Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՄԷԿ

Ան դիտեց եւ սպասեց

Ան դիտեց եւ սպասեց

1, 2. Եղիան ի՞նչ անհաճելի յանձնարարութիւն մը պէտք էր կատարէր, եւ ի՞նչ տարբերութիւն կար իր եւ Աքաաբի միջեւ։

ԵՂԻԱ կը տենչար առանձնաբար աղօթել իր երկնաւոր Հօր։ Բայց զինք շրջապատող ժողովուրդը դեռ նոր տեսած էր, թէ այս ճշմարիտ մարգարէն խնդրած էր որ երկնքէն կրակ իջնէ. եւ շատեր, անկասկած, կ’ուզէին իր հաճութիւնը շահիլ։ Առաջ որ Եղիան Կարմեղոս լերան բարձունքները ելլէր եւ առանձնաբար Եհովա Աստուծոյ աղօթէր, անհաճելի յանձնարարութիւն մը պէտք էր կատարէր։ Ան Աքաաբ թագաւորին հետ պէտք էր խօսէր։

2 Այս երկու տղամարդիկը իրարմէ շա՜տ տարբեր էին։ Արքայական փարթամ հագուստով զգեստաւորուած Աքաաբը՝ ագահ եւ թուլակամ հաւատուրաց մըն էր։ Իսկ Եղիան հագած էր մարգարէի մը պաշտօնական հագուստը, որ պարզ թիկնոց մըն էր, հաւանաբար անասունի մորթէ պատրաստուած, ուղտի կամ այծի մազէ գործուած. ան հաւատքի տէր, քաջասիրտ եւ ուղղամիտ մարդ էր։ Այդ օրը, որ իր աւարտին կը մօտենար, շատ բան յայտնած էր իւրաքանչիւրին մասին։

3, 4. ա) Օրը ինչո՞ւ վատ եղած էր Աքաաբի եւ Բահաղի միւս երկրպագուներուն համար։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

3 Այդ օրը վատ էր Աքաաբի եւ Բահաղի միւս երկրպագուներուն համար։ Այն հեթանոսական կրօնքը, որ Աքաաբ եւ իր կինը՝ Յեզաբէլ թագուհին, վեր բռնած էին Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան մէջ, մեծ պարտութիւն մը կրած էր։ Բահաղի կեղծ ըլլալը քօղազերծուած էր։ Այդ անկենդան աստուածը չէր կրցած նոյնիսկ պզտիկ կրակ մը վառել, երբ իր մարգարէները իրեն դիմած էին սաստիկ աղաչանքներով, պարերով եւ ծիսականօրէն արիւն թափելով։ Բահաղ չէր կրցած մահուան դատապարտութենէն ազատել այն 450 տղամարդիկը, որոնք արժանի էին մահուան։ Բայց այդ չաստուածը ուրիշ բանի մէջ ալ թերացած էր, եւ ասիկա ա՛լ աւելի պիտի բացայայտուէր։ Աւելի քան երեք տարի, Բահաղի մարգարէները աղերսած էին իրենց աստուծոյն, որ երկիրը հարուածող երաշտին վերջ դնէր, բայց Բահաղ չէր կրցած այս մէկը ընել։ Շուտով, Եհովան անձա՛մբ ցոյց պիտի տար իր գերակայութիւնը՝ երաշտին վերջ դնելով (Գ. Թագ. 16։30–17։1. 18։1-40

4 Սակայն Եհովան ե՞րբ պիտի գործէր։ Մինչ այդ, Եղիան ի՞նչ պիտի ընէր։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս հաւատքի տէր մարդէն։ Արձանագրութիւնը քննելով՝ գտնենք պատասխանները (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։41-46

Աղօթարար կեցուածք

5. ա) Եղիան Աքաաբին ի՞նչ ըսաւ որ ընէ։ բ) Արդեօք Աքաաբ այդ օրուան դէպքերէն որեւէ բան սորվա՞ծ էր։

