Երգ 36
«Զայն որ Աստուած միաւորեց»
1. Բերկրանքով կը հիւսուի
երեքպատիկ դերձան։
Կը հնչեն երդումները
Տէրոջ ներկայութեան։
Ան խօսք տուաւ Եահին, որ
իր կինը միշտ սիրէ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
‘Զայն որ Աստուած միացուց՝
թող մարդը չզատէ’։
2. Աստուծմէ սորված են
իր կամքը կատարել։
Կը խնդրեն որ ան օրհնէ,
խոստումն իրենց՝ պահեն։
Ան խօսք տուաւ Եահին, որ
իր այրը միշտ սիրէ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
‘Զայն որ Աստուած միացուց՝
թող մարդը չզատէ’։
(Տե՛ս նաեւ Ծն. 2։24. Ժող. 4։12. Եփ. 5։22-33)