ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՀԻՆԳ
Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը
1-3. ա) Եսթեր թերեւս ինչո՞ւ կը վախնար իր ամուսինին քով երթալու գաղափարէն։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք Եսթերի վերաբերեալ։
ԵՍԹԵՐ կը փորձէ հանդարտ մնալ, մինչ կը մօտենայ Շուշանի մէջ գտնուող պալատի գաւիթին։ Իր սիրտը կը սկսի վախէն տրոփել։ Ինչո՞ւ. . . ։ Պալատը այնպէս մը շինուած է որ վախ կը ներշնչէ։ Ամէնուրեք կան աղիւսաշէն եւ ջնարակ խէժով փայլեցուած թեւաւոր ցուլերու, աղեղնաւորներու եւ առիւծներու գոյնզգոյն բարձրաքանդակներ, գծաւոր սիւներ եւ վիթխարի արձաններ։ Պալատին դիրքը նոյնպէս տպաւորիչ է, որովհետեւ կը գտնուի ձիւնապատ Զագրոս լեռներուն մօտակայքը գտնուող բարձրաւանդակի մը վրայ, ուրկէ կ’երեւին Գոէսբիզ գետի զուլալ ջուրերը։ Ամէն բան այնպէս մը կառուցուած է, որ իւրաքանչիւր այցելու յստակօրէն պատկերացնէ, թէ որքա՛ն հզօր է պալատին տէրը, որուն Եսթեր պիտի տեսնէ. այն անձը որ ինքզինք «մեծ արքայ» կը կոչէ։ Անիկա նաեւ Եսթերի ամուսինն է։
2 Եսթերին ամուսի՞նը. . . ։ Ասուերոս որքա՜ն տարբեր էր այն ամուսինէն, զոր ոեւէ հաւատարիմ հրեայ աղջիկ կրնար ակնկալել *։ Ան չէր կրնար հետեւիլ լաւ ամուսիններու օրինակին, ինչպէս Աբրահամին, որ խոնարհաբար ընդունեց Աստուծոյ ուղղութիւնը եւ մտիկ ըրաւ իր կնոջ՝ Սառային (Ծն. 21։12)։ Թագաւորը Եսթերի Աստուծոյն՝ Եհովայի կամ Անոր Օրէնքին մասին քիչ բան գիտէր, նոյնիսկ՝ ոչինչ։ Սակայն ան լաւ գիտէր պարսից օրէնսդրութիւնը, ուր նշուած էր այն օրէնքը, որ կ’արգիլէր Եսթերի մտադրած արարքը։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Այդ օրէնքը կ’ըսէր, թէ ոեւէ անհատ որ առանց թագաւորին կողմէ կանչուելու յայտնուէր անոր առջեւ, կրնար մահապատիժի ենթարկուիլ։ Եսթեր, թագաւորին կողմէ կանչուած չըլլալով հանդերձ, անոր քով կ’երթար։ Մինչ կը մօտենար ներքին գաւիթին, ուրկէ թագաւորը կրնար գահէն զինք տեսնել, թերեւս կը զգար թէ դէպի իր մահը կ’ընթանար (կարդա՛ Եսթեր 4։11. 5։1)։
3 Եսթեր ինչո՞ւ իր կեանքը վտանգի ենթարկեց։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս հիանալի կնոջ հաւատքէն։ Նախ տեսնենք, թէ ան ինչպէ՛ս Պարսկաստանի թագուհին ըլլալու դիրքին արժանացաւ։
Եսթերին ենթահողը
4. Եսթերին ենթահողը ի՞նչ էր եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ ան իր զարմիկին՝ Մուրթքէի հետ ապրեցաւ։
4 Եսթեր որբ էր։ Մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք իր ծնողքին մասին։ Անոնք իրենց աղջիկը անուանած էին Ադասսա,– եբրայերէն բառ մը որ կը նշանակէ «մրտենի»՝ գեղեցիկ, ճերմակ ծաղիկներ ունեցող թուփ մը։ Երբ Եսթերի ծնողքը մահացաւ, իր ազգականներէն մէկը՝ Մուրթքէ, որ բարեսիրտ մարդ մըն էր, աղջնակին հոգատարութիւնը ստանձնեց։ Մուրթքէ Եսթերի զարմիկն էր, եւ տարիքով բաւական մեծ էր։ Ան Եսթերը իր տունը տարաւ եւ անոր հետ վարուեցաւ այնպէս, որպէս թէ իր աղջիկը ըլլար (Եսթ. 2։5-7, 15)։