5 Եղիան Աքաաբի մօտենալով՝ ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն կայ»։ Արդեօք այս չար թագաւորը որեւէ բան սորվա՞ծ էր այդ օրուան դէպքերէն։ Աստուածաշունչը յստակօրէն չ’ըսեր, բայց արձանագրութեան մէջ տեղ մը չի նշուիր, թէ Աքաաբ Եղիա մարգարէէն օգնութիւն խնդրեց որպէսզի Եհովային մօտենար եւ կամ Աստուծմէ ներում խնդրէր։ Աքաաբ պարզապէս «ուտելու ու խմելու ելաւ» (Գ. Թագ. 18։41, 42)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Եղիայի մասին։

6, 7. Եղիան ի՞նչ բանի համար աղօթեց եւ ինչո՞ւ։

6 «Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ»։ Մինչ Աքաաբ իր ստամոքսը լեցնելով զբաղած էր, Եղիան առիթ ունեցաւ իր երկնաւոր Հօր աղօթելու։ Նկատէ թէ Եղիային մարմնի կեցուածքը որքան խոնարհ էր. ան մինչեւ գետին ծռած եւ երեսը իր ծունկերուն մօտեցուցած էր։ Եղիան ի՞նչ կ’ընէր արդեօք։ Կռահելու պէտք չունինք։ Աստուածաշունչը, Յակոբոս 5։18–ի մէջ կ’ըսէ, թէ Եղիան աղօթեց որ երաշտը կենար։ Հաւանաբար, ան այս մասին կ’աղօթէր Կարմեղոս լերան գագաթը։

Եղիայի աղօթքները ցոյց տուին, թէ ինք կը տենչար Աստուծոյ կամքը կատարուած տեսնել

7 Նախապէս Եհովան ըսած էր. «Երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ» (Գ. Թագ. 18։1)։ Ուստի Եղիան կ’աղօթէր որ Եհովայի կամքը կատարուէր, ճիշդ ինչպէս որ գրեթէ հազար տարի ետք Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել, որ Հօր կամքը կատարուի (Մատ. 6։9, 10

8. Եղիայի օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ աղօթքի մասին։

8 Եղիային օրինակը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ աղօթքի մասին։ Ամէն բանէ առաջ, ան կ’ուզէր որ Աստուծոյ կամքը կատարուէր։ Ուստի երբ կ’աղօթենք, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ «ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։ Որպէսզի մեր աղօթքները ընդունելի ըլլան, հարկ է որ գիտնանք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը. ասիկա վաւերական պատճառ մըն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէկ մասը դարձնելու։ Անկասկած, Եղիան նաեւ կ’ուզէր երաշտին վախճանը տեսնել, քանի որ իր հայրենակիցները մեծապէս կը տառապէին անկէ։ Ասկէ զատ, այդ օրը Եհովայի գործած հրաշքը տեսնելէն ետք, իր սիրտը հաւանաբար երախտագիտութեամբ լեցուած էր։ Մենք նոյնպէս կ’ուզենք մեր աղօթքներուն մէջ սրտաբուխ շնորհակալութիւն յայտնել եւ ուրիշներու բարօրութեան նկատմամբ մտահոգութիւն ցոյց տալ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։11. Փիլիպպեցիս 4։6

Վստահ եւ աչալուրջ

9. Եղիան իր սպասաւորին ըսաւ որ ի՞նչ ընէր, եւ ի՞նչ երկու յատկութիւններ նկատի պիտի առնենք։

9 Եղիան վստահ էր որ Եհովան երաշտին վերջ պիտի դնէր, բայց ինք չէր գիտեր թէ Ան ե՛րբ պիտի գործէր։ Մինչ այդ, մարգարէն ի՞նչ ըրաւ։ Նկատի առ թէ արձանագրութիւնը ի՛նչ կ’ըսէ. «Իր մանչուն ըսաւ. ‘Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ’։ Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. ‘Բան մը չկայ’։ Եղիա եօթը անգամ՝ ‘Նորէն գնա՛’, ըսաւ» (Գ. Թագ. 18։43)։ Եղիայի օրինակէն առնուազն երկու դաս կը սորվինք։ Նախ, նկատի առ մարգարէին վստահութիւնը, ետքը նշմարէ իր աչալրջութիւնը։

