Հայր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր տղուն մօտիկ ըլլալ
Հայր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր տղուն մօտիկ ըլլալ
«ՊԱՊԱ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ամէն բան գիտես»։ Պատահա՞ծ է որ տղադ քեզի անակնկալի բերած է այս հարցումով։ Թերեւս որպէս հայր հպարտ զգացիր, երբ լսեցիր ասիկա։ Բայց եթէ քու տղադ մէկ քայլ անդին երթալով, քու իմաստուն խրատներդ գործադրեց եւ անոնց օգուտը քաղեց, անկասկած ասիկա քեզ շատ ուրախացուց * (Առակաց 23։15, 24)։
Բայց հիմա որ տղադ կը մեծնայ, ան տակաւին առաջուան պէս վրադ կը հիանա՞յ, թէ ոչ սկսած է քեզի հանդէպ իր յարգանքը պակսիլ։ Ինչպէ՞ս կրնաս տղուդ ընկերը մնալ, մինչ ան երիտասարդ կը դառնայ։ Նախ տեսնենք որ այս կէտին մէջ հայր մը ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։
Երեք սովորական դժուարութիւններ
1. ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԿԱՅ. Շատ մը երկիրներու մէջ, հայրերն են որ տունին ապրուստին մեծ մասը կը ճարեն։ Բայց ասիկա կը նշանակէ որ անոնք երկար ժամեր պէտք է աշխատին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, հայրերը շատ քիչ ժամանակ կ’անցընեն իրենց զաւակներուն հետ։ Օրինակի համար, վերջերս Ֆրանսայի մէջ մէջտեղ ելաւ որ հայրերը օրական միջին հաշուով 12 վայրկեանէն պակաս ժամանակ կ’անցընեն իրենց զաւակներուն հոգ տանելով։
ՄՏԱԾԷ՛. Որքա՞ն ժամանակ կ’անցընես տղուդ հետ։ Եկող շաբաթներուն, թերեւս կրնաս գրել թէ օրակա՛ն որքան ժամանակ կ’անցընես տղուդ հետ խօսելով կամ հետը բան մը ընելով։ Թերեւս զարմանաս, երբ գիտնաս որ տղուդ հետ բաւարար ժամանակ չես անցըներ։
2. ՀԱՅՐԴ ՔԵԶԻ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ՉԷՐ. Ոմանք կ’ըսեն որ իրենց հայրը իրենց հետ շատ ժամանակ չէր անցըներ երբ կը մեծնային։ Ֆրանսայի մէջ ապրող Ժան-Մարի անունով հայր մը կ’ըսէ. «Հօրս հետ շատ չէի խօսակցեր։ Ասիկա երեւակայածէս աւելի խնդիրներ պատճառեց։ Օրինակի համար, դժուարութիւն կ’ունենամ տղոցս հետ կարեւոր խօսակցութիւններ ունենալու։ Անդին, կան տղամարդիկ, որոնք իրենց հայրը լաւ կը ճանչնան, բայց իրենց հօրը մօտիկ չեն։ Ֆիլիփ, որ 43 տարեկան է, կ’ըսէ. «Հայրս դժուարութիւն ունէր ինծի հանդէպ իր սէրը յայտնելու։ Ասոր համար, շատ ջանք պէտք է թափեմ որպէսզի տղուս հանդէպ սէր ցոյց տամ»։
ՄՏԱԾԷ՛. Կը զգա՞ս որ հօրդ հետ քու յարաբերութիւնդ կ’ազդէ տղուդ հետ քու վարուած կերպիդ։ Նկատա՞ծ ես որ հօրդ լաւ կամ գէշ սովորութիւնները կ’ընդօրինակես, եւ ի՞նչ կերպերով։
