Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 10

Աստուծոյ մտիկ ընողներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն

Աստուծոյ մտիկ ընողներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն

Մեռելներուն մեծամասնութիւնը ետ կեանքի պիտի բերուի երկրի վրայ (Գործք 24։15

Երեւակայէ ապագայ օրհնութիւնները, զորս պիտի վայելես, եթէ Եհովային մտիկ ընես։ Կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենաս. հիւանդ կամ անկարող մէկը պիտի չըլլայ։ Գէշ մարդիկ պիտի չըլլան, եւ պիտի կարենաս իւրաքանչիւր անհատի վստահիլ։

Ցաւ, վիշտ կամ արցունքներ պիտի չըլլան։ Ո՛չ ոք պիտի ծերանայ ու մեռնի։

Բարեկամներով եւ ընտանիքով շրջապատուած պիտի ըլլաս։ Դրախտին մէջ կեանքը հաճելի պիտի ըլլայ։

Վախ պիտի չըլլայ։ Մարդիկ իրապէս երջանիկ պիտի ըլլան։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամէն տառապանքի վերջ պիտի դնէ (Յայտնութիւն 21։3, 4