5, 6. ա) Մուրթքէն ինչպէ՞ս մեծցուց Եսթերը։ բ) Ինչպէ՞ս էր Եսթերի եւ Մուրթքէի կեանքը Շուշանի մէջ։
5 Մուրթքէ եւ Եսթեր, որոնք հրեայ աքսորեալներ էին, կ’ապրէին Պարսկաստանի մայրաքաղաքին մէջ, ուր հաւանաբար արհամարհանքի կ’ենթարկուէին իրենց կրօնքին եւ Օրէնքին պատճառով, զոր կը ջանային կիրարկել։ Հակառակ ասոր, Եսթեր վստահաբար աւելի մօտ զգաց իր զարմիկին, մինչ Մուրթքէն իրեն սորվեցուց ողորմած Աստուծոյն՝ Եհովային մասին, որ շատ անգամ Իր ժողովուրդը նեղութիւններէ ազատագրած էր եւ դարձեալ պիտի ազատագրէր (Ղեւ. 26։44, 45)։ Յստակ է որ Եսթերի եւ Մուրթքէի միջեւ սիրալիր ու հաւատարիմ կապ մը յառաջացաւ։
6 Ըստ երեւոյթին, Մուրթքէն պաշտօն մը ունէր Շուշանի պալատին առջեւ. ան կանոնաւորաբար պալատին դուռը կը նստէր, թագաւորին ուրիշ ծառաներուն հետ միասին (Եսթ. 2։19, 21. 3։3)։ Թէ Եսթեր ինչպէ՛ս անցուց իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, չենք կրնար ստուգապէս գիտնալ, բայց կրնանք ենթադրել թէ ան լաւ կերպով հոգ տարաւ իր տարեց զարմիկին եւ անոր տանը, որ հաւանաբար կը գտնուէր համեստ շրջանի մը մէջ՝ արքայական պալատը բաժնող գետէն անդին։ Թերեւս Եսթեր հաճոյքով կ’երթար Շուշանի շուկան, ուր ոսկերիչներ, արծաթագործներ եւ ա՛յլ առեւտրականներ իրենց ապրանքները կը ցուցադրէին։ Ան չէր կրնար պատկերացնել, թէ օրին մէկը այդ բոլոր շքեղութիւնները սովորական պիտի ըլլային իրեն համար. Եսթեր գաղափար իսկ չունէր թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէր։
«Վայելուչ կերպարանք մը ունէր»
7. Վաշթի թագուհին ինչո՞ւ գահընկէց եղաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ էր։
7 Օր մը, Շուշանի մէջ լուրեր տարածուեցան, թէ թագաւորին տան մէջ իրարանցում կայ։ Ասուերոս թագաւորը մեծ խրախճանք մը կազմակերպած էր իր ազնուականներուն համար՝ ճոխ ուտելիքով ու գինիով։ Թագաւորը որոշեց իր քով կանչել իր գեղեցիկ թագուհին՝ Վաշթին, որ իր կարգին՝ կիներու համար կոչունք տուած էր։ Բայց թագուհին չուզեց երթալ։ Նուաստացած ու զայրացած թագաւորը իր խրատատուներուն հարցուց, թէ Վաշթին ինչպէ՛ս պէտք էր պատժուէր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Վաշթին գահընկէց եղաւ։ Թագաւորին ծառաները սկսան ամբողջ երկրին մէջ փնտռել գեղեցիկ եւ կոյս երիտասարդուհիներ, որոնց մէջէն թագաւորը նոր թագուհի մը պիտի ընտրէր (Եսթեր 1։1–2։4)։
8. ա) Մինչ Եսթեր կը մեծնար, Մուրթքէն հաւանաբար ինչո՞ւ որոշ մտահոգութիւն ունէր իր զարմուհիին համար։ բ) Աստուածաշունչը ֆիզիքական գեղեցկութեան վերաբերեալ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ (տե՛ս նաեւ Առակաց 31։30)։
