ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ
ԴԱՍ 12
Քաջ եղիր
Սկզբունք. «Իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նոյնպէս կ’ուրախացնէ մտերիմ բարեկամը, որ անկեղծ խրատ կու տայ» (Առ. 27։9, ՆԱ)։
Յիսուսին օրինակը
1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Մարկոս 10։17-22։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.
Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
2. Պէտք է թէ՛ սիրով վարուինք եւ թէ անկեղծ ըլլանք մեր աշակերտներուն հետ, որ իրենց օգնենք որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։
Յիսուսին նմանէ
3. Աշակերտիդ օգնէ որ նպատակակէտեր դնէ եւ ատոնց հասնի
-
ա) Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ամէն մէկ դասին «Նպատակակէտ» բաժինը գործածէ։
-
բ) Աշակերտիդ օգնէ որ հասկնայ, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնէ, որ թէ՛ պզտիկ եւ թէ մեծ նպատակակէտերու հասնի։
4. Մտածէ թէ ի՛նչը արգելք կ’ըլլայ որ աշակերտդ յառաջդիմէ, եւ իրեն օգնէ։
-
-
‘Ի՞նչը արգելք կ’ըլլայ որ աշակերտս մինչեւ մկրտութիւն յառաջդիմէ’։
-
‘Ինչպէ՞ս կրնամ իրեն օգնել’։
-
-
բ) Եհովայէն քաջութիւն խնդրէ, որ աշակերտիդ անկեղծօրէն եւ սիրով ըսես թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։
5. Եթէ աշակերտդ չի յառաջդիմեր, սերտողութիւնը կեցուր։
-
ա) Որոշելու համար թէ աշակերտդ կը յառաջդիմէ կամ ոչ, դուն քեզի հարցուր.
-
‘Սորվածը կը գործադրէ՞’։
-
‘Ժողովներուն ներկայ կ’ըլլա՞յ եւ ճշմարտութեան մասին կը խօսի՞ ուրիշներուն’։
-
‘Եթէ երկար ժամանակէ ի վեր կը սերտէ, կ’ուզէ՞ Եհովայի վկայ ըլլալ’։
-
-
բ) Եթէ աշակերտդ չ’ուզեր յառաջդիմել.
-
Իրեն հարցուր՝ ինչո՛ւ։
-
Ազնիւ կերպով բացատրէ, որ ինչո՛ւ սերտողութիւնը կը կեցնես։
-
Իրեն ըսէ որ ի՛նչ պէտք է ընէ, առա՛ջ որ ետ սկսիս հետը սերտել։
-