Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 3

Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր

Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր

Եհովա Ադամին ու Եւային շատ մը բարի բաներ տուաւ (Ծննդոց 1։28

Եհովա առաջին կինը՝ Եւան, շինեց եւ զայն Ադամին տուաւ, որպէսզի անոր կողակիցը ըլլայ (Ծննդոց 2։21, 22

Եհովա զանոնք կատարեալ մտքով ու մարմնով ստեղծեց։

Անոնց դրախտային տունը Եդեմի պարտէզն էր,– շատ գեղեցիկ վայր մը, ուր կային գետ մը, պտղատու ծառեր եւ անասուններ։

Եհովա անոնց հետ խօսեցաւ. ան անոնց սորվեցուց։ Եթէ անոնք իրեն մտիկ ընէին, երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտեան պիտի ապրէին։

Աստուած պատուիրեց որոշ ծառէ մը չուտել (Ծննդոց 2։16, 17

Եհովա Ադամին ու Եւային պտղատու ծառ մը ցուցուց եւ անոնց ըսաւ, որ եթէ ատկէ ուտեն, պիտի մեռնին։

Հրեշտակներէն մէկը Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ։ Այդ չար հրեշտակը Բանսարկու Սատանան է։

Սատանան չուզեց որ Ադամն ու Եւան Եհովային հնազանդին։ Ուստի ան օձ մը գործածեց Եւային ըսելու, որ եթէ այդ ծառի պտուղէն ուտէր, պիտի չմեռնէր, հապա Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար։ Անշուշտ, անոր ըսածը սուտ էր (Ծննդոց 3։1-5