Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 1

Ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք

Ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք

Աստուած մեզի կը խօսի՝ Աստուածաշունչին միջոցով (Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ճշմարիտ Աստուածը տղամարդիկ առաջնորդեց, որ իր խորհուրդները գրի առնեն մէկ սուրբ գիրքի մէջ։ Այդ գիրքը Աստուածաշունչն է։ Ատիկա կը բովանդակէ կարեւոր տեղեկութիւններ, զորս Աստուած կ’ուզէ որ գիտնաս։

Աստուած գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է, եւ ինք ամէն իմաստութեան Աղբիւրն է։ Իրեն մտիկ ընելով, իրապէս իմաստուն պիտի ըլլաս (Առակաց 1։5

Աստուած կ’ուզէ որ երկրագունդին վրայ ամէն մարդ Աստուածաշունչը կարդայ։ Այժմ ատիկա շատ մը լեզուներով մատչելի է։

Եթէ կ’ուզես Աստուծոյ մտիկ ընել, հարկ է որ Աստուածաշունչը կարդաս ու հասկնաս։

Մարդիկ ամէն տեղ մտիկ կ’ընեն (Մատթէոս 28։19

Եհովայի վկաները կրնան քեզի օգնել Աստուածաշունչը հասկնալու։

Համայն աշխարհի մէջ, անոնք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։

Այս ուսուցումին համար ստիպուած չես բան մը վճարել։ Աստուծոյ մասին նաեւ կրնաս սորվիլ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին մէջ։