Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՉՈՐՍ

Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ

Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ

1. Յովնանի դիմաց ինչպիսի՞ ճամբորդութիւն մը կար, եւ ան ի՞նչ կը զգար իր ուղղուած վայրին առնչութեամբ։

ՅՈՎՆԱՆ բաւական ժամանակ ունէր մտածելու։ Ան պէտք էր աւելի քան 800 քմ կտրէր։ Այդ ցամաքային ճամբորդութիւնը գրեթէ մէկ ամիս կամ նոյնիսկ աւելի տեւէր։ Յովնան երկու ընտրութիւն ունէր՝ երթալ կարճ, սակայն վտանգաւոր ճամբով, կամ ալ երկայն, բայց ապահով ուղիով։ Ան պէտք էր բազմաթիւ լեռներէ եւ ձորերէ անցնէր, հաւանաբար Ասորիքի լայնատարած անապատին ծայրերէն երթար։ Նաեւ պէտք էր կտրէր գետեր, ինչպէս՝ Եփրատ մեծ գետը։ Ինչպէս նաեւ՝ Ասորիքի, Միջագետքի եւ Ասորեստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, այդ օտար ժողովուրդներուն մօտ պէտք էր ապաստանէր։ Մինչ օրերը կ’անցնէին, Յովնան կը մտածէր այն վայրին մասին, որմէ շատ կը վախնար,– Նինուէ քաղաքը, որուն ո՛րքան մօտենար, ա՛յնքան աւելի կը մտահոգուէր։

2. Յովնան ինչպէ՞ս սորված էր, որ ինք չէր կրնար իր նշանակումէն փախչիլ։

2 Բայց Յովնան մէկ բան յստակ գիտէր. ինք չէր կրնար իր նշանակումէն փախչիլ, ինչպէս որ անգամ մը փորձած էր եւ չէր յաջողած։ Ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, Եհովան համբերութեամբ Յովնանին դաս մը սորվեցուց, ծովուն մէջ փոթորիկ հանելով եւ անոր կեանքը հրաշքով փրկելով՝ մեծ ձուկի մը միջոցով։ Երեք օր ետք, ձուկը ծովեզերքը փսխեց Յովնանը, որ ողջ եւ առողջ էր։ Ան այժմ երկիւղածութեամբ լեցուած էր եւ աւելի հնազանդ ու խոնարհ էր (Յովնան, գլուխ 1, 2

3. Եհովան ո՞ր յատկութիւնը ցուցաբերած էր Յովնանի հանդէպ, եւ ի՞նչ հարցում կը ծագի։

3 Երբ Եհովան պատուիրեց որ Յովնան դարձեալ Նինուէ երթայ, մարգարէն հնազանդեցաւ եւ այս երկար ճամբորդութեան համար դէպի արեւելք գնաց (կարդա՛ Յովնան 3։1-3Արդեօք ան թոյլ տուա՞ծ էր որ Եհովայի խրատը զինք բոլորովին փոխէր։ Օրինակի համար, Եհովան իրեն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տուած էր, զինք խեղդուելէ փրկելով, իր ըմբոստութեան համար զինք պատժելէ ետ կենալով եւ երկրորդ առիթ մը տալով, որ իր նշանակումը կատարէր։ Այս բոլորէն ետք, Յովնան սորվա՞ծ էր ուրիշներու հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերել։ Ողորմիլ սորվիլը յաճախ անկատար մարդոց համար դժուար է։ Տեսնենք թէ ի՛նչ դաս կրնանք քաղել Յովնանի պայքարէն։

Դատաստանական պատգամ եւ անսպասելի հակազդեցութիւն

4, 5. Եհովան Նինուէն ինչո՞ւ «մեծ քաղաքը» կոչեց, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք Իր մասին։

4 Յովնան Նինուէն Եհովայի տեսանկիւնէն չէր դիտեր։ Կը կարդանք. «Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր [«Աստուծոյ համար», ՆԱ]» (Յովն. 3։3)։ Յովնանի արձանագրութիւնը երեք անգամ կը մէջբերէ Եհովայի այս խօսքը. «Նինուէ մեծ քաղաքը» (Յովն. 1։2. 3։2. 4։11)։ Այս քաղաքը ինչո՞ւ մեծ կամ կարեւոր էր Եհովայի աչքին։