3. ՇՐՋԱՆԱԿԻԴ ՄԷՋ ՍԽԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ. Կարգ մը շրջանակներու մէջ, մարդիկ կը կարծեն որ կարեւոր չէ որ հայրը դեր ունենայ զաւակները մեծցնելու մէջ։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ մեծցած Լուքա անունով հայր մը կ’ըսէ. «Ուր որ ես մեծցած եմ, մարդիկ կը կարծեն թէ զաւակ մեծցնելը կիներուն գործն է»։ Ուրիշ մշակոյթներու մէջ, մարդիկ կը կարծեն թէ հօրը պարտականութիւնն է զաւակները պատժել։ Օրինակի համար, ափրիկեան երկրի մը մէջ մեծցած Ժորժ անունով հայր մը կ’ըսէ. «Իմ շրջանակիս մէջ, հայր մը իր զաւակներուն հետ բնա՛ւ չի խաղար, վախնալով որ իր զաւակները զինք պիտի չյարգեն։ Անոր համար, ինծի համար շատ դժուար եղած է զաւակներուս հետ լաւ ժամանակ անցընելը»։
ՄՏԱԾԷ՛. Քու ապրած շրջանիդ մէջ, ի՞նչ է հօր պատասխանատուութիւնը։ Արդեօք լսած ես որ զաւակ մեծցնելը կիներո՞ւն գործն է։ Սովորաբար, հայր մը իր տղուն կ’ըսէ՞ որ կը սիրէ զինք, թէ ոչ շատեր կ’ըսեն որ հայր մը պէտք չէ ասիկա ընէ։
Եթէ հայր մըն ես, որ այս դժուարութիւններէն մէկը կամ աւելին կը դիմագրաւես, ի՞նչ կրնաս ընել։ Նկատի առ հետեւեալ թելադրութիւնները։
Կանուխ տարիքէն սկսէ՛
Այնպէս կ’երեւի թէ զաւակները ի ծնէ փափաքը ունին իրենց ծնողները ընդօրինակելու։ Ուրեմն փորձէ տղուդ հետ ժամանակ անցընել, որպէսզի կրնայ քեզ լաւ ճանչնալ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակ գտնել ասիկա ընելու համար։
Երբ որ կարելի ըլլայ, ձգէ որ տղադ քեզի օգնէ առօրեայ գործերուն մէջ։ Օրինակի համար՝ տունի գործերուն մէջ։ Իրեն ձեռքը աւել մը կամ ալ լաթ մը տուր։ Ան վստահաբար պիտի ուրախանայ աշխատելով իր հերոսին հետ, որ դո՛ւն ես, եւ պիտի ուզէ քեզ ընդօրինակել։ Թերեւս աւելի ժամանակ առնէ որ գործը վերջացնէ, բայց ձեր յարաբերութիւնը աւելի պիտի զօրանայ եւ իրեն պիտի սորվեցնես ի՛նչպէս լաւ աշխատող մը ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը շատոնց քաջալերած էր հայրերը, որ իրենց զաւակներուն ալ ձգեն որ իրենց հետ աշխատին, եւ այս առիթները օգտագործեն իրարու հետ խօսելու համար եւ անոնց սորվեցնելու համար (Բ. Օրինաց 6։6-9)։ Այս խրատը մինչեւ օրս գործնական է։
Տղուդ հետ աշխատելէ զատ, ժամանակ տուր իրեն հետ խաղալու։ Խաղալը ոչ միայն կը ձգէ որ միասին հաճելի ժամանակ անցընէք, հապա մասնագէտներ կ’ըսեն, որ երբ հայրերը իրենց զաւակներուն հետ խաղան, զանոնք քաջալերած կ’ըլլան որ աւելի համարձակ ըլլան եւ նոր բաներ փորձեն։
Ուրիշ պատճառ մը եւս կայ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ հայր մը իր տղուն հետ խաղայ։ Միշել Ֆիզ անունով մասնագէտ մը կ’ըսէ. «Աւելի դիւրին է որ տղայ մը իր հօրը ըսէ ի՛նչ կը մտածէ, երբ իրենք միասին կը խաղան»։ Խաղալու ատեն, հայր մը կրնայ իր տղուն հանդէպ իր սէրը ցոյց տալ թէ՛ խօսքերով եւ թէ գործերով։ Այսպէս ընելով, հայր մը իր տղուն կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս ինքն ալ կրնայ սէր ցոյց տալ։ Անտրէ անունով հայր մը, որ կ’ապրի Գերմանիոյ մէջ, կ’ըսէ. «Երբ տղաս պզտիկ էր, իրարու հետ շատ կը խաղայինք։ Ես իրեն փաթթուկ կ’ընէի, ասանկով ան սորվեցաւ ինչպէս իր սէրը արտայայտել»
