Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՍ 1

Աստուածաշունչէն նիւթեր

Աստուածաշունչէն նիւթեր

Յիսուս ըսաւ որ անկեղծ մարդիկ ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնան, երբ ատիկա լսեն (Յովհ. 10։4, 27)։ Անոր համար, երբ որ մարդոց հետ կը խօսինք, կ’ուզենք Աստուածաշունչէն պարզ ճշմարտութիւններ պատմել իրենց։ Կրնաս խօսակցութիւնը սկսիլ՝ ըսելով. «Գիտէի՞ր որ. . . » կամ «Ասկէ առաջ լսա՞ծ էիր որ. . . »։ Ետքը, այդ նիւթը բացատրող համար(ներ) բաց։ Մէկ պարզ ճշմարտութիւն կրնայ անձի մը սրտին մէջ սերմ մը ցանել, եւ Աստուած կրնայ այդ սերմը աճեցնել (Ա. Կոր. 3։6, 7

 ԱՊԱԳԱՅ

  1. 1. Հիմակուան գէշ դէպքերը եւ մարդոց կեցուածքը ցոյց կու տան, որ մօտ օրէն փոփոխութիւններ պիտի ըլլան (Մատ. 24։3, 7, 8. Ղուկ. 21։10, 11. Բ. Տիմ. 3։1-5

  2. 2. Երկիրը բնաւ պիտի չկործանուի (Սաղ. 104։5. Ժող. 1։4

  3. 3. Այլեւս ապականութիւն եւ ծայրայեղ օդ պիտի չըլլան, եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի (Եսա. 35։1, 2. Յայտ. 11։18

  4. 4. Ամէն մարդ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենայ (Եսա. 33։24. 35։5, 6

  5. 5. Կրնաս յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ (Սաղ. 37։29. Մատ. 5։5

 ԸՆՏԱՆԻՔ

  1. 6. Ամուսին մը պէտք է «իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը» (Եփ. 5։33. Կող. 3։19

  2. 7. Կին մը պէտք է իր ամուսինին հանդէպ խոր յարգանք ունենայ (Եփ. 5։33. Կող. 3։18

  3. 8. Ամուսին մը եւ կին մը պէտք է իրարու հաւատարիմ ըլլան (Մաղ. 2։16. Մատ. 19։4-6, 9. Եբ. 13։4

  4. 9. Այն զաւակները, որոնք իրենց ծնողները կը յարգեն եւ անոնց կը հնազանդին, իրենց կեանքին մէջ կը յաջողին (Առ. 1։8, 9. Եփ. 6։1-3

NASA, ESA and the Hubble Heritage Team (STScI/AURA)-ESA/Hubble Collaboration. Licensed under CC BY 4.0. Source.

 ԱՍՏՈՒԱԾ

  1. 10. Աստուած անուն ունի (Սաղ. 83։18. Եր. 10։10

  2. 11. Աստուած մեզի իր Խօսքը տուած է (Բ. Տիմ. 3։16, 17. Բ. Պետ. 1։20, 21

  3. 12. Աստուած ամէն մարդ նոյն աչքով կը դիտէ (Բ. Օր. 10։17. Գործք 10։34, 35

  4. 13. Աստուած մեզի կ’օգնէ (Սաղ. 46։1. 145։18, 19

 ԱՂՕԹՔ

  1. 14. Աստուած կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք (Սաղ. 62։8. 65։2. Ա. Պետ. 5։7

  2. 15. Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս աղօթել (Մատ. 6։7-13. Ղուկ. 11։1-4

  3. 16. Մենք պէտք է անդադար աղօթենք (Մատ. 7։7, 8. Ա. Թես. 5։17

 ՅԻՍՈՒՍ

  1. 17. Յիսուս շատ լաւ ուսուցիչ էր, որուն խրատները մինչեւ այսօր գործնական են (Մատ. 6։14, 15, 34. 7։12

  2. 18. Յիսուս մարգարէացաւ այսօր տեղի ունեցող դէպքերուն մասին (Մատ. 24։3, 7, 8, 14. Ղուկ. 21։10, 11

  3. 19. Յիսուս Աստուծոյ Որդին է (Մատ. 16։16. Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։15

  4. 20. Յիսուս Ամենակալ Աստուածը չէ (Յովհ. 14։28. Ա. Կոր. 11։3

Based on NASA/Visible Earth imagery

 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

  1. 21. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքին մէջ իրական կառավարութիւն է ( Դան. 2։44. 7։13, 14. Մատ. 6։9, 10. Յայտ. 11։15

  2. 22. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն տեղ պիտի իշխէ (Սաղ. 2։7-9. Դան. 2։44

  3. 23. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է (Սաղ. 37։10, 11. 46։9. Եսա. 65։21-23

 ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ

  1. 24. Աստուած մեր չարչարանքները պատճառողը չէ (Բ. Օր. 32։4. Յակ. 1։13

  2. 25. Սատանան այս աշխարհին վրայ կ’իշխէ (Ղուկ. 4։5, 6. Ա. Յովհ. 5։19

  3. 26. Աստուած քու չարչարանքդ կը տեսնէ եւ կ’ուզէ օգնել (Սաղ. 34։17-19. Եսա. 41։10, 13

  4. 27. Աստուած մօտ օրէն չարչարանքին վերջ պիտի դնէ (Եսա. 65։17. Յայտ. 21։3, 4

 ՄԱՀ

  1. 28. Մեռելները բանի մը գիտակից չեն։ Անոնք չեն չարչարուիր որոշ վայրի մը մէջ (Ժող. 9։5. Յովհ. 11։11-14

  2. 29. Մեռելները ո՛չ կրնան մեզի օգնել, ոչ ալ՝ վնասել (Սաղ. 146։4. Ժող. 9։6, 10

  3. 30. Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Յոբ 14։13-15. Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15

  4. 31. «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտ. 21։3, 4. Եսա. 25։8

 ԿՐՕՆՔ

  1. 32. Ոչ բոլոր կրօնքները Աստուծոյ հաճելի են (Եր. 7։11. Մատ. 7։13, 14, 21-23

  2. 33. Աստուած կեղծաւորութիւնը կ’ատէ (Եսա. 29։13. Միք. 3։11. Մար. 7։6-8

  3. 34. Ճշմարիտ կրօնքը յստակ կը դառնայ Աստուած պաշտողներուն միջեւ եղած իսկական սիրով (Միք. 4։3. Յովհ. 13։34, 35