5 Նինուէն վաղեմի առաջին քաղաքներէն մէկն էր։ Վաղեմի քաղաքները հիմնուեցան Ջրհեղեղէն ետք Նեբրովթի կողմէ։ Նինուէն մե՜ծ քաղաք մըն էր, որ ակներեւաբար ուրիշ քաղաքներ ալ ընդգրկեց։ Անոր մէկ ծայրէն միւսը երթալու համար, երեք օր կը պահանջուէր (Ծն. 10։11. Յովն. 3։3)։ Նինուէն շքեղ քաղաք մըն էր։ Հոն կային վեհաշուք տաճարներ, հսկայական պարիսպներ եւ ա՛յլ կառոյցներ։ Բայց Եհովան բոլորովին ա՛յլ պատճառով մը կարեւոր կը սեպէր այդ քաղաքը։ Ինք հոն ապրող մարդոցմո՛վ հետաքրքրուած էր։ Ուրիշ քաղաքներու հետ բաղդատած, Նինուէն մեծ թիւով բնակիչներ ունէր։ Հակառակ իրենց չարութեան, Եհովան իրենց մասին կը մտածէր։ Ինք կ’արժեւորէ մարդկային կեանքը եւ մեր իւրաքանչիւրին զղջալու եւ ճիշդը ընել սորվելու ունակութիւնը։

Յովնան նկատեց թէ Նինուէն սխալ արարքներով լի մեծ քաղաք մըն էր

6. ա) Յովնան ինչո՞ւ վախցած ըլլալու էր Նինուէ քաղաքէն (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Յովնանի մասին ի՞նչ կը սորվինք իր քարոզչութենէն։

6 Երբ ի վերջոյ Յովնան Նինուէ մտաւ, հաւանաբար ա՛լ աւելի վախցաւ, տեսնելով անոր մեծ թիւով բնակիչները (աւելի քան 120,000 հոգի) *։ Ան մէկ օր շրջելէ ետք հասաւ բազմաբնակ վայր մը, հաւանաբար փնտռելով յարմար տեղ մը իր պատգամը քարոզելու։ Բայց ան ինչպէ՞ս պիտի հաղորդակցէր այդ ժողովուրդին հետ։ Գիտէ՞ր անոնց լեզուն, թէ ոչ Եհովան հրաշքով իրեն կարողութիւն տուաւ ասորերէն խօսելու։ Չենք գիտեր։ Կրնայ ըլլալ որ մարգարէն իր պատգամը եբրայերէնով ծանուցանեց եւ թարգմանիչ մը գործածեց, որպէսզի նինուէցիները հասկնան։ Ամէն պարագայի, իր պատգամը պարզ էր բայց անախորժ՝ ժողովուրդին ականջին։ Պատգամը հետեւեալն էր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի» (Յովն. 3։4)։ Յովնան համարձակօրէն կը կրկնէր իր խօսքերը։ Իսկապէս, ան արտակարգ հաւատք եւ քաջութիւն դրսեւորեց. յատկութիւններ, որոնց կարիքը ունին այժմու քրիստոնեաները, որեւէ ժամանակէ աւելի։

Յովնանի պատգամը պարզ էր, բայց անախորժ՝ ժողովուրդի ականջին

7, 8. ա) Նինուէցիները ինչպէ՞ս հակազդեցին Յովնանի պատգամին։ բ) Նինուէի թագաւորը ի՞նչ ըրաւ, առ ի հակազդեցութիւն Յովնանի յայտարարութեան։

7 Յովնանի պատգամը նինուէցիներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։ Անկասկած, ինք խորհեցաւ թէ նինուէցիները թշնամաբար եւ վայրագօրէն պիտի վարուէին իրեն հետ։ Բայց շատ զարմանալի բան մը պատահեցաւ. մարդիկ ակա՛նջ տուին։ Յովնանի պատգամը կրակի պէս տարածուեցաւ։ Կարճ ժամանակուան մէջ, ամբողջ քաղաքը կը խօսէր Յովնանի դատաստանական պատգամին մասին (կարդա՛ Յովնան 3։5Հարուստ թէ աղքատ, ուժեղ թէ տկար, մեծ թէ պզտիկ, բոլորը զղջացին եւ հաց չկերան։ Լուրը շուտով թագաւորին հասաւ։

