Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 46

Եհովան մեր Թագաւորն է

Եհովան մեր Թագաւորն է

(Սաղմոս 97։1)

1. Աստուծոյ արդարութեան մասին

երկինքը կը պատմէ. գովերգենք Եահին։

Փառաբանենք Աստուած մեր ուրախ երգերով,

հիանանք անոր մեծ գործերով։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։

2. Եահի մեծ փառքը դուն հռչակէ

եւ պատմէ ամէնուն, որ ան կը փրկէ։

Մեր Աստուածն ու Արքան փառքի արժանի է.

խոնարհինք անոր գահին առջեւ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։

3. Աստուած արդար իշխանութիւնն իր

հաստատած է եւ թագադրած է Որդին։

Ամօթով թող մնան աստուածներն աշխարհի.

մենք կը պաշտենք, փառք կու տանք Եահին։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։

Թող երկինքը ցնծայ, երկիրը հրճուի.

Տէր Եհովան մեր Թագաւորն է։