8 Կրնանք պատկերացնել, թէ Մուրթքէ ժամանակ առ ժամանակ ինչպէ՛ս հիացմունքով կը նայէր Եսթերին։ Ան թէ՛ պարծանքով ու թէ մտահոգութեամբ կը գիտակցէր, թէ իր փոքրիկ զարմուհին արդէն մեծցած եւ դարձած էր գեղեցկուհի։ Կը կարդանք. «Աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր» (Եսթ. 2։7)։ Աստուածաշունչը ֆիզիքական գեղեցկութեան շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ,– արտաքին գեղեցկութիւնը հաճելի է, բայց անոր պէտք է ընկերակցին իմաստութիւնն ու խոնարհութիւնը, այլապէս կրնան յառաջ գալ ունայնամտութիւն, հպարտութիւն եւ սրտի ա՛յլ գէշ վիճակներ (կարդա՛ Առակաց 11։22)։ Երբեք ասոր ճշմարիտ ըլլալը տեսա՞ծ ես։ Իսկ Եսթերի պարագայի՞ն ինչ պիտի ըլլար իր գեղեցկութիւնը. առաւելութի՞ւն թէ խոչընդոտ։ Ժամանակը պիտի փաստէր։
9. ա) Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ թագաւորին ծառաները Եսթերը նկատեցին, եւ Մուրթքէէն բաժնուիլը ինչո՞ւ դժուար ըլլալու էր իրեն համար։ բ) Մուրթքէն ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ Եսթեր անհաւատ հեթանոսի մը հետ ամուսնանայ (պարփակէ շրջանակը)։
9 Թագաւորին ծառաները Եսթերը կը նկատեն։ Անոնք զինք Մուրթքէէն բաժնելով իրենց հաւաքած աղջիկներուն հետ միասին կը տանին մեծ պալատը, որ գետէն անդին էր (Եսթ. 2։8)։ Այս բաժանումը շա՛տ դժուար ըլլալու էր, քանի որ երկուքը հօր ու զաւկի պէս էին։ Մուրթքէն պիտի չուզէր որ իր որդեգրած աղջիկը ամուսնանար անհաւատի մը հետ, նոյնիսկ եթէ անիկա թագաւոր ըլլար, բայց ձեռքէն բան չէր գար *։ Եսթեր ի՜նչ ուշադրութեամբ լսած ըլլալու էր Մուրթքէի խրատները, նախքան անկէ բաժնուիլը։ Մինչ ան Շուշանի պալատը կը տարուէր, շա՜տ հարցումներ կային իր մտքին մէջ։ Արդեօք ինչպիսի՞ կեանք մը կը սպասէր իրեն։
«Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ»
10, 11. ա) Եսթերի նոր միջավայրը ինչպէ՞ս կրնար դիւրութեամբ ազդել իրեն։ բ) Մուրթքէ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ մտահոգուած էր Եսթերի բարօրութեամբ։
10 Եսթեր ամբողջովին նոր եւ օտար միջավայրի մը մէջ գտաւ ինքզինք։ Ինք շարքին էր այն «շատ [մը] աղջիկներ»ուն, որոնք Պարսկաստանի կայսրութեան հեռու տեղերէն հաւաքուած էին։ Անոնց սովորութիւնները, լեզուները եւ կեցուածքները իրարմէ շատ տարբեր ըլլալու էին։ Հեգէ անունով պաշտօնեայի մը պատասխանատուութեան ներքեւ, երիտասարդուհիները պէտք էր ստանային մէկ տարուան գեղեցկագիտական խնամք, որ անուշահոտ իւղերով մարձումներ կը պարփակէր (Եսթ. 2։8, 12)։ Այդ միջավայրն ու ապրելակերպը կրնային դիւրութեամբ այդ երիտասարդուհիներուն մէջ զարգացնել արտաքին տեսքի առնչութեամբ ծայրայեղութիւն, ինչպէս նաեւ ունայնամտութիւն եւ մրցակցութիւն։ Եսթեր ինչպէ՞ս ազդուեցաւ։