Նինուէի մէջ քարոզելու համար, Յովնան քաջութեան եւ հաւատքի պէտք ունէր

8 Թագաւորը նոյնպէս զղջաց, երբ լսեց Յովնանի յայտարարութիւնը։ Աստուածավախութեամբ լեցուած ըլլալով, թագաւորը իր գահէն ելաւ, արքայական հանդերձը հանեց, ժողովուրդին պէս անհանգիստ հագուստներ հագաւ եւ նոյնիսկ «մոխիրի վրայ նստաւ»։ Իր «մեծամեծներուն»՝ ազնուականներուն հետ միասին, թագաւորը արձակեց հրաման մը, որ ժողովուրդին ծոմապահութիւնը պաշտօնականացուց։ Ան հրամայեց որ ամէն մարդ, մինչեւ իսկ իրենց ընտանի անասունները, քուրձով ծածկուէին *։ Թագաւորը խոնարհաբար ընդունեց, որ իր ժողովուրդը յանցաւոր էր չարութեամբ եւ վայրագութեամբ։ Յայտնելով իր յոյսը, թէ ճշմարիտ Աստուածը ողորմութիւն պիտի ցուցաբերէր, եթէ իրենց զղջումը տեսնէր։ Ուստի թագաւորը ըսաւ. «Թերեւս Աստուած իր բորբոքած բարկութիւնը կասեցնէ, ու չկորսուինք» (Յովն. 3։6-9

9. Քննադատներ ի՞նչ կասկածներ յարուցած են նինուէցիներուն մասին, բայց ուրկէ՞ գիտենք թէ անոնք կը սխալին։

9 Որոշ քննադատներ կը կասկածին թէ նինուէցիները կրնային այսքան արագ փոխել իրենց կեցուածքը։ Սակայն Աստուածաշունչի ուսումնականներ նշած են, որ այդպիսի վաղեմի մշակոյթներու մէջ ապրող սնապաշտ եւ անկայուն մարդոց համար, այս փոփոխութիւնը արտասովոր չէր։ Ասկէ զատ, գիտենք թէ այդ քննադատները կը սխալին, քանի որ Յիսուս Քրիստոս յետագային ի՛նք նշեց նինուէցիներուն զղջումին մասին (կարդա՛ Մատթէոս 12։41Յիսուս գիտէր թէ ինչ բանի մասին կը խօսէր, քանի որ երկինքէն ականատես եղած էր այդ դէպքերուն (Յովհ. 8։57, 58)։ Իրականութեան մէջ, բնաւ պէտք չէ ենթադրենք թէ անկարելի է որ մարդիկ զղջան,– որքա՛ն ալ վայրագ թուին մեզի։ Միմիայն Եհովան կրնայ մարդոց սրտերը կարդալ։

Հակադրութիւն՝ աստուածային ողորմութեան եւ մարդկային խստասրտութեան միջեւ

10, 11. ա) Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց նինուէցիներուն զղջումին։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովայի դատաստանը սխալ չէր։

10 Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց նինուէցիներուն զղջումին։ Յովնան յետագային գրեց. «Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ» (Յովն. 3։10

11 Ասկէ կը հասկնա՞նք որ նինուէցիներուն դէմ Եհովայի դատավճիռը սխալ էր։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Եհովայի արդարութիւնը կատարեալ է (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4Պարզապէս նինուէցիներուն դէմ իր արդարացի բարկութիւնը իջած էր։ Աստուած նկատեց այդ ժողովուրդին սրտի փոփոխութիւնը եւ տեսաւ թէ ա՛լ տեղին չէր զանոնք պատժել, ուստի որոշեց անոնց հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերել։

12, 13. ա) Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ինք բանաւոր, դիւրաթեք եւ ողորմած Աստուած է։ բ) Յովնանի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ սուտ չէր։

