Աւելի ապահով կ’ըլլանք, երբ վտանգէն շատ հեռու կը կենանք։ Ատոր համար, պէտք է հեռու կենանք որեւէ ժամանցէ, որ կը կասկածինք թէ մեզի համար լաւ չէ

4. Ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Թէեւ եղբայրը վնասակար բան մը չէր դիտեր, ազատ ժամանակը անցընելու իր կերպը ինչպէ՞ս իրեն կ’ազդէր։

Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 1։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ որոշենք թէ որքա՛ն ժամանակ ժամանցին տանք։

5. Ընտրէ՛ քեզի օգտակար եղող ժամանցը

Թէեւ կարգ մը ժամանցներ ընդունելի չեն, բայց կրնանք շատ մը բաներ ընել, որոնք հաճելի են։ Կարդացէ՛ք Ժողովող 8։15 եւ Փիլիպպեցիս 4։8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ օգտակար ժամանցներ կը սիրես։

Կրնա՛ս օգտակար ժամանց ունենալ

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Վնասակար չեմ տեսներ այն ժամանցը, որուն մէջ կայ վայրագութիւն, անբարոյութիւն կամ ոգեհարցութիւն, այնքան ատեն որ ես այսպիսի բաներ չեմ ըներ»։

  • Ի՞նչ կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կ’ուզէ, որ լաւ ժամանցը ընտրենք ու անկէ հաճոյք առնենք։

Վերաքաղ

  • Քրիստոնեաները ի՞նչ ժամանցներ պէտք է մերժեն։

  • Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ ժամանցին որքա՛ն ժամանակ կու տանք։

  • Կ’ուզե՞ս ընտրել ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ։ Ինչո՞ւ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս ժամանցին նկատմամբ լաւ որոշումներ առնել։

«Զբօսանքդ օգտակա՞ր է» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2011)

«Ունեցած նախապաշարումս յաղթահարեցի» յօդուածին մէջ, նկատի առ թէ ինչո՛ւ տղամարդ մը իր ընտրած ժամանցները փոխեց։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս մայր մը իմաստուն որոշում առաւ այն ժամանցին նկատմամբ, որուն մէջ ոգեհարցութիւն կար։

Մերժէ՛ ժամանցներ որոնց մէջ ոգեհարցութիւն կայ (2։02)