Եսթ. 2։11)։ Մինչ Մուրթքէին կցկտուր տեղեկութիւններ կը հասնէին, հաւանաբար պալատի համագործակցող ծառաներուն միջոցով, վստահաբար ան հայրական պարծանքով կը լեցուէր։ Ինչո՞ւ։
11 Եսթերի վրայ ոչ ոք կրնար մտահոգուիլ Մուրթքէին չափ։ Կը կարդանք թէ ան ամէն օր կարելի եղածին չափ կը մօտենար կիներու տանը, ջանալով Եսթերի որպիսութիւնը գիտնալ (12, 13. ա) Եսթեր ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց իր շուրջիններուն վրայ։ բ) Մուրթքէի համար ինչո՞ւ հաճելի ըլլալու էր գիտնալ, թէ Եսթեր չէր բացայայտած իր հրէական ծագումը։
12 Հեգէ այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Եսթերով, որ սիրառատ բարութիւն ցուցաբերեց՝ անոր տալով եօթը աղախիններ եւ կիներու տանը ամէնէն աղէկ տեղը։ Արձանագրութիւնը մինչեւ իսկ կ’ըսէ. «Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ» (Եսթ. 2։9, 15)։ Միայն գեղեցկութի՞ւնը պատճառ եղած էր որ ամէն մարդ այդքան տպաւորուէր Եսթերով։ Անշուշտ ո՛չ. շա՜տ աւելին պարփակուած էր։
Եսթ. 2։10)։ Մուրթքէ աղջկան ըսած էր որ խոհեմ ըլլալով չբացայայտէր իր հրէական ծագումը, որովհետեւ յստակօրէն գիտէր, թէ պարսից արքունիքին մէջ, իր ժողովուրդին դէմ շատ նախապաշարումներ կային։ Որքան հաճելի ըլլալու էր Մուրթքէի համար իմանալը որ Եսթեր, իր մօտ չըլլալով հանդերձ, տակաւին միեւնոյն իմաստուն ու հնազանդ հոգին կը դրսեւորէր։
13 Օրինակի համար, կը կարդանք. «Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ» (14. Ներկայիս, երիտասարդներ ինչպէ՞ս կրնան Եսթերը ընդօրինակել։
14 Ներկայիս, երիտասարդներ նոյնպէս կրնան ուրախացնել իրենց ծնողներուն եւ խնամակալներուն սիրտը։ Երբ իրենց ծնողներուն աչքէն հեռու են,– նոյնիսկ երբ կը գտնուին թեթեւամիտ, անառակ կամ չար մարդոց միջեւ,– անոնք կրնա՛ն դիմադրել գէշ ազդեցութիւններուն եւ կառչած մնալ այն չափանիշներուն, որոնք ճիշդ են։ Երբ անոնք այդպէս վարուին, Եսթերին պէս իրենց երկնաւոր Հօր սիրտը ուրախացուցած կ’ըլլան (կարդա՛ Առակաց 27։11)։
15, 16. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս շահեցաւ թագաւորին սէրը։ բ) Եսթերի կեանքի փոփոխութիւնները ինչո՞ւ վստահաբար դժուար էին։
15 Երբ թագաւորին քով մտնելու կարգը Եսթերին հասաւ, իրեն ազատութիւն տրուեցաւ ընտրելու որեւէ իր, որ պէտք պիտի ունենար թերեւս ինքզինք ա՛լ աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։ Սակայն Եսթեր համեստ գտնուեցաւ եւ Հեգէի ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց (Եսթ. 2։15)։ Եսթեր հաւանաբար հասկցած էր, որ գեղեցկութիւնը ինքնին բաւարար չէր թագաւորին սիրտը շահելու համար։ Համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, որոնք հազուագիւտ էին արքայական պալատին մէջ, շատ աւելի գրաւիչ էին։ Եսթեր իրաւունք ունէ՞ր։