12 Եհովան խստասիրտ, անտարբեր կամ բիրտ Աստուած մը չէ, ինչպէս կրօնական առաջնորդներ զինք յաճախ կը ներկայացնեն։ Ընդհակառա՛կը, ան բանաւոր, դիւրաթեք եւ ողորմած Աստուած է։ Երբ ան կ’որոշէ չարերը պատժել, նա՛խ իր երկրային ներկայացուցիչները կը գործածէ ազդարարութիւններ տալու, քանի որ կը տենչայ տեսնել թէ չարերը կը զղջան եւ իրենց ճամբաներէն դառնան, ինչպէս որ նինուէցիները ըրին (Եզեկ. 33։11)։ Եհովան իր Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ, բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել» (Եր. 18։7, 8

Աստուած կը տենչայ տեսնել, թէ չարերը կը զղջան եւ իրենց ճամբաներէն կը դառնան, ինչպէս որ նինուէցիները ըրին

13 Այս կը նշանակէ՞ թէ Յովնանի մարգարէութիւնը սուտ էր։ Ո՛չ, քանի որ նինուէցիներուն ազդարարեց թէ ի՛նչ պիտի պատահէր եթէ չզղջային։ Այդ ազդարարութիւնը հիմնուած էր նինուէցիներուն բռնած չար ճամբաներուն վրայ, որոնցմէ յետագային դարձան։ Եթէ նինուէցիները իրենց չար ճամբաներուն վերադառնային, Աստուած միեւնոյն դատաստանը իրեն վրայ պիտի բերէր։ Եւ այդպէս ալ եղաւ յետագային (Սոփ. 2։13-15

14. Յովնան Նինուէի հանդէպ Եհովայի ողորմութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։

14 Յովնան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ կործանումը իր ակնկալած ժամանակին չեկաւ։ Կը կարդանք. «Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ» (Յովն. 4։1)։ Ան նոյնիսկ այնպէս մը աղօթեց, կարծես թէ Ամենակալը կը յանդիմանէր։ Ան ըսաւ թէ պէտք էր իր հայրենիքը մնար եւ դաւանեցաւ, թէ սկիզբէն գիտէր որ Եհովան Նինուէի դէմ չարիք պիտի չբերէր, նոյնիսկ այս բանը պատճառ բռնելով իր Թարսիս փախչելուն։ Յետոյ, ան փափաքեցաւ մեռնիլ, ըսելով թէ իր մեռնիլը ապրելէն լաւ էր (կարդա՛ Յովնան 4։2, 3

15. ա) Յովնան թերեւս ի՞նչ բանէ նեղացած կամ դառնացած էր։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս վարուեցաւ իր վհատած մարգարէին հետ։

15 Ի՞նչ բան Յովնանը կը մտահոգէր։ Չենք կրնար գիտնալ թէ իր մտքէն ճիշդ ի՛նչ կ’անցնէր, սակայն գիտենք թէ Յովնան բոլորին առջեւ դատավճիռ յայտարարած էր Նինուէի դէմ։ Բնակիչները հաւատացած էին իրեն, բայց այժմ դատավճիռը պիտի չգործադրուէր։ Արդեօք ան ծաղրուելէ կամ կեղծ մարգարէ մը սեպուելէ վախցա՞ւ։ Չենք գիտեր, բայց գիտենք թէ ան չուրախացաւ մարդոց զղջումին կամ Եհովայի ողորմութեան վրայ։ Փոխարէն, ըստ երեւոյթին, ան հետզհետէ աւելի դառնացաւ, իր անձին վրայ մեղքցաւ եւ իր համբաւով մտահոգուեցաւ։ Սակայն Յովնանի բարեգութ Աստուածը այս վհատած մարգարէին մէջ դեռ լաւութիւն կը տեսնէր։ Իր անարգալից կեցուածքին համար Յովնանը պատժելու տեղ, Եհովան պարզապէս ինքնաքննութեան համար մեղմ հարցում մը ուղղեց իրեն. «Միթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես» (Յովն. 4։4)։ Արդեօք Յովնան պատասխանե՞ց։ Աստուածաշունչը չի նշեր։

16. Ոմանք ի՞նչ կերպերով թերեւս անհամաձայն գտնուին Աստուծոյ հետ, եւ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել Յովնանի օրինակէն։

