Երգ 35
Գնահատենք Աստուծոյ համբերութիւնը
1. Տէ՛ր Եհովա, հզօ՛ր Գերիշխան,
դուն ես Աղբիւրն արդարութեան։
Չարն աշխարհին վրայ կ’իշխէ,
այս մէկը քեզ կը վշտացնէ։
Մօտ ատենէն ամէն չարութեան
վերջ պիտ’ դնես, պիտի իմանան։
Համբերատար ես ու արդար.
քեզի կը սպասենք յոյսով անմար։
2. Տէ՛ր, քու քովդ մեր հազար տարին
մէկ օրուան պէս շուտով կ’անցնի։
Ահեղ օրդ կը մօտենայ
ու բնաւ պիտի չուշանայ։
Երբ մեղաւոր մը սրտանց զղջայ,
կ’ուրախանաս, ո՛վ Տէր, կը ցնծաս։
Երախտագիտութեամբ լեցուած՝
քեզ կը գովենք, Եհո՛վա Աստուած։
(Տե՛ս նաեւ Ղուկ. 15։7. Բ. Պետ. 3։8, 9)