Անկողին մտնելու ժամանակը ուրիշ առիթ մըն է, երբ հայր մը կրնայ իր տղուն հետ իր սէրը զօրացնել։ Կանոնաւորաբար անոր պատմութիւն մը կարդա՛, եւ մտիկ ըրէ անոր մինչ ան իր առօրեայ ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները կը պատմէ քեզի։ Եթէ այսպէս ընես, իրեն պիտի օգնես որ շարունակէ քեզի հետ հաղորդակցութեան մէջ մնալ, մինչ կը մեծնայ։
Շարունակէ՛ տղուդ հետ իր սիրած բաները ընել
Կարգ մը պատանիներ անտարբերութեամբ կը վարուին, երբ իրենց հայրը ջանայ իրենց հետ հաղորդակցիլ։ Երբ որ տղուդ հարցումներ հարցնես եւ չպատասխանէ, մի՛ եզրակացներ որ ան բնաւ չ’ուզեր քեզի հետ խօսիլ։ Ան թերեւս ուզէ քեզի հետ խօսիլ, եթէ դուն խօսելու կերպդ փոխես։
Ֆրանսայի մէջ բնակող Ժագ անունով հայր մը, երբեմն դժուարութիւն կ’ունենար խօսելու իր տղուն՝ Ժերոմին հետ։ Բայց փոխանակ իր տղուն ստիպելու որ խօսի, ան տարբեր մօտեցում մը գործածած է. անոր հետ ֆութպոլ կը խաղար։ Ժագը կ’ըսէ. «Խաղէն ետքը, խոտին վրայ կը նստէինք եւ քիչ մը հանգիստ կ’ընէինք։ Այդ ատեն, տղաս իր սիրտը կը բանար ինծի։ Քանի որ առանձին կ’ըլլայինք, յատուկ բարեկամութիւն մը զարգացաւ մեր միջեւ»։
Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել եթէ տղադ մարզանքը չի սիրեր։ Անտրէն ուրախութեամբ կը յիշէ այն ժամերը, որ կ’անցընէր իր տղուն հետ աստղերը դիտելով։ Ան կ’ըսէ. «Զով գիշերը դուրսը կը նստէինք, վրանիս բան մը կ’առնէիք որպէսզի տաքնանք, ձեռքերնիս ալ գաւաթ մը թէյ եւ գիշերուան երկինքը կը դիտէինք։ Կը խօսէինք աստղերը Ստեղծողին մասին։ Կը խօսէինք անձնական նիւթերու մասին։ Կը խօսէինք գրեթէ ամէն բանի մասին» (Եսայի 40։25, 26)։
Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ տղուդ սիրած բաները դուն չես սիրեր։ Այս պարագային պէտք է քու նախասիրած բաներէդ վազ անցնիս (Փիլիպպեցիս 2։4)։ Իըն, որ կ’ապրի հարաւային Ափրիկէի մէջ, կ’ըսէ. «Ես իմ տղայէս՝ Վօնէն՝ աւելի հետաքրքրուած էի մարզանքով։ Ան կը սիրէր օդանաւերը եւ համակարգիչները։ Անոր համար ես ալ սկսայ ատոնցմով հետաքրքրուիլ։ Իրեն կը տանէի օդանաւեր դիտելու եւ համակարգիչին վրայ կը խաղայինք օդանաւերով խաղեր։ Կը զգամ թէ քանի՛ որ միասին շատ հաճելի բաներ կ’ընէինք, Վօնը կրնար ինծի հետ աւելի հանգիստ կերպով խօսիլ»։
Տղուդ ինքնավստահութիւնը զօրացո՛ւր
«Նայէ՛, պապա, նայէ՛»։ Արդեօք պզտիկ տղադ քեզի ասանկ բան մը ըսա՞ծ է, երբ որ նոր բան մը սորված է։ Իսկ եթէ հիմա պատանի մըն է, տակաւին կը փորձէ՞ աչքիդ մտնել։ Թերեւս ո՛չ։ Բայց վստահաբար, ան տակաւին պէտք ունի գիտնալու որ դուն իրմով ուրախ ես, մինչ ան կը մեծնայ։
