Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 96

Արժանաւորները փնտռենք

Արժանաւորները փնտռենք

(Մատթէոս 10։11-15)

1. Մեր Տէրը տուաւ ուղղութիւն, թէ ինչպէ՛ս

պատգամը պէտք է քարոզենք.

‘Քարոզչութեան մէջ դուք հոգեւորապէս

անօթի եղողներն փնտռեցէք։

Երբ տուն կը մտնէք, ձեր բարեւը տուէք.

արժանաւորը պիտի լսէ։

Բայց եթէ մտիկ չընեն ու վռնտեն,

ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք’։

2. Ձեզ ընդունողները Տէրն ալ կ’ընդունին.

անոնց սիրտն Աստուած կը բանայ։

Թանկագին յոյսը յաւիտեան ապրելու,

պիտ’ մղէ զանոնք ծառայութեան։

Բնաւ հոգ չընես թէ ի՛նչ պիտի խօսիս.

Եհովան պիտի օգնէ քեզի։

Խօսքերդ աղով համեմուած երբ ըլլան,

հեզ մարդոց սրտերուն պիտ’ հասնին։