Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 7

Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ

Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սեքս–ի վերաբերեալ առած որոշումներդ կրնան ապագայիդ ազդել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Հետըրը եւ Մայքը միայն երկու ամիսէ ի վեր կը ժամադրուին, բայց Հետըրը արդէն կը զգայ որ Մայքին շատո՜նց գիտէ։ Անոնք միշտ իրարու նամակներ կ’ուղարկեն, հեռաձայնի վրայ ժամերով իրարու հետ կը խօսին եւ նոյնիսկ մէկը միւսին միտքը կը կարդայ։

Անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին, Հետըրը եւ Մայքը իրար ձեռք կը բռնէին եւ համբոյր կու տային։ Իսկ հիմա Մայքը աւելի՛ն կ’ուզէ, մինչդեռ Հետըրը՝ ոչ. . . ։ Բայց ան նաեւ չ’ուզեր Մայքը կորսնցնել։ Քանի որ միայն ա՛ն իրեն զգացնել կու տայ որ ինք «աշխարհի թագուհին» է։ Հետըրը ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Ասկէ զատ, ես եւ Մայքը իրար կը սիրենք. . . ’։

Եթէ տարիքդ ներէր որ ժամադրուէիր եւ Հետըրին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Սեռային յարաբերութիւնը Աստուծմէ նուէր մըն է՝ միա՛յն ամուսնացած զոյգերու համար։ Եթէ ամուսնանալէ առաջ սեքս ընես, ցոյց կու տաս որ այդ նուէրին յարգը չես գիտեր։ Կարծես թէ առած ես գեղեցիկ հագուստ մը,– որ մէկը քեզի նուէր տուած է,– եւ անով տունիդ փոշին կ’առնես։

Եթէ ֆիզիքական օրէնք մը խախտես,– ինչպէս՝ ձգողականութեան օրէնքը,– հետեւանքները պիտի կրես։ Նո՛յնն է պարագան եթէ բարոյական օրէնք մը խախտես,– ինչպէս՝ այն օրէնքը որ կ’ըսէ. ‘Ետ կեցէք պոռնկութենէ’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3

Այդ պատուէրին չհնազանդելուն հետեւանքները ի՞նչ են։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կորնթացիս 6։18)։ Ինչպէ՞ս։

Հետազօտիչներ նկատած են որ շատ մը ամուրի երիտասարդներ, որոնք սեռային յարաբերութիւն ունեցած են, այս հետեւանքներէն առնուազն մէկը կրած են։

  • ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՑԱՒԵՐ։ Ամուրի երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը որ սեքս ըրած է, կ’ըսէ թէ ետքը զղջացած է։

  • ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ։ Սեքս ընելէ ետք, թէ՛ աղջիկը եւ թէ տղան կը սկսին հարց տալ. ‘Արդեօք ուրիշ որո՛ւն հետ ան պառկած է’։

  • ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ։ Աղջիկներէն շատեր կ’ուզեն պաշտպանուած զգալ եւ ոչ թէ՝ օգտագործուած։ Իսկ տղաներէն շատեր կը զգան որ աղջկայ մը հետ սեքս ընելէ ետք, ան այլեւս կը դադրի գրաւիչ ըլլալէ։

  • Ի՞նչ կ’եզրակացնենք։ Եթէ ամուսնանալէ առաջ սեքս ընես, դուն քեզ կը պղծես՝ կորսնցնելով արժէքաւոր բան մը,– կուսութիւնդ (Հռովմայեցիս 1։24)։ Մարմինիդ յարգը գիտցիր։

Ցոյց տուր որ զօրաւոր անձնաւորութիւն ունիս՝ ‘պոռնկութենէ ետ կենալով’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3)։ Եւ երբ օր մը ամուսնանաս, կրնաս սեռային յարաբերութիւն ունենալ՝ առանց մտահոգութիւններու, զղջումներու եւ անապահով զգալու, որոնք ամուսնանալէ առաջ սեքս ընելու հետեւանքներն են (Առակաց 7։22, 23. Ա. Կորնթացիս 7։3

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՐԾԵՍ

  • Եթէ մէկը քեզ սրտանց կը սիրէ, մարմինդ կը պղծէ՞ եւ զգացումներդ կը վիրաւորէ՞։

  • Եթէ մէկը քեզմով իսկապէս հետաքրքրուած է, Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ կը վտանգէ՞ (Եբրայեցիս 13։4