Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 6

Աստուծոյ ծառային աղօթքը

Աստուծոյ ծառային աղօթքը

(Եփեսացիս 6։18)

1. Երկնաւոր Հա՛յր, հզօր Գերիշխան,

թող անունդ գովերգուի յաւիտեան։

Տէ՛ր, անփոփոխ ես, վստահելի,

դուն ողորմած ես, ջերմ ու բարի։

Ողորմած ես, ջերմ, բարի,

անփոփոխ, վստահելի։

2. Օգնէ՛ Աստուած, որ կամքդ ընենք,

ճշմարտութեան հանդէպ սէր մշակենք։

Սկզբունքներդ կ’ուզենք պահել,

ոչխարներդ գտնել, կերակրել։

Անգին գառներդ գտնել,

սկզբունքներդ պահել։

3. Տէ՛ր Եհովա, իմաստութիւն տուր

եւ մեր սիրտը մեծ սիրովդ լեցուր։

Օգնէ մեզի՝ ըլլանք ողորմած,

որ հռչակենք անունդ մարդոց։

Օգնելով բոլոր մարդոց՝

պիտի ըլլանք ողորմած։