Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 43

Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

(Ա. Կորնթացիս 16։13)

1. Միշտ արթո՛ւն, հաստա՛տ կեցէք դուք.

պայքարին մէջ դիմացէ՛ք։

Համարձա՛կ ու քա՛ջ եղէք դուք,

որովհետեւ պիտ’ յաղթէք։

Միշտ անսանք Քրիստոսի պատուէրին

ու հաստատ դիրք բռնենք իր կողքին։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ արթո՛ւն, հաստա՛տ ու քաջ եղէ՛ք.

վերջը մօտ է, զօրացէ՛ք։

2. Միշտ արթո՛ւն, զգա՛ստ կեցէք դուք.

սրտանց հնազանդեցէք։

Քրիստոսի ուղղութիւնը դուք

ծառայէն ընդունեցէք։

Երէցին խրատը լսեցէք.

որպէս հովիւ՝ ձեզ կը պաշտպանէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ արթո՛ւն, հաստա՛տ ու քաջ եղէ՛ք.

վերջը մօտ է, զօրացէ՛ք։

3. Միշտ արթո՛ւն, մէկտեղ եղէք դուք.

պատգամը քարոզեցէք։

Ու բնաւ մի՛ յանձնուիք դուք,

եթէ հալածանք կրէք։

Աստուծոյ գովերգին միացէք.

մեր փրկութեան օրը շատ մօտ է։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ արթո՛ւն, հաստա՛տ ու քաջ եղէ՛ք.

վերջը մօտ է, զօրացէ՛ք։