16 Արձանագրութիւնը կը պատասխանէ. «Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ» (Եսթ. 2։17)։ Այս հրեայ, խոնարհ աղջկան համար, վստահաբար դժուար էր յարմարիլ իր այս կեանքի փոփոխութեան հետ, ըլլալով նոր թագուհին. այդ ատենուան ամենահզօր արքային կինը։ Արդեօք այս նոր դիրքը հպարտացո՞ւց իր սիրտը։ Բնա՛ւ երբեք։
17. ա) Եսթեր ի՞նչ կերպերով հնազանդ մնաց իր որդեգիր հօր։ բ) Եսթերի օրինակը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար այսօր։
17 Եսթեր հնազանդ մնաց զինք որդեգրած հօր՝ Մուրթքէին. ան իր հրեայ ըլլալը գաղտնի պահեց։ Աւելին, երբ Մուրթքէ բացայայտեց Ասուերոսը սպաննելու ծրագիրը, Եսթեր հնազանդօրէն փոխանցեց իր զարմիկին նախազգուշացումը թագաւորին։ Դաւադրութիւնը խափանուեցաւ (Եսթ. 2։20-23)։ Եսթեր նաեւ իր Աստուծոյն հաւատք ընծայեց, խոնարհ ու հնազանդ հոգի մը դրսեւորելով։ Շատ կարեւոր է որ Եսթերը ընդօրինակենք, քանի որ ներկայիս, մարդոց մեծամասնութիւնը հնազանդութիւնը արժեւորելու փոխարէն, անհնազանդ եւ ըմբոստ հոգի մը կը ցուցաբերէ։ Բայց անոնք, որոնք իսկական հաւատք ունին, մեծ արժէք կու տան հնազանդութեան, ինչպէս որ Եսթեր տուաւ։
Եսթերի հաւատքը կը փորձուի
18. ա) Մուրթքէ թերեւս ինչո՞ւ մերժեց Համանին ծնրադրել (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Ներկայիս, հաւատքի տէր տղամարդիկ եւ կիներ ինչպէ՞ս Մուրթքէն կ’ընդօրինակեն։
18 Համան անունով մարդ մը մեծ պատիւ ստացաւ Ասուերոսի պալատին մէջ։ Թագաւորը Համանը վարչապետ նշանակեց՝ զինք իր գլխաւոր խրատատուն դարձնելով եւ ամբողջ կայսրութեան մէջ իր երկրորդը ընելով։ Թագաւորը մինչեւ իսկ հրաման արձակեց, որ ա՛ն որ այս բարձրաստիճան պաշտօնեան տեսնէ, պէտք է ծնրադրէ անոր (Եսթ. 3։1-4)։ Մուրթքէի համար, այդ օրէնքը խնդիր մըն էր։ Ինք գիտէր թէ պէտք էր հնազանդէր թագաւորին, բայց ոչ թէ Աստուած անարգելով։ Համան ագագացի էր։ Ասիկա ակներեւաբար կը նշանակէր, թէ ան սերած էր ամաղեկացիներու թագաւորէն՝ Ագագէն, որ մահապատիժի ենթարկուած էր՝ Աստուծոյ Սամուէլ մարգարէին կողմէ (Ա. Թագ. 15։33)։ Ամաղեկացիները այնքա՛ն չար էին, որ իրենք զիրենք Եհովային եւ իսրայէլին թշնամիները ըրած էին։ Որպէս ժողովուրդ, ամաղեկացիները Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած էին * (Բ. Օր. 25։19)։ Հաւատարիմ հրեայ մը ինչպէ՞ս կրնար ամաղեկացիի մը ծնրադրել։ Մուրթքէն չէր կրնար եւ իր որոշումին վրայ հաստատ մնաց։ Մինչեւ օրս, հաւատքի տէր տղամարդիկ եւ կիներ իրենց կեանքերը վտանգած են, որպէսզի անսան այս սկզբունքին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։
