Երգ 23
Եհովան մեր զօրութիւնն է
1. Մեր զօրութիւնն ես, Եհո՛վա, Փրկի՛չ,
դուն մեր բերկրանքն ես, բարի՛ Արարիչ։
Որպէս Վկաներդ կը ծառայենք,
մարդիկ լսեն կամ ոչ՝ կը քարոզենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եհո՛վա, մեր Վէմն ու զօրութիւնն ես,
սուրբ անունդ միշտ կը հռչակենք։
Փառաւոր Եհովա, ամենազօր,
դուն մեր Պաշտպանն ես, Ամրոցը հզօր։
2. Մութ աշխարհին մէջ լոյսդ կը շողայ.
ճշմարտութիւնդ լաւ կը հասկնանք։
Ամէն օր Սուրբ Խօսքդ մենք կը սերտենք,
Թագաւորութիւնդ է որ կ’ընտրենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եհո՛վա, մեր Վէմն ու զօրութիւնն ես,
սուրբ անունդ միշտ կը հռչակենք։
Փառաւոր Եհովա, ամենազօր,
դուն մեր Պաշտպանն ես, Ամրոցը հզօր։
3. Կամքդ սրտանց կը կատարենք, Աստուա՛ծ։
Ոսոխը մեզ կը ծաղրէ զայրացած.
թէեւ փորձէ սպաննել, մեզի օգնէ՛,
որ կառչինք Գերիշխանութեանդ մենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եհո՛վա, մեր Վէմն ու զօրութիւնն ես,
սուրբ անունդ միշտ կը հռչակենք։
Փառաւոր Եհովա, ամենազօր,
դուն մեր Պաշտպանն ես, Ամրոցը հզօր։
(Տե՛ս նաեւ Բ. Թագ. 22։3. Սաղ. 18։2. Եսա. 43։12)