Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 9

Դրախտը ե՞րբ պիտի գայ

Դրախտը ե՞րբ պիտի գայ

Երկրի վրայ եղող խնդիրները կը փաստեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով գործի պիտի լծուի (Ղուկաս 21։10, 11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Աստուածաշունչը նախագուշակեց շատ մը բաներ, որոնք այսօր տեղի կ’ունենան։ Անիկա ըսաւ որ մարդիկ արծաթասէր, ծնողներու անհնազանդ, դաժանաբարոյ եւ հեշտասէր պիտի ըլլային։

Մեծ երկրաշարժներ, պատերազմներ, սովեր եւ լայնատարած հիւանդութիւններ պիտի ըլլային։ Այս բաները հիմա կ’ըլլան։

Նաեւ, Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուէր (Մատթէոս 24։14

Թագաւորութիւնը ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Բ. Պետրոս 3։13

Մօտ ատենէն, Եհովա բոլոր չարերը պիտի կործանէ։

Սատանան ու դեւերը պիտի պատժուին։

Աստուծոյ մտիկ ընողները պիտի վերապրին ու մտնեն արդար նոր աշխարհ մը, ուր այլեւս վախ պիտի չըլլայ, աշխարհ մը՝ ուր մարդիկ իրարու կը վստահին ու կը սիրեն։