Եղիան անձկութեամբ ջանաց ապացոյց մը գտնել, թէ Եհովան շուտով պիտի գործէր

10, 11. ա) Եղիան ի՞նչ կերպով ցոյց տուաւ իր վստահութիւնը Եհովայի խոստումին վրայ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք նոյնանման վստահութիւն ունենալ։

10 Քանի որ Եղիան Եհովայի խոստումին վրայ մեծ վստահութիւն ունէր, անձկութեամբ ջանաց ապացոյց մը գտնել, թէ Եհովան շուտով պիտի գործէր։ Ան իր սպասաւորը բարձր տեղ մը ղրկեց, որպէսզի նայէր թէ արդեօք հորիզոնին վրայ անձրեւի նշաններ կ’երեւէի՞ն։ Վերադառնալով, սպասաւորը յոյս չներշնչող այս լուրը հաղորդեց. «Բան մը չկայ»։ Հորիզոնին վրայ բան մը չէր երեւնար եւ երկինքը ակներեւաբար անամպ էր։ Տարօրինակ բան մը նկատեցի՞ր։ Յիշէ որ Եղիան դեռ նոր Աքաաբ թագաւորին ըսած էր. «Անձրեւի ոտնաձայն կայ»։ Մարգարէն ինչպէ՞ս կրնար այդպիսի բան մը ըսել, մինչ երկինքը անամպ էր։

11 Եղիան գիտէր Եհովայի խոստումը։ Եհովայի մարգարէն եւ ներկայացուցիչը ըլլալով, ինք վստահ էր որ Աստուած պիտի կատարէր Իր խօսքը։ Եղիան այնքա՛ն վստահ էր, որ կարծես թէ արդէն կը լսէր տեղատարափ անձրեւին ձայնը։ Թերեւս մտաբերենք Մովսէսի նկատմամբ Աստուածաշունչին նկարագրութիւնը. «[Ան] համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ Աստուած նոյնպէս իրակա՞ն է քեզի համար։ Ան բազմաթիւ պատճառներ կու տայ, որ իր խոստումներուն վրայ այդպիսի հաւատք ընծայենք (Եբ. 11։1, 27

12. ա) Եղիան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ աչալուրջ էր։ բ) Ան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ լսեց թէ պզտիկ ամպ մը կ’երեւէր։

12 Այժմ նկատենք թէ Եղիան որքա՛ն աչալուրջ էր։ Ան իր սպասաւորը ետ ղրկեց, ոչ թէ մէկ կամ երկու անգամ, այլ՝ եօթը անգամ։ Կրնանք պատկերացնել թէ սպասաւորը որքա՛ն կը յոգնէր կրկին անգամ երթալէն, բայց Եղիան շարունակեց անձկութեամբ նշանի մը սպասել եւ իր յոյսը չկտրեց։ Ի վերջոյ, եօթներորդ անգամին, վերադառնալէն ետք, սպասաւորը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ’ելլէ»։ Պահ մը երեւակայէ. սպասաւորը իր ձեռքը կ’երկարէ եւ ափովը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ չափ ունէր Մեծ ծովուն հորիզոնին վրայ յայտնուած այդ պզտիկ ամպը։ Թերեւս սպասաւորին համար, այդ պզտիկ ամպը տպաւորիչ չէր, բայց Եղիայի համար, անիկա մեծ նշանակութիւն ունէր։ Այժմ ան իր սպասաւորին աճապարանօք ցուցմունքներ տուաւ, ըսելով. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՛՝ ‘Կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս’» (Գ. Թագ. 18։44

13, 14. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Եղիային աչալրջութիւնը։ բ) Ի՞նչ պատճառներ ունինք հրատապութեամբ գործելու։

