Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախաբան

Նախաբան

Աստուած սիրառատ հօր մը պէս է (Ա. Պետրոս 5։6, 7

Աստուած մեր Ստեղծիչն է ու մեզի հոգ կը տանի։ Ճիշդ ինչպէս որ իմաստուն ու սիրալիր հայր մը իր զաւակներուն ուղղութիւն կու տայ, նոյնպէս Աստուած ամէն տեղ մարդոց կը սորվեցնէ ապրելու լաւագոյն կերպը։

Աստուած կը յայտնէ թանկագին ճշմարտութիւններ, որոնք մեր սրտերը ուրախութեամբ եւ յոյսով կը լեցնեն։

Եթէ Աստուծոյ մտիկ ընես, ան քեզ պիտի առաջնորդէ, պիտի պաշտպանէ եւ պիտի օգնէ որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլես։

Բայց ուրիշ բան մըն ալ կայ,– յաւիտեա՛ն պիտի ապրիս։

Աստուած մեզի կ’ըսէ. ‘Ինծի եկէ՛ք. մտիկ ըրէ՛ք ու պիտի ապրիք’ (Եսայի 55։3