Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՍ 3

Ինչպէ՞ս կրնաս դաս վարել Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքով։

Ինչպէ՞ս կրնաս դաս վարել Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքով։

Եղբայրները շատ աղօթեցին եւ ուշադրութեամբ նկատի առին, թէ ի՛նչ տեղեկութիւններ պիտի դրուին Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին մէջ։ Այս գիրքը լաւագոյն կերպով գործածելու համար, այս մեթոտը փորձէ դաս վարած ժամանակ։

Սերտողութենէն առաջ

  1. 1. Շատ լաւ պատրաստուէ։ Մտածէ աշակերտիդ պէտքերուն, պարագաներուն եւ ունեցած կարծիքներուն մասին։ Փորձէ երեւակայել, թէ ո՛ր կէտերը հասկնալը կամ գործադրելը իրեն համար դժուար պիտի ըլլայ։ Մտածէ թէ «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինը ինչպէ՛ս կրնայ իրեն օգտակար դառնալ, եւ միշտ պատրաստ եղիր այդ բաժինը օգտագործելու դասի ժամանակ,– եթէ պէտք ըլլայ։

Սերտողութեան ժամանակ

  1. 2. Դասը սկսէ եւ փակէ աղօթքով,– անշուշտ եթէ աշակերտը կ’ուզէ։

  2. 3. Շատ մի՛ խօսիր։ Նիւթին վրայ կեդրոնացիր եւ ձգէ որ աշակերտը արտայայտուի։

  3. 4. Երբ նոր «Մաս» մը կը սկսիս, «Բուն կէտը» կարդա՛ եւ աշակերտիդ ուշադրութեան յանձնէ այդ մասին կարգ մը դասերուն վերնագիրները։

  4. 5. Երբ «Մաս» մը վերջանայ, ատոր «Վերաքաղ» բաժինը գործածէ, որ աշակերտիդ օգնես յիշելու իր սորված ճշմարտութիւնները։

  5. 6 .Աշակերտիդ հետ ամէն մէկ դաս սերտած ժամանակ.

    1. ա) Դասին առաջին բաժինը կարդացէք։

    2. բ) Բացէք բոլոր այն համարները, որոնց քով գրուած է՝ «Կարդա՛» կամ «Կարդացէ՛ք»։

    3. գ) Երբ պէտք ըլլայ, միւս համարներն ալ կարդացէք։

    4. դ) Դիտեցէք բոլոր վիտէօները, որոնց քով գրուած է՝ «Դիտեցէ՛ք»։

    5. ե) Աշակերտիդ հարցուր ամէն մէկ հարցում։

    6. զ) Աշակերտէդ խնդրէ որ «Աւելի՛ պրպտէ» բաժինին նկարներուն մասին խօսի։

    7. է) «Նպատակակէտ» բաժինը գործածէ, աշակերտիդ օգնելու համար, որ իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը տեսնէ։ Կրնաս քաջալերել որ աշխատի հոն անցած նպատակակէտին վրայ, ուրիշ նպատակակէտերու վրայ, կամ ալ՝ բոլորին վրայ։

    8. ը) Աշակերտիդ հարցուր որ դասը պատրաստած ժամանակ «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինէն յօդուած մը կամ վիտէօ մը սիրե՞ց։

    9. թ) Փորձէ ամէն անգամ մէկ դաս վերջացնել։

Սերտողութենէն ետք

  1. 7. Շարունակէ աշակերտիդ մասին մտածել։ Եհովային աղօթէ որ աշակերտիդ յառաջդիմութիւնը օրհնէ եւ քեզի իմաստութիւն տայ, որ գիտնաս իրեն ինչպէ՛ս օգնել։