Երգ 50
Աստուածային սիրոյ օրինակը
1. Եհովան սիրոյ չքնաղ օրինակ մը
տուած է,
տուած է։
Ատոր հետեւինք որ չիյնանք ծուղակը,
երբ կը քալենք,
երբ կը քալենք։
Երթանք այդ ճամբով. Տէրոջ հրաւէրն է,
բարի գործերու եւ սիրոյ կը մղէ։
Այդ խաղաղ ճամբան մեզ կը միաւորէ։
Սէր է ճամբան,
Աստուծոյ ճամբան։
2. Թող եղբայրները սիրենք աւելի մեծ,
ջերմ սիրով,
ջերմ սիրով։
Իրարու օգնենք, զիրար քաջալերենք
մեր գործերով,
մեր գործերով։
Սէրը կը մղէ յանցանքը ներելու
եւ ճշմարտապէս գթասիրտ ըլլալու,
Հօր յատկութիւններն արտացոլացնելու։
Զիրար սիրենք,
մեր սէրը փաստենք։
3. Կը սիրենք Աստուած, ուստի կը ծառայենք
ամէն օր,
ամէն օր։
Եւ ուրախութեամբ կը հնազանդինք մենք,
զինք գովելով,
զինք գովելով։
Բոլորին յայտնենք Եահի սուրբ անունը.
թող գան ու տեսնեն պարզ ճշմարտութիւնը։
Սիրենք ու սիրենք մեր ծառայութիւնը։
Սէր է ճամբան,
խաղաղ, իսկական։
(Տե՛ս նաեւ Հռով. 12։10. Եփ. 4։3. Բ. Պետ. 1։7)