19. Համան ի՞նչ ուզեց ընել, եւ ան ինչպէ՞ս կրցաւ համոզել թագաւորը։
19 Համան շատ զայրացած էր։ Բայց իրեն համար բաւարար չէր միայն Մուրթքէն սպաննել։ Ինք կ’ուզէր Մուրթքէի ամբողջ ժողովուրդը բնաջնջել։ Համան համոզեց թագաւորը, անոր աչքին հրեաները գէշ երեւցնելով։ Առանց զիրենք անունով նշելու, ան ակնարկեց թէ հրեաները անկարեւոր են եւ «ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ» մըն են։ Աւելին, Համան ըսաւ որ անոնք չեն հնազանդիր թագաւորին օրէնքներուն. ուրեմն անոնք վտանգաւոր ըմբոստներ են։ Ան խոստացաւ մեծ գումար մը նուիրել թագաւորին գանձարանին՝ կայսրութեան բոլոր հրեաները բնաջնջելուն հետ կապուած ծախսերը հոգալու համար *։ Ասուերոս Համանին տուաւ իր արքայական մատանին, որպէսզի անոր միջոցով իր ի մտի ունեցած հրամանը կնքէր (Եսթ. 3։5-10)։
20, 21. ա) Համանի յայտարարութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Պարսկաստանի կայսրութեան ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հրեաներուն, ներառեալ Մուրթքէին։ բ) Մուրթքէն աղաչեց որ Եսթեր ի՞նչ ընէր։
20 Շատ չանցած, սուրհանդակներ իրենց ձիերը հեծած կը սուրային լայնատարած կայսրութեան չորս կողմը՝ հրեայ ժողովուրդին մահուան դատավճիռը հաղորդելով։ Երեւակայէ այս յայտարարութեան բանեցուցած ազդեցութիւնը հեռաւոր Երուսաղէմի վրայ, ուր Բաբելոնի գերութենէն վերադարձած հրեաները պայքար կը մղէին, որպէսզի վերակառուցանէին Երուսաղէմը,– քաղաք մը որ նոյնիսկ պարիսպ չունէր պաշտպանուելու համար։ Իմանալով այս սարսափելի լուրը, Մուրթքէ թերեւս այդտեղի հրեաներուն, ինչպէս նաեւ Շուշանի մէջ ապրող իր բարեկամներուն եւ ազգականներուն մասին մտածեց։ Վիշտէն խելագարուած՝ ան պատռեց իր հանդերձները, քուրձ հագաւ, գլխուն վրայ մոխիր ցանեց եւ քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ բարձր ձայնով աղաղակեց։ Իսկ Համան, թագաւորին հետ խմելու նստաւ եւ հոգ ալ չըրաւ թէ ինչ մե՛ծ վիշտ բերած էր Շուշանի հրեաներուն եւ անոնց բարեկամներուն վրայ (կարդա՛21 Մուրթքէն գիտէր թէ պէտք էր գործի լծուէր։ Բայց ան ի՞նչ կրնար ընել։ Եսթեր իմացաւ անոր վիշտը եւ հանդերձներ ղրկեց իրեն, բայց Մուրթքէն մերժեց մխիթարուիլ։ Թերեւս ան երկար ատեն հարց տուած էր թէ ինչո՛ւ իր Եհովա Աստուածը թոյլ տուած էր, որ իր սիրելի Եսթերը իրմէ առնուէր եւ հեթանոս արքայի մը թագուհին Եսթ. 4։4-8)։
դառնար։ Բայց հիմա կարծես թէ ամէն ինչ կը յստականար։ Մուրթքէն լուր ղրկեց Եսթեր թագուհիին, աղաչելով որ բարեխօսէր թագաւորին եւ այսպիսով՝ պաշտպանէր «իր ազգը» (22. Եսթեր ինչո՞ւ կը վախնար իր ամուսինին՝ թագաւորին առջեւ ներկայանալէ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
