Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 9

Պէ՞տք է որ հաւատամ բարեշրջութեան

Պէ՞տք է որ հաւատամ բարեշրջութեան

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ կեանքը բարեշրջութեամբ գոյացաւ, ուրեմն անիկա իմաստ մը չունի։ Բայց եթէ ամէն բան ստեղծագործութեամբ մէջտեղ եկաւ, ուրեմն կրնանք կեանքի եւ ապագայի վերաբերող հարցումներուն պատասխանները գտնել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Ալեքսը շուարած է։ Օրէն ի վեր ան Աստուծոյ եւ ստեղծագործութեան կը հաւատայ։ Բայց այսօր, կենսաբանութեան ուսուցիչը ինքնավստահօրէն ըսաւ, որ բարեշրջութիւնը իրողութիւն մըն է՝ որ հիմնուած է վստահելի գիտական փնտռտուքներու վրայ։ Ալեքսը չ’ուզեր տգէտ երեւիլ։ Ան կ’ըսէ. ‘Վերջ ի վերջոյ, եթէ գիտնականները փաստած են որ բարեշրջութիւնը իրողութիւն է, ես ո՞վ եմ որ ատոր վրայ կասկածիմ’։

Եթէ Ալեքսին տեղը ըլլայիր, կ’ընդունէի՞ր բարեշրջութեան ուսուցումը, պարզապէս քանի որ դասագրքերը կ’ըսեն թէ անիկա իրողութիւն է։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Այս նիւթին շուրջ վիճող երկու կողմերը ընդհանրապէս արագօրէն կ’ըսեն թէ ինչի՛ կը հաւատան, առանց գիտնալու որ ատոր ինչո՛ւ կը հաւատան։

  • Կարգ մը մարդիկ ստեղծագործութեան կը հաւատան, պարզապէս քանի որ եկեղեցիին մէջ այդպէս սորված են։

  • Կարգ մը մարդիկ բարեշրջութեան կը հաւատան, պարզապէս քանի որ դպրոցը այդպէս սորված են։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբրայեցիս 3։4)։ Այս խօսքը քեզի տրամաբանական կը թուի՞։

Ճիշդ ինչպէս որ ապուշութիւն է ըսել որ այս տունը շինարար մը չունի, նոյնպէս ապուշութիւն է ըսել որ կեանքը Ստեղծիչ մը չունի

Կ’ԸՍՈՒԻ. Տիեզերքին մէջ ամէն բան մեծ պայթումի մը արդիւնքն է։

1. Ո՞վ կամ ի՞նչը պատճառեց Մեծ պայթումը (Պիկ Պանկ)։

2. Ո՞ր մէկը տրամաբանական կը թուի. ամէն բան ոչինչէ՞ն եղաւ, թէ ոչ ամէն բան մէկո՛ւ մը միջոցաւ եղաւ։

Կ’ԸՍՈՒԻ. Մարդիկ անասուններէն բարեշրջուեցան։

3. Եթէ մարդիկ բարեշրջուեցան անասուններէն, օրինակ կապիկներէն, ինչո՞ւ անոնց մտային կարողութիւններուն միջեւ այսքան մե՜ծ տարբերութիւն կայ։

4. Ինչո՞ւ նոյնիսկ ամէնէն մանր ապրող էակները ա՛յսքան բարդ են։

Կ’ԸՍՈՒԻ. Բարեշրջութիւնը փաստուած իրողութիւն է։

5. Ան որ այսպէս կ’ըսէ, անձամբ փաստերը քննա՞ծ է։

6. Քանի՞ հոգի բարեշրջութեան կը հաւատան, պարզապէս քանի որ իրենց ըսուած է որ խելացիները ատոր կը հաւատան։

«Եթէ անտառին մէջ քալած ատեն գեղեցիկ փայտէ տուն մը տեսնես, արդեօք կ’ըսե՞ս. ‘Ի՜նչ գեղեցիկ է։ Կ’երեւի թէ ծառերը այնպէս մը ինկած ու իրարու վրայ շարուած են, որ այս տունը շինուած է’։ Անշուշտ ոչ։ Ըսածդ տրամաբանական պիտի չըլլար։ Ուրեմն ինչո՞ւ պէտք է մտածենք որ տիեզերքին մէջ ամէն բան պատահմամբ գոյացաւ» (Ճուլիա)։

«Երեւակայէ որ մէկը քեզի կ’ըսէ, թէ տպարանի մը մէջ պայթում մը եղաւ եւ բոլոր պատերուն եւ առաստաղներուն վրայ ներկը այնպէս մը ցատկեց, որ ընդարձակ բառարան մը կազմեց. արդեօք կը հաւատայի՞ր» (Կուէն)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱԼ

Աստուածաշունչը քեզ կը քաջալերէ որ ‘ամէն բան փորձես’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21)։ Ասիկա կը նշանակէ որ հաւատքդ պէտք չէ պարզապէս հիմնուած ըլլայ

  • ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ (Կը զգամ որ վերը ոյժ մը կայ)

  • ՇՐՋԱՊԱՏԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ (Կրօնասէր շրջապատի մը մէջ կ’ապրիմ)

  • ՃՆՇՈՒՄԻ ՎՐԱՅ (Այնպէս մը դաստիարակուած եմ, որ Աստուծոյ հաւատամ։ Ուրիշ ընտրութիւն չունէի)

Ընդհակառակը, հաւատքդ պէտք է հիմնուած ըլլայ տրամաբանական պատճառներու վրայ։

«Երբ դասարանը ուսուցիչս կը բացատրէ որ մեր մարմինը ինչպէ՛ս կը գործէ, կասկած մը իսկ չեմ ունենար որ Աստուած չկայ։ Մեր մարմնին ամէն մէկ անդամը մանրամասնօրէն յատուկ կերպով կը գործէ, ընդհանրապէս առանց մեր գիտակցելուն։ Մարդկային մարմինը իրապէ՛ս հրաշք է» (Թերեսա)։

«Երբ տեսնեմ բարձր շէնք մը, մեծ նաւ մը կամ ինքնաշարժ մը, հարց կու տամ. ‘Ասիկա ո՞վ շիներ է’։ Օրինակ, պէտք է խելացի՛ մարդիկ ինքնաշարժը շինած ըլլան, քանի որ շատ մը բաներ պէտք է ճիշդ կերպով գործեն՝ որ անիկա աշխատի։ Եթէ ինքնաշարժը ծրագրուած է մէկու մը կողմէ, նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ պարագան մեր մարմնին» (Ռիչըրտ)։

«Որքա՛ն աւելի խորանամ գիտութեան մէջ, այնքա՛ն աւելի բարեշրջութիւնը խելքիս չի պառկիր։ . . .Կը զգամ որ աւելի՛ դժուար է հաւատալ բարեշրջութեան, քան՝ Ստեղծիչի մը գոյութեան» (Էնթընի)։

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հակառակ անոր որ տարիներէ ի վեր գիտնականները փնտռտուքներ կ’ընեն, անոնք տակաւին չեն կրցած բարեշրջութեան մասին տալ յստակ բացատրութիւն մը, որուն շուրջ բոլո՛րը կը համաձայնին։ Եթէ գիտնականները, որոնք մասնագէտներ են, բարեշրջութեան նկատմամբ համաձայնութեան մը չեն եկած, սխա՞լ է որ դո՛ւն անոր նկատմամբ կասկածներ ունենաս։