13 Եղիա դարձեալ ընտիր օրինակ մը թողուց մեզի համար։ Մենք ալ կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի՝ իր ըսած նպատակը կատարելու համար։ Եղիան երաշտի վախճանին կը սպասէր, իսկ Աստուծոյ այժմու ծառաները այս ապականուած աշխարհի վախճանին կը սպասեն (Ա. Յովհ. 2։17)։ Մինչեւ Եհովա Աստուծոյ գործի լծուիլը, հարկ է որ Եղիային պէս միշտ աչալուրջ մնանք։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, իր հետեւորդները խրատեց. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Արդեօք Յիսուս ըսել ուզեց որ իր հետեւորդները պիտի չգիտնա՞յին թէ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրէին։ Ո՛չ, քանի որ ան մանրամասնօրէն նկարագրեց թէ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրէին, առաջ որ աշխարհին վերջը գար։ Բոլորս կրնանք «աշխարհիս վերջին»՝ այս մանրամասն նշանին կատարումը տեսնել (կարդա՛ Մատթէոս 24։3-7

Պզտիկ ամպը բաւարար էր որ Եղիան համոզուէր թէ Եհովան շուտով պիտի գործէր։ Վերջին օրերուն նշանը համոզիչ պատճառներ կու տայ հրատապութեամբ գործելու

14 Այս նշանին իւրաքանչիւր երեսակը զօրաւոր եւ համոզիչ փաստ մը կու տայ։ Արդեօք այդ փաստերը բաւարա՞ր են, որ հրատապութեամբ Եհովային ծառայենք։ Հորիզոնին վրայ յայտնուած պզտիկ ամպը բաւարար էր, որ Եղիան համոզուէր թէ Եհովան շուտով պիտի գործէր։ Արդեօք հաւատարիմ մարգարէն յուսախաբ եղա՞ւ։

Եհովա հանգստութիւն եւ օրհնութիւններ կը շնորհէ

15, 16. ա) Ի՞նչ դէպքեր արագօրէն զարգացան։ բ) Եղիան հաւանաբար ի՞նչ հարց կու տար Աքաաբի մասին։

15 Արձանագրութիւնը կը նշէ. «Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ։ Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց» (Գ. Թագ. 18։45)։ Դէպքերը շատ արագ զարգացան։ Մինչ Եղիայի սպասաւորը մարգարէին պատգամը Աքաաբի կը հասցնէր, այդ պզտիկ ամպը մեծցաւ, տարածուեցաւ եւ երկինքը մռայլեցուց։ Ուժգին քամի մը փչեց։ Վերջապէս, երեքուկէս տարի ետք, Իսրայէլի հողին վրայ անձրեւ տեղաց։ Չորցած հողը ներծծեց անձրեւին կաթիլները։ Եւ երբ անձրեւը տեղատարափի վերածուեցաւ, Կիսոն գետը յորդեցաւ, անկասկած, հողը մաքրելով մահուան դատապարտուած Բահաղի մարգարէներուն արիւնէն։ Իսկ կամակոր իսրայէլացիներուն առիթ տրուեցաւ՝ Բահաղի նողկալի պաշտամունքը երկրէն ամբողջովին վերցնելու։

«Սաստիկ անձրեւ եկաւ»

16 Վստահաբար, Եղիան յուսաց որ ասիկա ընեն։ Թերեւս ան հարց կու տար, թէ Աքաաբ ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջէր իրարայաջորդ ազդու դէպքերուն։ Արդեօք Աքաաբ պիտի զղջա՞ր եւ Բահաղի պաշտամունքին ապականութենէն ետ պիտի դառնա՞ր։ Այդ օրուան դէպքերը հիմնաւոր պատճառներ տուած էին այդպիսի փոփոխութիւններ ընելու։ Անշուշտ, չենք կրնար գիտնալ թէ այդ պահուն, Աքաաբի մտքէն ի՛նչ կ’անցնէր կը դառնար։ Արձանագրութիւնը պարզապէս կ’ըսէ, թէ թագաւորը «հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց»։ Արդեօք Աքաաբ որեւէ դաս սորվա՞ծ էր։ Վճռա՞ծ էր իր ճամբաները փոխել։ Յետագայ դէպքերէն կարելի է հասկնալ, թէ պատասխանը ո՛չ է։ Սակայն օրը դեռ չէր աւարտած Աքաաբի ե՛ւ Եղիայի համար։