16 Դիւրին է դատել Յովնանը իր վարքին համար, բայց յիշենք թէ արտասովոր չէ որ անկատար մարդիկ Աստուծոյ հետ անհամաձայն գտնուին։ Ոմանք կրնան մտածել, թէ Եհովան պէտք էր որոշ աղէտի մը առաջքը առնէր, կամ՝ պէտք էր անմիջապէս դատապարտէր ամբարիշտները, եւ կամ՝ պէտք էր արդէն կործանած ըլլար այս ամբողջ չար աշխարհը։ Յովնանի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, թէ երբ Եհովա Աստուծոյ հետ չենք համաձայնիր, միշտ մե՛ր տեսակէտն է որ շտկուելու կարիքը կ’ունենայ։

Եհովան ինչպէ՛ս դաս մը սորվեցուց Յովնանին

17, 18. ա) Նինուէէն հեռանալէ ետք, Յովնան ի՞նչ ըրաւ։ բ) Դդմենիին հետ կապ ունեցող Եհովայի հրաշքները ինչպէ՞ս ազդեցին Յովնանին։

17 Վհատած մարգարէն Նինուէէն դուրս ելաւ, բայց հայրենիք չվերադարձաւ, հապա գնաց դէպի արեւելք՝ լեռնային շրջան մը, ուրկէ կրնար քաղաքը տեսնել։ Ան պզտիկ պատսպարան մը շինեց եւ նստելով սպասեց, տեսնելու համար թէ ի՛նչ պիտի պատահէր Նինուէին։ Թերեւս ան դեռ յոյս ունէր քաղաքին կործանումը տեսնելու։ Եհովան այս պնդագլուխ մարդուն ինչպէ՞ս պիտի սորվեցնէր ողորմած ըլլալ։

18 Մէկ գիշերուան մէջ, Եհովան դդմենի մը աճեցուց։ Յովնան ոգեւորուեցաւ, երբ արթնցաւ ու տեսաւ փարթամ, կանանչ դդմենին, որուն լայն տերեւները շա՜տ աւելի շուք կու տային քան իր շինած խախուտ պատսպարանը։ «Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ», թերեւս խորհելով թէ անոր հրաշքով աճիլը նշան մըն էր Աստուծոյ օրհնութեան եւ հաճութեան։ Սակայն Եհովան Յովնանին համար կ’ուզէր աւելին ընել, քան պարզապէս զինք հանդարտեցնել եւ արեւէն պաշտպանել։ Ան ուզեց Յովնանի սրտին հասնիլ։ Ուստի Աստուած յաւելեալ հրաշքներ գործեց։ Ան որդ մը ղրկեց, որ բոյսը հարուածէր եւ չորցնէր։ Յետոյ, ան հանեց «խորշակաբեր արեւելեան հով» մը, որուն պատճառով Յովնան տաքէն «մարեցաւ»։ Մարգարէին հոգին նուաղեցաւ եւ դարձեալ Աստուծմէ մահ խնդրեց (Յովն. 4։6-8

19, 20. Եհովան ինչպէ՞ս տրամաբանեց Յովնանին հետ, դդմենիին մասին։

19 Եհովան անգամ մը եւս Յովնանին հարցուց, թէ արդեօք իր բարկութիւնը,– այս անգամ դդմենիին համար,– արդարացի՞ էր։ Բայց Յովնան զղջալու տեղ, ինքզինք արդարացուց, ըսելով. «Մեռնելու չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ»։ Այժմ ժամանակն էր որ Եհովան Յովնանին դաս մը սորվեցնէր (Յովն. 4։9

Աստուած դդմենին գործածեց՝ Յովնանին ողորմութեան դաս մը սորվեցնելու համար

20 Աստուած Յովնանին հետ տրամաբանեց, ըսելով թէ մարգարէն կը խղճար պարզ բոյսի մը չորնալուն վրայ, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ, զոր Յովնան ո՛չ ցանեց, ոչ ալ աճեցուց։ Ապա Աստուած եզրափակեց. «Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ» * (Յովն. 4։10, 11

21. ա) Եհովան ի՞նչ օրինակ գործածելով Յովնանին դաս մը սորվեցուց։ բ) Յովնանի արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ անկեղծ ինքնաքննութիւն մը ընենք։

