Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 4

Դրամը ինչպէ՛ս գործածել

Դրամը ինչպէ՛ս գործածել

«Ծրագիրը խորհուրդով կը հաստատուի» (Առակաց 20։18, ԱԾ)

Մեր ընտանիքին կարիքները հոգալու համար, բոլորս դրամի պէտք ունինք (Առակաց 30։8)։ Վերջ ի վերջոյ, ‘արծաթը հովանաւորութիւն է’ (Ժողովող 7։12)։ Որպէս զոյգ թերեւս դժուար ըլլայ դրամի մասին խօսիլ, բայց թոյլ մի՛ տաք որ դրամը ձեր ամուսնութեան մէջ խնդիրներ պատճառէ (Եփեսացիս 4։32)։ Ամուսինն ու կինը պէտք է իրարու վստահին եւ իրարու հետ համագործակցին, երբ կ’որոշեն դրամը ինչպէ՛ս ծախսել

1 ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ԾՐԱԳՐԵՑԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞» (Ղուկաս 14։28)։ Շատ կարեւոր է որ միասնաբար ծրագրէք, թէ ձեր դրամը ինչպէ՛ս պիտի գործածէք (Ամովս 3։3)։ Որոշեցէք թէ ձեր կարիքները ի՛նչ են եւ որքա՛ն ի վիճակի էք ծախսելու (Առակաց 31։16)։ Պարզապէս որոշ բան մը գնելու գումարը ունենալը անպայմանօրէն չի նշանակեր, թէ ատիկա պէտք է գնէք։ Փորձեցէք պարտքերու տակ չմտնել, հապա միայն ձեր ունեցածը ծախսեցէք (Առակաց 21։5. 22։7

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Եթէ ամսուան վերջաւորութեան գումար մը աւելցաւ, միասնաբար որոշեցէք թէ այդ գումարը ի՛նչ պիտի ընէք

  • Իսկ եթէ պակսեցաւ՝ ծրագրեցէք ձեր ծախսերը նուազեցնել։ Օրինակ, փոխանակ դուրսերը ուտելու, կրնաք ձեր ուտելիքը տունը պատրաստել

2 ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԻՐԱՊԱՇՏ ԵՂԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ» (Զաքարիա 8։16)։ Կողակիցիդ անկեղծօրէն յայտնէ, թէ որքա՛ն կը շահիս եւ որքա՛ն կը ծախսես։

Երբ նիւթական գետնի վրայ կարեւոր որոշումներ կ’առնես, միշտ կողակիցիդ հետ խորհրդակցէ (Առակաց 13։10)։ Դրամի մասին իրարու հետ խօսիլը պիտի օգնէ ամուսնութեանդ մէջ խաղաղութիւն պահպանելու։ Եկամուտդ անձնական դրամդ մի՛ սեպեր, այլ՝ ընտանիքին դրամը (Ա. Տիմոթէոս 5։8

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Համաձայնեցէք որոշ գումարի մը շուրջ, որ իւրաքանչիւրդ կրնաք ծախսել, առանց միւսին հետ խորհրդակցելու

  • Մի՛ սպասէք որ խնդիր մը ծագի եւ անկէ ետք դրամի նիւթ ըլլայ