22 Եսթերի սիրտը նուաղած ըլլալու էր, երբ լսեց այդ լուրը։ Հիմա էր իր հաւատքի մեծագոյն փորձութիւնը։ Ան վախցած էր, ինչպէս որ ազատօրէն արտայայտուեցաւ Մուրթքէին իր ղրկած պատասխանին մէջ։ Եսթեր անոր յիշեցուց թագաւորին օրէնքը. առանց կանչուելու Ասուերոսի առջեւ յայտնուիլը՝ մահ կը նշանակէր։ Ան կրնար ողջ մնալ միայն, եթէ թագաւորը իր ոսկիէ գաւազանը իրեն երկնցնէր։ Արդեօք Եսթեր որեւէ պատճառ ունէ՞ր ակնկալելու, որ թագաւորը իր կեանքը պիտի խնայէր, մանաւանդ որ կը յիշէր թէ ի՛նչ պատահեցաւ Վաշթիին, երբ մերժեց թագաւորին հրամանը անոր առջեւ ներկայանալու։ Ան Մուրթքէին ըսաւ, որ թագաւորը 30 օրէ ի վեր զինք չէր կանչած։ Ասիկա Եսթերին շատ մը պատճառներ կու տար հարց տալու, թէ արդեօք այս քմահաճ արքային աչքէն ելա՞ծ էր * (Եսթ. 4։9-11)։
23. ա) Մուրթքէն ի՞նչ ըսաւ՝ Եսթերի հաւատքը զօրացնելու համար։ բ) Մուրթքէն ինչո՞ւ ընդօրինակուելու արժանի է։
23 Մուրթքէն վճռական պատասխան մը ղրկեց՝ Եսթերի հաւատքը զօրացնելու համար։ Ան վստահեցուց զինք ըսելով, որ եթէ Եսթեր գործի չլծուէր, հրեաներու ազատումը ուրիշ տեղէ մը պիտի գար։ Բայց թագուհին ինչպէ՞ս կրնար ակնկալել խնայուիլ, երբ հալածանքը սկսէր սաստկանալ։ Հոս, Մուրթքէ ցոյց տուաւ իր խորին հաւատքը Եհովայի հանդէպ, որ բնաւ թոյլ պիտի չտար որ Իր ժողովուրդը բնաջնջուի եւ Իր խոստումները չկատարուին (Յես. 23։14)։ Մուրթքէն Եսթերին ըսաւ. «Ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար» (Եսթ. 4։12-14)։ Արդեօք Մուրթքէն ընդօրինակուելու արժանի չէ՞։ Ան լիովին վստահեցաւ իր Եհովա Աստուծոյն. իսկ մե՞նք. . . (Առ. 3։5, 6)։
Եսթերի հաւատքը մահուան վախէն աւելի զօրաւոր էր
24. Եսթեր ինչպէ՞ս հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց։
24 Եսթերի համար որոշում առնելու ժամանակը հասած էր։ Ան Մուրթքէին ըսաւ որ իր հայրենակիցները հաւաքէր, եւ ինչպէս Եսթեր՝ նոյնպէս անոնք, երեք օր ծոմ պահէին։ Ան իր պատգամը եզրափակեց՝ երկար դարեր հաւատք եւ քաջութիւն արտացոլացնող այս պարզ նախադասութեամբ. «Եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ» (Եսթ. 4։15-17)։ Թագուհին այդ երեք օրերուն աւելի ջերմեռանդօրէն աղօթած ըլլալու էր, քան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Բայց ի վերջոյ, ժամանակը հասած էր։ Ան հագաւ իր լաւագոյն արքայական հագուստը, ամէն ինչ ընելով որ թագաւորին հաճոյ երեւնար, ապա գնաց։
25. Նկարագրէ թէ դէպքերը ինչպէ՛ս ընթացան, մինչ Եսթեր իր ամուսինին կը մօտենար։
25 Ինչպէս այս գլուխին սկիզբը նկարագրուած է, Եսթեր ուղղուեցաւ դէպի թագաւորին գաւիթը։ Կրնանք երեւակայել թէ ան ինչպէ՛ս իր սրտին մէջ ջերմեռանդօրէն աղօթելով եւ մտահոգուած՝ իր քայլերը կը նետէր։ Թագուհին մտաւ գաւիթ, ուրկէ կրնար տեսնել գահը բազմած արքան, որ ունէր համաչափ հիւսքերով մազեր եւ քառակուսաձեւ մօրուք մը։ Եսթեր թերեւս փորձեց կարդալ թագաւորին դէմքին արտայայտութիւնը։ Եթէ թագուհին պիտի սպասէր, թերեւս վայրկեանները ժամեր թուէին, բայց հարկ չունեցաւ, քանի որ թագաւորը զինք տեսաւ։ Ասուերոս վստահաբար զարմացաւ, բայց անոր դէմքը կակուղցաւ։ Ան երկնցուց իր ոսկիէ գաւազանը (Եսթ. 5։1, 2)։
26. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եսթերին պէս պէտք է քաջ ըլլան։ բ) Եսթերի գործը ինչո՞ւ դեռ նոր պիտի սկսէր։
26 Թագաւորը պատրաստ էր Եսթերին ականջ տալու։ Եսթեր իր Աստուծոյն եւ ժողովուրդին կողմը դիրք բռնած էր, գեղեցիկ օրինակ հանդիսանալով բոլոր Աստուծոյ ծառաներուն առ այսօր։ Ներկայիս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’արժեւորեն այսպիսի օրինակներ։ Յիսուս ըսաւ որ իր իսկական հետեւորդները պիտի զատորոշուէին անձնազոհ սիրով (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Համանման սէր դրսեւորելը, յաճախ կը պահանջէ որ Եսթերին պէս քաջ ըլլանք։ Բայց, թէեւ Եսթեր այդ օրը Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանած էր, սակայն իր գործը դեռ նոր պիտի սկսէր։ Ան ինչպէ՞ս պիտի համոզէր թագաւորը, որ անոր նախասիրած խրատատուն՝ Համանը, նենգ դաւադիր մըն էր։ Եսթեր ինչպէ՞ս կրնար իր ժողովուրդը փրկելու մէջ օգնական ըլլալ։ Այս հարցումները պիտի քննարկենք յաջորդ գլուխին մէջ։
^ պարբ. 2 Շատեր կը խորհին թէ Ասուերոս նոյնինքն Քսերքսես Ա.–ն է, որ թագաւորեց Պարսկաստանի կայսրութեան վրայ, Ք.Ա. 5–րդ դարու սկիզբները։
^ պարբ. 9 Տե՛ս «Հարցումներ Եսթերի մասին» շրջանակը, գլուխ 16։
^ պարբ. 18 Կրնայ ըլլալ որ Համան վերջին ամաղեկացիներէն էր, որովհետեւ անոնց «մնացորդները» բնաջնջուած էին Եզեկիա թագաւորի օրերուն (Ա. Մն. 4։43)։
^ պարբ. 19 Համան 10,000 տաղանդ արծաթ տուաւ, որ այսօրուան քանի մը հարիւր միլիոն տոլարն է։ Եթէ Ասուերոս Քսերքսես Ա.–ն էր, ուրեմն գումարը՝ Համանին առաջարկը աւելի գրաւիչ դարձուցած ըլլալու էր թագաւորին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Քսերքսես շատ գումարի պէտք ունէր Յունաստանի դէմ երկար ատենէ իր մտադրած աղէտալի պատերազմը մղելու համար։
^ պարբ. 22 Քսերքսես Ա.–ը յայտնի էր իր քմահաճ, կատաղի բնաւորութեամբ։ Յոյն պատմաբան Հերոդոտոս Յունաստանի դէմ Քսերքսեսի մղած պատերազմէն որոշ դէպքեր արձանագրեց։ Օրինակ՝ թագաւորը պատուիրեց որ նաւերով կամուրջ մը շինուէր Հելլեսպոնտի նեղուցին համար։ Երբ փոթորիկը քանդեց այդ կամուրջը, Քսերքսես հրամայեց գլխատել ճարտարագէտները, եւ նոյնիսկ իր մարդոց ըսաւ որ «պատժեն» Հելլեսպոնտը՝ ջուրը բառացիօրէն մտրակելով եւ բարձրաձայն անիծելով։ Նոյն արշաւին մէջ, երբ հարուստ մարդ մը աղաչեց որ իր որդին բանակին չմիանար, Քսերքսես այդ տղան կէսի բաժնեց եւ մարմինը ցուցադրեց իբրեւ նախազգուշացում։