21 Կը տեսնե՞ս Եհովայի տուած դասին խորիմաստութիւնը։ Յովնան ոչինչ ըրած էր դդմենիին հոգ տանելու համար, մինչդեռ Եհովան կեանք տուած էր այդ նինուէցիներուն եւ զանոնք պահպանած էր ինչպէս երկրի բոլոր արարածները կը պահպանէ։ Յովնան ինչպէ՞ս կրնար աւելի արժէք տալ բոյսի մը, քան 120,000 մարդոց կեանքերուն, անասուններով մէկտեղ։ Միթէ պատճառը Յովնանի անձնասէր մտածելակերպը չէ՞ր։ Խորքին մէջ, ան ափսոսաց դդմենիին վրայ, միայն քանի որ անձնապէս օգտուած էր անկէ։ Արդեօք Նինուէի դէմ Յովնանի բարկութեան ետին կանգնած չէ՞ր նոյնանման անձնասէր շարժառիթներ,– իր համբաւը պահելու եւ սուտ չելլելու հպարտ ցանկութիւն մը։ Յովնանի պատմութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ անկեղծ ինքնաքննութիւն մը ընենք։ Մեզմէ ո՞վ անձնասէր հակումներէ զերծ է։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք, որ Եհովան համբերութեամբ կը սորվեցնէ, որ ըլլանք աւելի անձնուրաց, կարեկից եւ ողորմած. յատկութիւններ որ ի՛նք կը դրսեւորէ։

22. ա) Ողորմութեան մասին Եհովայի իմաստուն խրատը ինչպէ՞ս ազդեց Յովնանին։ բ) Բոլորս ի՞նչ դաս պէտք է սորվինք։

22 Հարցումը հետեւեալն է. արդեօք Յովնան ողորմութեան դասէն օգտուեցա՞ւ։ Իր անունը կրող գիրքը կ’աւարտի Եհովայի անպատասխան մնացած հարցումով։ Կարգ մը քննադատներ թերեւս առարկեն, որ Յովնան երբեք չպատասխանեց։ Բայց իրականութեան մէջ, պատասխանը առկայ է։ Յովնան գիրքը ինքնին որպէս պատասխան կը ծառայէ։ Փաստեր կան, որ Յովնան ի՛նք գրի առաւ իր անունը կրող գիրքը։ Երեւակայէ թէ մարգարէն իր հայրենիքին մէջ ապահով ըլլալով, կը գրէ այս արձանագրութիւնը։ Կրնանք պատկերացնել զինք որպէս տարիքով աւելի մեծ, աւելի իմաստուն եւ աւելի խոնարհ անձ մը, որ իր գլուխը շարժելով եւ զղջալով կը նկարագրէ իր սխալները, իր ըմբոստութիւնը եւ ողորմութիւն ցոյց չտալու իր յամառ կեցուածքը։ Արդարեւ, Յովնան Եհովայի իմաստուն խրատէն կարեւոր դաս մը սորվեցաւ։ Ան սորվեցաւ ողորմած ըլլալ. իսկ մե՞նք. . . (կարդա՛ Մատթէոս 5։7

^ պարբ. 6 Կ’ենթադրուի թէ Յովնանի օրերուն Սամարիան՝ Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը, ունեցած էր 20,000–էն 30,000 բնակիչ՝ Նինուէէն չորս անգամ պակաս։ Նինուէն, իր բարգաւաճ տարիներուն, թերեւս աշխարհի մեծագոյն քաղաքը եղած էր։

^ պարբ. 8 Թերեւս այս մանրամասնութիւնը տարօրինակ թուի քեզի, բայց այսպիսի բաներ պատահած են վաղեմի ժամանակներուն։ Օրինակ, յոյն պատմաբան Հերոդոտոս նշած է, թէ վաղեմի պարսիկները համբաւաւոր զօրապետի մը մահուան համար սուգ ըրին, իրենց անասունները պարփակելով սուգի արարողութիւններուն մէջ։

^ պարբ. 20 Աստուծոյ ըսածը, թէ այդ ժողովուրդը չէր գիտեր աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը, կը նշանակէր, թէ անոնք Աստուծոյ չափանիշներուն առնչութեամբ տգիտութեան մէջ էին։