Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 4

Ինչպէ՞ս կրնամ իմ սխալներս սրբագրել

Ինչպէ՞ս կրնամ իմ սխալներս սրբագրել

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ սխալներդ ընդունիս, աւելի խելահաս եւ վստահելի անձ մը կ’ըլլաս։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Թիմը ընկերներուն հետ խաղցած ատեն, գնդակը կը նետէ եւ դրացիին ինքնաշարժին ապակին կը կոտրէ։

Եթէ Թիմին տեղը ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

ԵՐԵՔ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՍ.

  1. 1. Փախչիլ

  2. 2. Յանցանքը ուրիշին վրայ նետել

  3. 3. Դրացիին պատմել թէ ինչ եղաւ եւ առաջարկել ապակիին գինը վճարել

Թերեւս առաջինը նախընտրես։ Բայց կարեւոր պատճառներ կան սխալներդ ընդունելու, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնք։

ՍԽԱԼՆԵՐԴ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԵՐԵՔ ՊԱՏՃԱՌ

  1. 1. Սխալդ ընդունիլը առնուելիք ճիշդ քայլն է։

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ

  2. 2. Մարդիկ ընդհանրապէս կը ներեն անոնց, որոնք իրենց սխալները կ’ընդունին։

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առակաց 28։13

  3. 3. Ամէնէն կարեւորը, սխալդ ընդունելով՝ Աստուած կը պատուես։

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32

Գարինա անունով աղջիկ մը իր հօրմէն գաղտնի կը պահէ որ իր արագ քշելուն համար տոմս մը ստացած է։ Բայց այս հարցը երկար ժամանակ գաղտնի չի մնար։ Գարինան կ’ըսէ. «Գրեթէ մէկ տարի ետք, պապաս այդ տոմսը տեսաւ եւ տունին մէջ մեծ խնդիր պայթեցաւ»։

Դասը ի՞նչ է։ Գարինան կ’ըսէ. «Սխալներդ գաղտնի պահելը հարցը կը բարդացնէ։ Նոյնիսկ յետագային ատոնց գինը կը վճարես»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՍԽԱԼՆԵՐԷԴ ՍՈՐՎԻԼ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակոբոս 3։2)։ Մեր սխալները ընդունիլը,– եւ այս մէկը շուտով ընելը,– ցոյց կու տայ որ խոնարհ եւ հասուն ենք։

Յաջորդ քայլն է՝ սխալներէդ սորվիլ։ Վերա անունով աղջիկ մը կ’ըսէ. «Ամէն մէկ սխալ կը նկատեմ փորձառութիւն մը, որմէ կրնամ դաս մը սորվիլ. ինչ որ ինծի պիտի օգնէ որ աւելի լաւ մէկը դառնամ եւ գալ անգամին այդ հարցը տարբեր կերպով ձեռք առնեմ»։ Տեսնենք ինչպէ՛ս կրնաս ասիկա ընել։

Եղբօրդ հեծիկը կ’առնես եւ պզտիկ արկած մը կ’ունենաս։ Ի՞նչ կ’ընես։

  • Բան մը չես ըսեր, այն յոյսով որ եղբայրդ պիտի չնկատէ։

  • Եղբօրդ կը պատմես ճիշդ ինչ եղաւ։

  • Եղբօրդ կը պատմես ինչ եղաւ, բայց յանցանքը ուրիշին վրայ կը նետես։

Դպրոցը գրաւոր կու տաս եւ կը ձախողիս, քանի որ դասդ չէիր սորված։ Ի՞նչ կ’ընես։

  • Կ’ըսես որ գրաւո՛րը դժուար էր։

  • Ձախող նիշերուդ պատասխանատուութիւնը կը շալկես։

  • Կ’ըսես որ ուսուցիչը քեզի դէմ բան մը ունի։

Անցեալի սխալներուդ մասին անդադար մտածելը կը նմանի ինքնաշարժ քշած ատեն հայելիէն ետեւ նայելուն

Նորէն մտածէ այս երկու պարագաներուն մասին եւ փորձէ երեւակայել, որ դուն 1) եղբայրդ ես եւ 2) ուսուցիչն ես։ Եղբայրդ եւ ուսուցիչդ քու մասիդ ի՞նչ կարծիք պիտի առնեն, եթէ սխալներդ շուտով ընդունիս։ Իսկ ի՞նչ կարծիք պիտի առնեն, եթէ սխալներդ գաղտնի պահես։

Լաւ, հիմա մտածէ սխալի մը մասին որ անցեալ տարի ըրիր եւ այս հարցումներուն պատասխանէ։

Ի՞նչ էր սխալը։ Ինչպէ՞ս սխալը ձեռք առիր։

  • Գաղտնի պահեցի։

  • Յանցանքը ուրիշին վրայ նետեցի։

  • Սխալս շուտով ընդունեցի։

Իսկ եթէ սխալդ չընդունեցիր, ետքը ինչպէ՞ս զգացիր։

  • Ուրախացա՛յ, քանի որ խնդիրներէ ազատեցայ։

  • Յանցաւոր զգացի. պէտք էր իրականութիւնը ըսէի։

Ինչպէ՞ս կրնայիր հարցը աւելի լաւ կերպով լուծել։

Սխալէդ ի՞նչ սորվեցար։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

Կարգ մը մարդիկ ինչո՞ւ ետ կը կենան իրենց սխալները ընդունելէ։

Մարդիկ ի՞նչ կարծիք պիտի առնեն քու մասիդ, եթէ միշտ փորձես սխալներդ գաղտնի պահել։ Իսկ ի՞նչ կարծիք պիտի առնեն, եթէ սխալներդ ընդունիս (Ղուկաս 16։10