Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 119

Եկէք եւ թարմացէք

Եկէք եւ թարմացէք

(Եբրայեցիս 10։24, 25)

1. Կ’ապրինք այս չար, կամակոր աշխարհին մէջ,

որ հեռացած է Աստուծմէ։

Որպէսզի կարենանք ճիշդ ճամբով քալել,

Աստուծոյ վստահիլ պէտք է։

Ժողովները մեր յոյսը վառ կը պահեն՝

ամէն ատեն թարմացնելով։

Հաւատք կը կերտեն ու մեզ կ’ամրապնդեն՝

բարի գործերու մղելով։

Ի՛նչ որ պատուիրած է Եհովան, լսենք

եւ իր կամքը միշտ կատարենք։

Ժողովները մեր քայլերը միշտ կ’ուղղեն

եւ մեր սէրը կը նորոգեն։

2. Եհովա Աստուած մեզի հոգ կը տանի.

խրատներն իր մտիկ ընենք։

Վստահինք իր Խօսքին, ըլլանք իմաստուն,

ժամանակը ծախու առնենք։

Լսենք, կիրարկենք օգտակար ցուցմունքներ,

մեր հաւատքը ցուցաբերենք։

Բնաւ մինակ չենք այս փուճ աշխարհին մէջ.

հաւատակիցները կ’օգնեն։

Մինչ բարենպաստ օրերու կը սպասենք,

մէկտեղ հաւաքուինք անձկութեամբ։

Հիմա միասնաբար կը սորվինք ապրիլ

Եահի վերին իմաստութեամբ։