Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 88

Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

(Սաղմոս 127։3-5)

1. Սիրելի երեխաները

անգին պարգեւներ են, ո՛վ ծնողներ.

Եհովան ձեզի վստահած է,

որ ձեր զաւակը դուք կրթէք։

Ձեր այս գանձը Եհովայէն է՝

կեանքի, սիրոյ ճշմարիտ Աղբիւրէն։

Ան ձեզ կ’ուղղէ եւ կ’առաջնորդէ,

որ միշտ գործէք իմաստունօրէն։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ձեր ձեռքին մէջ Տէրոջ պարգեւն է.

Աստուած ձեզի վստահած է։

Եհովայի պատուիրանները

ձեր զաւակին սորվեցուցէք։

2. Թող որ միշտ սրտիդ մէջ ըլլան

Աստուծոյ պատուիրած խօսքերը սուրբ։

Կրկին անգամ զանոնք սորվեցուր

քեզի վստահուած գանձերուդ։

Երբ կը քալես ու երբ կը պառկիս,

երբ կ’արթննաս, ատոնց մասին խօսիր։

Յետագային՝ թող անոնք յիշեն,

ըլլան հաւատարիմ, օրհնուին։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ձեր ձեռքին մէջ Տէրոջ պարգեւն է.

Աստուած ձեզի վստահած է։

Եհովայի պատուիրանները

ձեր զաւակին սորվեցուցէք։