Մաս 4
Անոնք Սատանային մտիկ ըրին. արդիւնքը ի՞նչ եղաւ
Ադամն ու Եւան Աստուծոյ չհնազանդեցան, եւ հետեւաբար մեռան (Ծննդոց 3։6, 23)։
Եւան օձին մտիկ ըրաւ եւ պտուղէն կերաւ։ Ետքը, ան Ադամին տուաւ այդ պտուղէն, եւ ան ալ կերաւ։
Անոնց ըրածը սխալ էր,– մեղք մըն էր։ Աստուած զանոնք վռնտեց իրենց դրախտային տունէն։
Անոնց եւ անոնց զաւակներուն համար կեանքը դժուար էր։ Անոնք ծերացան ու մեռան։ Անոնք հոգեղէն աշխարհ չգացին. անոնք գոյութենէ դադրեցան։
Ծննդոց 3։19)։
Մեռելները նո՛յնքան անկենդան են՝ ո՛րքան հողը (Մենք կը մեռնինք, քանի որ բոլորս ալ Ադամէն ու Եւայէն եկած ենք։ Մեռելները չեն կրնար տեսնել կամ լսել կամ որեւէ բան ընել (Ժողովող 9։5, 10)։
Եհովա չմտադրեց որ մարդիկ մեռնին։ Մօտ ատենէն, ան ննջեցեալները ետ կեանքի պիտի բերէ։ Եթէ անոնք իրեն մտիկ ընեն, յաւիտեան պիտի ապրին։