Նկատի առ թէ Եհովա Աստուած ի՛նչ ըսաւ իր որդիներէն մէկուն՝ Յիսուսին։ Երբ ան իր գործը պիտի սկսէր երկրի վրայ, Աստուած բացէ ի բաց իրեն հանդէպ իր սէրը արտայայտեց, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատթէոս 3։17. 5։48)։ Ճիշդ է որ պարտականութիւն ունիս որ տղադ կրթես եւ անոր սորվեցնես, բայց արդեօք առիթը կը փնտռե՞ս, որպէսզի անոր ըսած եւ ըրած լաւ բաներուն համար զինք գովես (Եփեսացիս 6։4)։
Կարգ մը հայրերու համար դժուար է իրենց տղան գովել եւ անոր հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Կրնայ ըլլալ որ անոնց ծնողքը զիրենք միայն քննադատած է եւ չէ գոված։ Եթէ այս է քու պարագադ, պէտք է շատ ջանք թափես որ տղադ գովես։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Նախապէս մէջբերուած Լուքան, կանոնաւորաբար ժամանակ կը տրամադրէ որ իր 15 տարեկան տղուն՝ Մանուէլին՝ հետ միասին, տան գործերը ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն Մանուէլին կ’ըսեմ, որ որոշ գործ մը առանձին սկսի եւ եթէ ինծի պէտք ունենայ, իրեն կ’օգնեմ։ Մեծաւ մասամբ, ան առանձին կը վերջացնէ գործերը։ Երբ յաջողի ասոր մէջ, ասիկա իրեն կու տայ գոհունակութիւն եւ ինքնավստահութիւն։ Եւ երբ յաջողի, զինք կը գովեմ։ Երբ ան չկրնայ բան մը իր ուզածին չափ լաւ ընել, իրեն կ’ըսեմ որ իր ջանքերը կը գնահատեմ»։
Նաեւ կրնաս տղուդ ինքնավստահութիւնը աւելցնել, անոր օգնելով որ կեանքի մէջ իր կարեւոր նպատակներուն հասնի։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ տղադ քու ակնկալածէդ աւելի ժամանակ առնէ իր նպատակներուն հասնելու համար, կամ ալ եթէ իր նպատակները, թէեւ գէշ չեն, բայց քու նախընտրածներէդ տարբեր են։ Այդ պարագային, թերեւս իրեն նկատմամբ քու ակնկալութիւններդ պէտք է փոխես։ Նախապէս մէջբերուած Ժագը կ’ըսէ. «Կ’օգնեմ տղուս որ դնէ նպատակակէտեր, որոնց կրնայ հասնիլ, բայց նաեւ կ’ուզեմ վստահ ըլլալ որ ատոնք ի՛ր նպատակակէտերն են, ո՛չ թէ՝ իմիններս»։ Յետոյ ես ինծի կը յիշեցնեմ, որ ան պէտք է իր կարողութիւններուն համաձայն ջանայ հասնիլ իր նպատակակէտերուն»։ Եթէ քու տղուդ կարծիքներուն ականջ տաս, իր զօրաւոր կողմերը գովես, եւ զինք քաջալերես որ նոյնիսկ երբ ձախողի՝ շարունակէ փորձել, իրեն օգնած պիտի ըլլաս որ իր նպատակներուն հասնի։
Երբեմն քու եւ տղուդ միջեւ դժուարութիւններ պիտի ըլլան, բայց վերջաւորութեան, տղադ պիտի ուզէ որ քեզի մօտիկ մնայ։ Եւ խօսքին բացը, ո՞վ չ’ուզեր մօտիկ մնալ մէկու մը, որ իրեն կ’օգնէ որ կեանքի մէջ յաջողի։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջի կէտերը նաեւ կը կիրարկուին հօր մը եւ իր աղջկան միջեւ եղած փոխյարաբերութեան։