Երգ 121
Զիրար քաջալերենք
1. Երբոր զիրար կը քաջալերենք
բարի գործեր կատարելու,
սիրոյ մեր կապերը կ’ամրանան՝
յաւերժ Եահին ծառայելու։
Անգին, ջերմ եղբայրական սէրը
մեզի տոկալու ոյժ կու տայ։
Ժողովքը ապաստանարան է.
վայր մը, ուր ապահով կը զգանք։
2. Յարմարութեամբ ըսուած խօսքերը
որքա՜ն քաջալերական են. . .
Հաւատարիմ բարեկամներուն
խօսքերը կը մխիթարեն։
Ի՜նչ գեղեցիկ է որ միասին
կը ջանանք համագործակցիլ։
Մէկս միւսին նեղութիւնները
կրենք, որպէսզի սփոփուինք։
3. Հաւատքի աչքերով կը տեսնենք
Եահի օրուան մօտ ըլլալը։
Հետեւաբար մէկտեղ հաւաքուինք,
որ Տէրն ուղղէ մեր քայլերը։
Եհովայի ժողովուրդին հետ
կ’ուզենք առյաւէտ ծառայել։
Ուստի զիրար կը քաջալերենք,
որ ուղղամտութիւն պահենք։
(Տե՛ս նաեւ Ղուկ. 22։32. Գործք 14։20, 21. Գաղ. 6։2. Ա. Թես. 5։14)