Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 80

Բարութեան յատկութիւնը

Բարութեան յատկութիւնը

(Սաղմոս 119։66. Գաղատացիս 5։23)

1. Եահը մեզի կը սորվեցնէ

որ միշտ բարութեամբ վարուինք։

Ան բարի է եւ կ’ուզէ որ

մենք իրեն միշտ հետեւինք։

Հակառակ որ արժանի չենք,

բայց ան մեզի կ’ողորմի։

Ան իրապէս արժանի է

պաշտամունքի եւ պատուի։

2. Մեզ ստեղծեց իր պատկերով,

որ կարենանք մշակել

իր բոլոր յատկութիւնները

եւ զինք ընդօրինակել։

Աղօթքով Տէր Եհովայէն

միշտ իր սուրբ հոգին խնդրենք։

Մշակենք հոգւոյն պտուղը,

Տէր Եհովան հաճեցնենք։

3. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը

ջերմեռանդ սիրով սիրենք,

բայց ուրիշներուն ալ օգնենք՝

ամէնուն բարիք ընենք։

Բարի լուրը քարոզելով՝

մեր յոյսին մասին պատմենք։

Անխտիր ամէնուն հանդէպ

բարութիւն դրսեւորենք։