Երգ 48
Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք
1. Ամուր բռնենք Եահի ձեռքը,
իրեն հետ քալենք խոնարհութեամբ։
Սրտանց Աստուած փնտռողները
պիտ’ տեսնեն գործերը բարութեան։
Թոյլ տուաւ որ մօտենանք մենք
եւ իր ձեռքն ամուր բռնենք։
Ուստի իր կողմը դիրք բռնենք,
մեր կեանքը իրեն նուիրենք։
2. Կը մօտենայ կործանումը
այս չար դրութեան՝ մեր օրերուն։
Բայց մինչ այդ մեզ կը հալածեն՝
վախցնելով որ Հայրը թողունք։
Եհովան մեզ կը պաշտպանէ.
պա՛հ մը իսկ չհեռանանք։
Եթէ Հայրը սիրենք, պաշտենք,
յաւերժ իր ծառան պիտ’ ըլլանք։
3. Եահն իր Խօսքով մեզի կ’օգնէ,
եւ կու տայ իր սուրբ, հզօր հոգին։
Ժողովները մեզ կը կերտեն.
ոյժ կու տայ աղօթքը սրտագին։
Եթէ Հայր Եհովայի հետ
միշտ համեստութեամբ քալենք,
պիտի օգնէ որ մենք արդար
եւ բարի գործեր կատարենք։
(Տե՛ս նաեւ Ծն. 5։24. 6։9. Գ. Թագ. 2։3, 4)