Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 1

Ի՞նչ տեսակ անձ մըն եմ

Ի՞նչ տեսակ անձ մըն եմ

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ դուն քեզ ճանչնաս եւ անձնական համոզումներդ ունենաս, կրնա՛ս ճնշումի տակ իմաստուն որոշումներ առնել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Հաւաքոյթին հասնելուն վրայ շատ չանցած՝ յանկարծ Քերըն իր ետեւէն ծանօթ ձայն մը կը լսէ։

«Ի՛նչ կեցեր ես հոն»։

Ան ետեւ կը դառնայ եւ կը տեսնէ որ Ճեսիքան երկու շիշ գարեջուր բռնած է։ Ճեսիքան շիշերէն մէկը Քերընին կու տայ՝ ըսելով. «Պզտիկ չես. կրնա՛ս քիչ մը քէֆիդ նայիլ, չէ՞»։

Քերընը կ’ուզէ մերժել, քանի որ արդէն շիշ մը խմած է, բայց Ճեսիքան իր ընկերուհին է։ Քերընը չ’ուզեր որ իր ընկերուհին կարծէ թէ ինք ձանձրացուցիչ մէկն է։ Ասկէ զատ, Ճեսիքան լաւ աղջիկ է։ Եթէ ան քանի մը շիշ կը խմէ, ուրեմն ըրածը այդքան ալ սխալ բան չէ։ Քերընը ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Եղածը գարեջուր մըն է. թմրեցուցիչ չէ’։

Եթէ Քերընին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Ասանկ պարագաներու մէջ իմաստուն որոշում առնելու համար, պէտք է գիտնաս թէ ի՛նչ տեսակ անձ մըն ես,– այսինքն, ի՛նչ են սկզբունքներդ, հաւատալիքներդ, համոզումներդ. . . ։ Այսպէս, երբ դուն քեզ ճանչնաս, կրնաս դո՛ւն քու կեանքդ ղեկավարել, եւ ոչ թէ՝ ուրիշները (Ա. Կորնթացիս 9։26, 27

Բայց ինչպէ՞ս կրնաս այս մէկը ընել։ Նախ այս հարցումներուն պատասխանէ։

1 Ի՞ՆՉ ԵՆ ԶՕՐԱՒՈՐ ԿՈՂՄԵՐՍ

Երբ գիտնաս թէ ի՛նչ կարողութիւններ եւ դրական յատկութիւններ ունիս, ինքնավստահութիւնդ կ’աւելնայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Թէպէտ խօսքի մէջ անվարժ եմ, բայց ո՛չ գիտութեան կողմէ» (Բ. Կորնթացիս 11։6)։ Քանի որ Պօղոս շատ լաւ գիտէր Սուրբ Գրութիւնները, ան կրցաւ հաստատ մնալ նոյնիսկ փորձութեան տակ։ Ան չձգեց որ մարդոց դիտողութիւնները իր ինքնավստահութիւնը տկարացնեն (Բ. Կորնթացիս 10։10. 11։5

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ։ Գրէ թէ ի՛նչ ձիրք կամ հմտութիւն ունիս։

Իսկ հոս գրէ թէ ի՛նչ լաւ յատկութիւն ունիս (օրինակ, հոգատա՞ր ես, առատաձե՞ռն ես, վստահելի՞ ես, ճշդապա՞հ ես)։

2 Ի՞ՆՉ ԵՆ ՏԿԱՐ ԿՈՂՄԵՐՍ

Երբ շղթայի մը օղակներէն մէկը տկար ըլլայ, ամբողջ շղթային ամրութիւնը կ’ազդուի. նոյնպէս երբ թոյլ տաս որ տկար կողմերդ կեանքդ ղեկավարեն, շուտով անձնաւորութիւնդ կրնայ տկարանալ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ։ Պօղոս շատ լաւ գիտէր իր տկար կողմերը։ Ան գրեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին» (Հռովմայեցիս 7։22, 23

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ։ Ո՞ր տկարութիւնը պէտք է հակակշռի տակ առնես։

3 Ի՞ՆՉ ԵՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐՍ

Կրնա՞յ ըլլայ որ թաքսի մը առնես եւ վարորդին ըսես որ շէնքի մը շուրջ կլոր–կլոր դառնայ, մինչեւ որ պենզինը վերջանայ։ Անշուշտ շատ ապուշ բան մը ըրած կ’ըլլաս եւ անիկա քեզի սուղի կը նստի։

Դասը ի՞նչ է։ Երբ նպատակակէտեր ունենաս, կեանքիդ մէջ պարապ–սարապ՝ կլոր–կլոր չես դառնար։ Կեանքդ իմա՛ստ մը կ’ունենայ։ Ուղղութիւնդ կը գիտնաս եւ կը ծրագրես հոն ինչպէ՛ս հասնիլ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ։ Պօղոս գրեց. «Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ» (Ա. Կորնթացիս 9։26, ՆԹ)։ Փոխանակ հարցերը դիպուածի ձգելու, Պօղոս նպատակակէտեր դրաւ եւ ջանք թափեց որ ատոնց հասնի (Փիլիպպեցիս 3։12-14

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ։ Գրէ երեք նպատակակէտեր, որոնց կ’ուզես հասնիլ յաջորդ տարուան մէջ։

4 Ի՞ՆՉ ԵՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՍ

Երբ դուն քեզ լաւ ճանչնաս, կը նմանիս խոր արմատներ ունեցող ծառի մը, որ կրնայ փոթորիկներու դիմաց տոկալ

Եթէ դուն քու համոզումներդ չունենաս, միշտ երկու մտքի վրայ կ’ըլլաս։ Գետնառիւծի պէս գոյնդ կը փոխես, որ տարեկիցներուդ հետ շաղուիս. ինչ որ ցոյց կու տայ որ անձնաւորութիւն չունիս։

Բայց երբ բան մը համոզումով ընես, անձնաւորութիւնդ պահած կ’ըլլաս,– ուրիշները ինչ որ ալ ընեն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ։ Երբ Դանիէլ մարգարէն հաւանաբար դեռ պատանի էր, «որոշեց» Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդիլ, հակառակ անոր որ իր ընտանիքէն բաժնուած էր (Դանիէլ 1։8)։ Այսպէս, ան իր համոզումներուն համաձայն ապրեցաւ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ։ Ի՞նչ են համոզումներդ։ Օրինակ, Աստուծոյ կը հաւատա՞ս։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ։ Ի՞նչը քեզ կը համոզէ որ ան գոյութիւն ունի։

Համոզուա՞ծ ես որ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները քու օգտիդ համար են։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ։

Վերջ ի վերջոյ, ի՞նչ բանի կ’ուզես նմանիլ. ծառէն ինկած տերեւի՞ մը, որ թեթեւ հով մը փչելուն պէս տեղէն կը շարժի, կամ ծառի մը, որ փոթորիկներու կը տոկայ։ Անձնաւորութիւնդ զօրացուր եւ այդ ծառին պիտի նմանիս։ Այսպէս, պիտի կարենաս պատասխանել Ի՞նչ տեսակ անձ մըն եմ հարցումին։