Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 85

Եհովայի կողմէ առատ վարձատրութիւն

Եհովայի կողմէ առատ վարձատրութիւն

(Մատթէոս 19։29)

1. Եհովան գիտէ լիովին, թէ որո՛նք

ամբողջ անձով կը ծառայեն։

Գիտէ որ իրենց եռանդին պատճառով՝

երբեմն զրկանք կը կրեն։

Եթէ թողուցիր տուներ, հարազատներ,

Աստուած այդ բոլորը գիտէ։

Ան այժմ տուած է անգին եղբայրներ,

անվերջ կեանք մը խոստացած է։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Թող Եհովան քեզ միշտ մխիթարէ,

առատապէս թող ան քեզ վարձատրէ։

Ապաստանիր իր թեւերուն տակ։

Եհովան, մեր Հայրը, հաւատարիմ է։

2. Ոմանք որոշած են մնալ ամուրի,

ամբողջ զօրութեամբ ծառայել

եւ Թագաւորութիւնը սրտանց փնտռել,

Եհովա Աստուածը պաշտել։

Երբեմն անոնք մինակութիւն կը զգան. . .

ջանանք ըլլալ փափկանկատ։

Որպէս եղբայրներ ու քոյրեր աջակցինք,

գովենք եւ ըլլանք սիրառատ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Թող Եհովան քեզ միշտ մխիթարէ,

առատապէս թող ան քեզ վարձատրէ։

Ապաստանիր իր թեւերուն տակ։

Եհովան, մեր Հայրը, հաւատարիմ է։