2017–ի Ընդհանուր տուեալներ
Եհովայի վկաներու մասնաճիւղեր. 90
Տեղեկագրող երկիրներ. 240
Ժողովքներ. 120,053
Յիշատակատօնի ներկաներ. 20,175,477
Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներ. 18,564
Հրատարակիչներու * բարձրագոյն թիւ. 8,457,107
Ամէն ամիս քարոզող հրատարակիչներու միջին թիւ. 8,248,982
2016–ի վրայ յաւելում (%). 1,4
Մկրտուողներ *. 284,212
Կանոնաւոր եւ մասնաւոր ռահվիրաներու * ամսական միջին թիւ. 1,249,946
Օժանդակ ռահվիրաներու ամսական միջին թիւ. 439,571
Քարոզչութեան տրամադրուած ժամեր. 2,046,000,202
Ամէն ամիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու * միջին թիւ. 10,071,524
2017 ծառայութեան տարուան * ընթացքին, Եհովայի վկաները աւելի քան 202 միլիոն ամ. տոլար ծախսեցին՝ մասնաւոր ռահվիրաներու, միսիոնարներու եւ շրջանային տեսուչներու համար, որպէսզի անոնք իրենց նշանակումները կատարեն։ Աշխարհի տարածքին, մասնաճիւղերուն մէջ 19,730 հոգի կը ծառայեն։ Անոնք բոլորն ալ «Եհովայի վկաներու՝ յատուկ լիաժամ ծառաներու համաշխարհային միաբանութեան» անդամներ են։
^ պարբ. 7 Հրատարակիչը այն անհատն է, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէ (Մատթէոս 24։14)։ Գիտնալու համար թէ այս թիւը ինչպէ՛ս կ’որոշուի, տե՛ս www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ՝ «Ամբողջ աշխարհի մէջ քանի՞ Եհովայի վկայ կայ» յօդուածը։
^ պարբ. 10 Եթէ կ’ուզես գիտնալ որ անհատ մը ի՛նչ քայլեր առնելէ ետք որակեալ կ’ըլլայ մկրտուելու որպէս Եհովայի վկայ, տե՛ս www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովայի վկայ մը դառնալ» յօդուածը։
^ պարբ. 11 Ռահվիրան օրինակելի մկրտուած Վկայ մըն է, որ կը յօժարի ամէն ամիս սահմանուած որոշ ժամեր տրամադրել բարի լուրի քարոզչութեան։
^ պարբ. 14 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տե՛ս www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ՝ «Ի՞նչ է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը» յօդուածը։
^ պարբ. 15 2017 ծառայութեան տարին տեւեց 1 սեպտեմբեր 2016–էն մինչեւ 31 օգոստոս 2017։