Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 106

Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

(Սաղմոս 15)

1. Ո՞վ կրնայ վայելել

բարեկամութիւնդ։

Ո՞վ կրնայ վրանիդ մէջ ապրիլ

եւ լաւ ճանչնալ Անձդ։

Ան որ քու Սուրբ Խօսքդ

հաւատքով կ’ընդունի։

Ան որ արդար է, հաւատարիմ,

ջերմ ու վստահելի։

2. Ո՞վ կրնայ մօտենալ

քու փառաւոր գահիդ։

Ո՞վ կրնայ սիրտդ ուրախացնել՝

գործերով հաճելի։

Ան որ քու անունդ

կը մեծարէ, Ա՛ստուած։

Ան որ անկեղծ է, ճշմարտախօս,

հնազանդ է սրտանց։

3. Ջերմեռանդ աղօթքով

քեզի կը մօտենանք։

Մեր հոգերը վրադ կը ձգենք,

սէրդ անմար կը զգանք։

Բարեկամութիւնդ

կը տենչանք պահպանել։

Դուն ես մեր լաւագոյն, մեծագոյն

Բարեկամը, ո՜վ Տէր։