ՎԵՐԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ
ԴԱՍ 8
Համբերող եղիր
Սկզբունք. «Սէրը... ամէն բանի կը համբերէ» (Ա. Կոր. 13։4, 7)։
Յիսուսին օրինակը
1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 7։3-5 եւ Ա. Կորնթացիս 15։3, 4, 7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.
Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
2. Պէտք է համբերող ըլլանք, քանի որ կարգ մը անձերու հետ աւելի ժամանակ կ’առնէ որ բարի լուրը ընդունին։
Յիսուսին նմանէ
3. Տարբեր մեթոտ մը փորձէ։ Եթէ մէկը չընդունի ուղղակի Աստուածաշունչը սերտել, մի՛ ճնշեր որ սերտէ։ Երբ որ յարմար ըլլայ, վիտէօներով կամ յօդուածներով իրեն օգնէ որ հասկնայ, թէ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի օգտուի անկէ։
4. Դիմացինը ուրիշին հետ մի՛ բաղդատեր։ Ամէն մէկուն պարագան տարբեր է։ Մտածէ թէ ընտանիքի անդամ մը կամ վերայցելութիւն մը ինչո՛ւ երկու միտքի վրայ է՝ Սուրբ Գիրքը սերտելու կամ Սուրբ Գիրքի բացատրութիւն մը ընդունելու նկատմամբ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կրօնական գաղափար մը իրեն համար շա՛տ կարեւոր է։ Ազգականներու կամ դրացիներու կողմէ ճնշումի տա՞կ է։ Իրեն ժամանակ տուր որ ըսածներուդ մասին մտածէ եւ Սուրբ Գիրքին խօսքերուն արժէքը տեսնէ։
5. Հետաքրքրուած անձին մասին աղօթէ։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ այդ անձէն յոյսդ չկտրես, եւ գիտնաս ե՛րբ այլեւս չայցելել մէկու մը, որ շատ հետաքրքրուած չէ Սուրբ Գիրքին ըսածներով (Ա. Կոր. 9։26)։