17, 18. ա) Ի՞նչ պատահեցաւ Եղիային, Յեզրայէլ տանող ճամբուն վրայ։ բ) Եղիայի՝ Կարմեղոսէն Յեզրայէլ վազելուն մէջ ի՞նչ բան աչքառու էր (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

17 Եհովայի մարգարէն բռնեց Աքաաբի գացած ճամբան, որ երկար, մութ եւ թաց էր։ Սակայն տարօրինակ բան մը պատահեցաւ։

18 «Տէրոջը ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց» (Գ. Թագ. 18։46)։ Յստակ է որ «Տէրոջը ձեռքը» գերբնականօրէն Եղիային վրայ կը գործէր։ Յեզրայէլ 30 քմ անդին էր, իսկ Եղիա երիտասարդ չէր *։ Պահ մը երեւակայէ. մարգարէն իր ոտքերը ազատօրէն շարժելու համար, իր երկար հագուստը իր ազդրերուն կը կապէ եւ կը վազէ անձրեւէն թրջուած ճամբայով։ Ան այնքա՛ն արագ կը վազէ, որ արքայական կառքին կը հասնի եւ անկէ առա՛ջ ալ կ’անցնի։

19. ա) Եղիայի աստուածատուր կորովն ու եռանդը թերեւս ի՞նչ մարգարէութիւններ մեր միտքը բերեն։ բ) Մինչ դէպի Յեզրայէլ կը վազէր, Եղիան վստահաբար ի՞նչ գիտէր։

19 Ասիկա Եղիային համար ի՜նչ օրհնութիւն մը ըլլալու էր։ Զգայացունց փորձառութիւն մըն էր զգալ այնպիսի մեծ զօրութիւն, կենսունակութիւն եւ եռանդ, որ թերեւս, նոյնիսկ իր երիտասարդ տարիներուն ան չէր ունեցած։ Թերեւս մեր միտքը բերենք այն մարգարէութիւնները, որոնք կը հաւաստիացնեն թէ հաւատարիմ մարդիկ պիտի վայելեն կատարեալ առողջութիւն եւ կորով՝ գալիք երկրային դրախտին մէջ (կարդա՛ Եսայի 35։6. Ղուկ. 23։43)։ Մինչ Եղիա կը վազէր այդ թաց ճամբայով, վստահաբար գիտէր թէ իր Հօր՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի հաւանութիւնը ունէր։

20. Ինչպէ՞ս կրնանք ջանք թափել Եհովայի օրհնութիւնները ստանալու համար։

20 Եհովան կը տենչայ մեզ օրհնել։ Ուստի ձգտինք ստանալ իր օրհնութիւնները, որոնց համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել։ Եղիայի նման, պէտք է աչալուրջ ըլլանք՝ ուշադրութեամբ կշռադատելով այն մեծ փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան շուտով գործի պիտի լծուի այս վտանգաւոր եւ հրատապ ժամանակներուն մէջ։ Եղիայի նման, ամէն պատճառ ունինք ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’՝ Եհովայի խոստումներուն ամբողջովին վստահելու (Սաղ. 31։5

^ պարբ. 18 Այս դէպքէն շատ չանցած, Եհովան Եղիան կը յանձնարարէ որ մարզէ Եղիսէն, որ «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնողը» պիտի ըլլար (Դ. Թագ. 3։11)։ Եղիսէն ծառայեց որպէս Եղիային սպասաւորը եւ ակներեւաբար գործնական կերպով օգնեց այդ տարեց մարդուն։